ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.- Գրեթէ աւարտած է «Հայրենիք»ի եւ անգլերէն «Արմինիըն Ուիքլի»ի թիւերուն թուայնացման (Digitization) աշխատանքը: Կը մնան քանի մը թիւեր վերջնականապէս մեր տրամադրութեան տակ ունենալու համար այս հրատարակութիւններուն ամբողջութիւնը:
1899էն ի վեր «Հայրենիք»ը եւ 1934էն ի վեր «Արմինիըն Ուիքլի»ն իրենց բովանդակութեամբ հետեւողական ձեւով ներդրում կ՛ունենան ազգային, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներին մէջ:
Քանի մը տարիէ ի վեր, հետեւողական ձեւով մեկնարկը տրուած էր այս աշխատանքին: Առաջին անձը, որ մօտէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Նիւ Ճըրզիէն Պերճ Փանոսեանն էր, որ 2017էն ի վեր հետեւողական ձեւով եւ անաչառօրէն կը կատարէր ժամանակ խլող ու բծախնդրութիւն պահանջող այս գործը: Ապա կարելի եղաւ քսան հազար տոլարի յատկացում մը ստանալ լուսահոգի Վիգէն Տէր Մանուէլեանէն, որ խոստացած էր այդ օրերու «Արմինիըն Ուիքլի»ի եւ այժմ Համազգայինի «h-pem»ի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանին:
Յակոբ Իշխանեան (HI Systems), իր կարգին խոր հաւատք ունենալով այս թուայնացման գաղափարին նկատմամբ՝ ունեցաւ եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ իր ներդրումը:
Աւելին, 2018ին, «Հայրենիք» հրատարակչատան կողմէ եւ խմբագրութեամբ ու թարգմանութեամբ Ռուբէն Ճանպազեանի եւ «Արմինիըն Ռիվիու»ի նախկին խմբագիր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի՝ անգլերէնով հրատարակուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ի հասոյթն ալ տրամադրուեցաւ այս ծրագիրին:
Յառաջիկայ ամիսներուն կարելի պիտի ըլլայ աւարտել այս աշխատանքը: Նաեւ հրատարակչատան կողմէ պիտի կատարուի հրատարակուած կարգ մը գործերու թուայնացումը:
Նկատի առնուած են յատկապէս այն գործերը, որոնք սպառած են կամ գրեթէ անգտանելի են:
Այս ծրագիրին կարելի է անհատապէս բաժանորդագրուիլ՝ ունենալով Gmail-ի հաշիւ: Տարեկան սակը 35 տոլար է: Հանրային գրադարանները տարեկան 500 տոլար վճարելով՝ կրնան իրենց տրամադրութեան տակ ունենալ այս արխիւները, որոնք կրնան օգտագործուիլ բոլոր անդամներուն կողմէ: