Հայրենիք բառի կողքին չի կարելի դնել լաւ կամ վատ մակդիրներ: Կարելի է գտնել ուրիշ մակդիրներ` սիրելի, թանկ, սրբազան, հզօր, գեղատեսիլ… Մեր լեզուն հարուստ է ածականներով, մեր լեզուն երաժշտութիւն է, ուստի ամէն մէկ մակդիր ուրոյն երաժշտականութիւն կը բերէ իր հետ, ու հայրենիքը կը դառնայ երգ ու սիմֆոնիա, հայրենիքը կը դառնայ շարական ու գանձ, հայրենիքը կը դառնայ մրմունջ ու աղօթք, խրոխտ մարտակոչ ու քայլերգ կը դառնայ հայրենիքը… Մարտիրոս Սարեան հայրենիքի մասին ըսած է. «Առանց հայրենիքի, առանց հարազատ հողի հետ սերտ կապի` մարդ չի կարող գտնել իրեն, իր հոգին…»: Այստեղ որեւէ մակդիր չկայ, ածականներու շարան չկայ, այլ միայն ու միայն փիլիսոփայութիւն, որն այս պարագային պատգամ ու կոչ կը դառնայ: Ուրեմն, բառերը չէ, որ կը զարդարեն հայրենիքը, այլ զգացողութիւնը, որովհետեւ հայրենիքը ճանապարհ կը բանայ դէպի սեփական ես-ն ու սեփական հոգին…
Հայրենիքի գաղափարը սերտօրէն կապակցուած է մեր առասպելներուն ու մեր պատմութեան: Զարմանալի բան է, աշխարհի շատ ժողովուրդներու հնագոյն առասպելներուն մէջ հայրենիք չկայ, չկայ հողի կարօտ ու սէր, իսկ ահա մեր առասպելաբանութեան երախայրիքը` Հայկի եւ Բէլի առասպելը, հայրենիքի մասին է, հայրենիք ստեղծելու հայրենիք պահելու մասին: Մեր դիւցազնավէպն ամբողջապէս հայրենիք է ու հայրենիքի սէր, այդ պատճառով ալ մանկութենէն մեզի կը տանին դէպի մեր դիւցազնավէպը, անոնցմէ քաղուած անուններով կը կոչեն մեր պարմանիները, որպէսզի Մհերն ու Դաւիթը հայրենիք ըլլան ու հայրենիքի կերպար: Հայրենիքը մեզի համար հայրն է, տղամարդը` առնական ու հզօր, իր ընտանիքի գլխուն կանգնած: Ու աշխարհի ժողովուրդներէն ոչ մէկը հայր բառը չէ դարձուցած հայրենիքի ակունքն ու հենքը… Զարմանալի ենք այս հարցով, եզակի: Քիչ մը` ինքնագոհ ու քիչ մը հպարտ: Մեր սէրն է պատճառը, որ այսպիսին ենք: Մեր արժէքները մեզի այսպիսին դարձուցած են:
Հայ մարդը երբեք չի գնահատեր ծնողին լաւ կամ վատ բառերով: Ծնողն անքննելի է: Անքննելի է, ուրեմն, նաեւ հայրենիքը, որ կար մեզմէ առաջ ու պիտի մնայ մեզմէ վերջ: Պարզապէս մենք կոչուած ենք հարստացնելու ու հզօրացնելու հայրենիքը, մենք կոչուած ենք պաշտպանելու հայրենիքը: Երբեմն կը տխրինք, կը զայրանանք ու կը յուզուինք` տեսնելով ընկերային բարդութիւնները, տեսնելով անարդարութիւնները, որոնք մեր աչքին մեծ ու անպարփակ կ’երեւին: Ու կը խռովինք հայրենիքէն, ճամպրուկներն առած` կը հեռանանք երկրէն` չհասկնալով ու չգիտակցելով, որ հայրենիքէն չեն նեղուիր, որ հայրենիքն այնպիսին է, ինչպիսին մենք դարձուցած ենք: Օտար երկիրներու ապահովութիւնը ոչ հայրենի հող է, ոչ հայրենիքի կերպար: Ընդամէնը հաց է, մինչդեռ հայրենիքը ոգի է եւ էութիւն, հայրենիքը սկիզբ է եւ շարունակութիւն: Առանց սկիզբի ու շարունակութեան ինչպէ՞ս պիտի ապրինք, առանց հայրենիքի կերպարի ինչպէ՞ս պիտի ապրինք…ի վերջոյ, առանց հոգիի ինչպէ՞ս պիտի ապրինք…
Լ.Մ.