Նուարդ Տարագճեան- Մատոյեան
« Դարը Դարից Ոյժ Կ՜առնի
Եւ Դարերի Փոշին Վրան՝
Պայծառ Գործը Կը Յառնի»
Գեղամ Սարեան
Իմ Հայ ժողովուրդ, կեանքդ ամբողջ ելքերով ու անկումներով,
անդադար խոյանք մը եղաւ դէպի վսեմ իտէալներ:
Տաժանակիր աշխատանք մը եղաւ դէպի ճշմարիտը:
Մի՜ յանձնուիր օտարին նիւթած որոգայթներուն
ու սադրանքներուն:
Վեր բարձրացի՜ր անցեալի բնազդներէն
ու նախապաշարումներէն:
Մեր կեանքին նպատակը պիտի ըլլայ արարել,
որ չդառնանք անպաշտպան, օտարին ծառայ
փխրուն էակներ:
Մի՜ թողուր, որ զաւակներդ դառնան գերեվարները
ապականող ու կաշկանդող զգացումներուն:
Կերտուածք մը, որ վայել չէ Հայոց ազգին:
Վայել չէ Հայկեան ցեղին,
ու Թորգոմայ տոհմին:
Հայուն պատմական դերն է, որ զինք կը դնէ աշխարհի
քաղաքակրթութեան պատմութեան մատեաններուն մէջ:
Այդ դերն է, որ այսօր պէտք է ըլլայ պարծանքը
ողջ հայութեան, հասնելու
փայլուն յաղթութիւններու:
Կերտելու մեր նորագոյն պատմութիւնը՝
որպէս յաղթանակած ազգ, գօտեպնդուած
յաղթողի արժանապատուութեամբ
ու ինքնավստահութեամբ:
Իմ հայ ժողովուրդ, ազգային ոգիդ այսօր
հրամայօրէն քեզ պիտի առաջնորդէ դէպի
հաստատուն, ուժեղ Պետութիւն:
Դէպի Հայոց դարաւոր պատմութեան
ու նոր հազարամեակի արժանի՝
Հզօր Հայաստան:
Այսօր, տաժանակիր աշխատանքէն՝ դարերու փոշիէն,
պայծառ գործը պիտ՜ յառնի:
Հայրենասէր ու հայրենանուէր գործն է,
որ մեզ պիտի պահէ դարէդար,
ապրելու յաւերժ, ապրելու հպարտ ու խրոխտ,
Միասնական Հայրենիքի Մայր հողին վրայ…:
Փառք ու Պարծանք Հայոց Հայրենիքին:
20 Յունիս, 2021