ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 230
Ո՞ւր կը գտնուի հայոց պետականութիւնը այսօր: Հենրիկ Սենկեւիչը արդարօրէն «Յո՞ երթաս» ( Quo Vadis) պիտի հարցնէր բոլորիս: Համայն հայութեան համար ոչինչ խնայելիք սրբազան պարտականութիւն մը: Բոլորի’ն ուսերուն վրայ ծանրացող պատասխանատուութիւն մը՝ իշխանութիւններ, եկեղեցի, քաղաքական հոսանքներ, մտաւորականներ:
Ինքնիշխան, անկախ պետականութիւն յայտարարելէ երեսուն տարի ետք հայ քաղաքական միտքը խուճապային վիճակի մատնուած է: Հողի պաշտպանութիւնը լքած՝ աթոռակռիւ մը ծայր առած է ամենուրէք: Ի՞նչ քաղաքական գիծ վարեցին իրարայաջորդ մեր նախագահները, կառավարութիւնները, քաղաքական հոսանքները: Իրարայաջորդ իշխանութիւններու քաղաքական ուղեգիծը պիտի փրկէ՞ Հայաստանը, թէ՞ կործանէ…: Շատ շատեր կը վախնան իրենց տեսակէտը արտայայտելէ: Տակաւին կը վարանինք..: Ճշմարտութիւնը տեսնել եւ լռել մեղսակցութեան համազօր յանցանք է…:
Շատեր պարզապէս տգէտ էին պատմութեան իմացութեան մէջ: Եւ ոչ միայն պատմութեան…: Ապացուցեցինք, իմացանք, բայց լռեցինք..: Դժբախտաբար այդ տգիտութեան վրայ հիմնուեցաւ այն քաղաքականութիւնը, որուն «պտուղներ»-ը կը քաղենք այսօր: Հասարակութեան մէջ անտեսուեցաւ գիտնականներու եւ մտաւորականութեան վարկանիշը, ոմանք նոյնիսկ անյարգալից վերաբերմունքի արժանացան եւ հեռացան ազատ, անկախ հայրենիքէն:
Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ի՞նչ քայլերու դիմեցինք երկրին անվտանգութեան լծակները զօրացնելու ուղղութեամբ: Անտեսեցինք եւ արհամարեցինք գիտական ներուժին առաջնահերթութիւնը: Արհեստագիտութիւնը զարգացնելու փոխարէն ուղեղներու արտահոսքը քաջալերեցինք մեր արատներով: 44- օրեայ պատերազմը սկսելէ շատ առաջ արդէն իսկ արհեստագիտութեան դաշտի մէջ պարտուած էինք թշնամիէն..: Անտեսուեցան մեր տաղանդաւոր եւ ստեղծարար միտք ունեցող երիտասարդները: Անդամալուծեցինք երկրին իրաւական համակարգը: Փտած, նեխած մենատէրերու, գողապետերու, քրէական յանցագործներու քմայքին յանձնեցինք երկիրը:
Նարսիսականութիւնը մոլորեցուց բոլորս. «անհպելի», «անպարտելի» ժողովուրդ յայտարարեցինք մեք զմեզ: Թշնամին կը զինուէր մինչ այդ: Չստեղծեցինք սեփական հզօր բանակ: Թշնամին՝ ստեղծեց: Չմտածեցինք ունենալ մեծ սպառազինութիւն…: «Բնական դաշնակիցներու», «միջազգային հանրային կարծիքին» վստահեցանք հայրենի հողին ճակատագիրը…:
Անցնող երեսուն տարիներուն իշխանութեան հասած ոչ մէկ ուժ ի մի բերաւ Հայաստանի քաղաքական հոսանքները՝ ըսելու. «Մէկ կողմ դրէք միջկուսակցական. իշխանատենչութեան կռիւները եւ համախմբուեցէք պետականութեան գաղափարին շուրջ»: Դոյզն փորձ մ’իսկ չկատարուեցաւ…:
Չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը խորհին, թէ 20 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները լուծում պիտի բերեն ստեղծուած տագնապին:
Կարգ մը սրտցաւ բացթողումներ մատնանշելով՝ լուծումներ պիտի առաջարկեմ ընթերցողին:
Հայրենիքին փրկութիւնը այսօրուան դրութեամբ պիտի սկսի ազգային փրկութեան կառավարութեան մը կազմութեամբ, որուն մէջ անհրաժեշտ է ընդգրկել ազգին լաւագոյն ուժերը: Սակայն ո՞վ պիտի որոշէ «ազգին լաւագոյն ուժերը»:
Վերջ դնենք կուսակցական վէճերուն եւ համախմբուինք: Ամէն մարդ ներկայիս համաձայն է որ համախմբուինք…սակայն իր անձին շուրջ միայն, իր շահերուն շուրջ միայն:
Հայ ազգը, Հայաստան պետութիւնը արդեօք ունի՞ ազգային գաղափարախօսութիւն, երբ իւրաքանչիւր քաղաքական հոսանք իւրովի կը մեկնաբանէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցումներու, Թուրքիոյ հետ փոխյարաբերութիւններու, Արցախի հակամարտութեան եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական արեւելումը, պետականութեան ապագան: Վերացնել կամ չունենալ ազգային գաղափարախօսութիւնը կը նշանակէ փշրել ազգին ողնաշարը: Ազգը ամբոխի վերածել: Դժբախտաբար, Ղարաբաղեան շարժումին սկիզբը՝ 1988-ին, ունէինք ազգ: Հիմա՝ ամբոխ…
Համեստ կարծիքովս, պետութեան մը կայացումը, ամրապնդումը, անոր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ուղենիշը հզօր իշխանութեան եւ բանակի զուգահեռ քարոզչութեամբ կը մշակուի միաժամանակ: Դժբախտաբար չափազանց համեստ մնաց Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւններուն երկրին սահմաններէն դուրս, արտաքին քաղաքականութեան քարոզչութիւնը: Տակաւին այսօր, թուրք-ազերիական շինծու վաւերագրեր կը տարծուին ՄԱԿ-ի եւ այլ շրջանակներու մէջ եւ ժխտում չեն ստանար հայկական պաշտօնական շրջանակներէն:
Լուրջ պարտականութիւն ունինք, Մարդու իրաւունքներու միջազգային զանազան ատեաններուն առջեւ՝ հանրային կարծիք ստեղծելու իմաստով:
Միւս կողմէ սեփական ուժերու վրայ անհրաժեշտ է դնել յոյսը՝ քայլ, որ չենք դիմած: Հետեւեցէք Իսրայէլին: Ոչ մէկ յաւակնութիւն ունիմ արդարացնելու իրաւազուրկ պաղեստինցի ժողովուրդին հանդէպ անոր վայրագութիւնները: Սակայն հետեւեցէք Իսրայէլի օրինակին: Ճիշդ է, Միացեալ Նահանգները կեցած է անոր ետին: Մենք ալ փնտռենք մեզի թիկունք կեցող ռազմավարական դաշնակիցներ: Բնականաբար մեր թիկունքը կեցած պիտի ըլլան հակաթրքական ժողովուրդները, պետութիւնները: Անոնց մէջ անպայման Ռուսիան, քաջ գիտնալով, որ Ռուսիան եւս ունի տարածաշրջանային սեփական շահերը: Անհրաժեշտ է զարգացնել եւ ամրապնդել Ռուսիա – Հայաստան երկքաղաքական շահերու ընդհանրութիւնները: Իսկ Ռուսիան մեկուսացնել եւ բարեկամանալ այլ պետութիւններու կամ վստահիլ այլ կառոյցներու, ոչինչ խոստացող սնանկացած տեսակէտ է պարզապէս:
Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի իշխանութիւններու փորձերը ձախողութեան մատնուեցան: Թուրքիան իբրեւ նախապայման կը պահանջէ ոչ միայն պաշտօնապէս հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութենէն, այլեւ Հայաստանի ղեկավարութեան միջամտութիւնը, անոր ներգործութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային չափանիշով դատապարտելու ուղղութեամբ եւ հատուցումներու պահանջներով հանդէս եկող Սփիւռքի հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն վրայ: Թուրքիա նաեւ կը պահանջէ ճանչնալ իր ժամանակակից սահմանները եւ հրաժարիլ Արցախէն: Թուրքիա Ազրպէյճանի ռազմական դաշնակիցն է:
Փորձեցի՞նք արդեօք ուղղակի Թուրքիոյ դիմելու փոխարէն՝ այնպիսի պայմաններու մէջ դնելու Թուրքիան, որ ինք ձգտէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ: Անհրաժեշտ է սերտ յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ զանազան հարցեր ունեցող երկիրներուն հետ՝ Յունաստան, Սուրիա, Իրաք, Իրան, Կիպրոս եւ անշուշտ շահագործել քրտական գործօնը: Եւրոպական միութեան եւ միջազգային ընտանիքին մնայուն յիշեցնել, որ հարիւրաւոր որոշումներ ոտնակոխած է Թուրքիան: Դժբախտաբար՝ գիտեն: Ուրեմն՝ մնայուն ճնշում բանեցնել:Անհրաժեշտ է նաեւ ձեռք երկարել Երրորդ աշխարհի պետութիւններուն: Երրորդ աշխարհի պետութիւններէն շատեր անցած են ազգային ազատագրական պայքարի գործընթացը: Անոնք շատ դիւրաւ պիտի հասկնան մեր տագնապները:
Պարզ օրինակ մը. քրտական գործօնը ներքնապէս կը հիւծէ խորքային Թուրքիան: Անուազն 15 միլիոն բնակչութիւն հաշուող քիւրտերու մեծամասնութիւնը կը բնակի Արեւմտահայաստանի տարածութեան մէջ: Հայաստանի Երրորդ հանրապետութիւնը մշակուած քաղաքականութիւն չունի այդ բնակչութեան հանդէպ: Աւելին՝ Հայաստանի իշխանութիւնները հարցը նուիրաբերեցին Թուրքիոյ՝ յայտարարելով, թէ քիւրտեր չկան Հայաստանի մէջ: Փաստօրէն Հայաստան ինքզինք հեռացուց քրտական շարժումէն…: Մինչդեռ Թուրքիան Հայաստանէն կրնար խնդրել, որ վերջինս մեղմացնէր իր հակաթրքական քարոզչութիւնը եւ ինչ որ տեղ նաեւ միջնորդի դեր խաղար քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ…
Որոշակիութիւն անհրաժեշտ է մտցնել մեր ռազմական եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Տարբեր դաշինքներ անհրաժեշտ է կնքել հակաթրքական քաղաքականութիւն վարող ժողովուրդներու հետ:
Ի՞նչ կարելի է ընել այսօր: ժողովուրդը ամէն գնով անհրաժեշտ է միաւորել ազգային պետականութեան գաղափարին շուրջ եւ ոչ թէ Սփիւռքը օտարել, ժողովուրդը բաժնել ղարաբաղցիի, աղէտի գօտիի, սահմանամերձ շրջանի, Երեւանի բնակչութեան…:
Իմ գլխաւոր նպատակս է կարգ մը առաջարկութիւններով օգնել, մեր նորանկախ հանրապետութեան մշակելու հիմնաւորուած, իրատես ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն:
Արդեօք արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ծանր կորուստները բաւարար չէ՞ին սթափեցնելու բոլորս, որպէսզի վերջնականապէս համոզուէինք եւ խոնարհէինք պետականաշինութեան, հայրենաշինութեան հրամայականին առջեւ:
Լաւ չենք իւրացուցած անցեալի սխալներուն դասերը: