Այսօր համայն Լիբանանը իր բոլոր համայնքներով, քաղաքական հոսանքներով կը տօնէ հայրենիքի վահան՝ լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան տարեդարձը:
Բանակի նուիրագործումը ընձիւղուած է հայրենիքի գոյութեան հետ եւ՝ հակառակը: Գուրգուրալ բանակին, կը նշանակէ պաշտպանել հայրենիքը: Բանակն է հայրենիքի գերիշխանութեան, անոր բոլոր զաւակներուն անվտանգութեան հանապազօրեայ պաշտպանը:
Նախամարդէն սկսեալ, մարդիկ, յետագային՝ ժողովուրդներ ապաւինած են այն ուժերուն վրայ, որոնք երաշխիք դարձած են իրենց գոյութեան եւ բարօրութեան: Պետութիւններու ձեւաւորման ընթացքին, հաւաքականութիւններու անվտանգութիւնը, երկրի սահմանները պաշտպանող ուժերուն տրուած է բանակ եզրը:
Բանակը կը մնայ պետութեան մը, ժողովուրդի մը պաշտպանութեան յենակէտը: Օտար ներխուժողներու եւ միջամտութիւններու դէմ՝ փրկութեան լաստը:
Ազգեր, մեծ թէ փոքր, կ’ապրին շնորհիւ՝ հայրենատուր եւ նուիրական շունչով, հայրենիքի հողին հետ շաղախուած բանակի բիւրաւոր նահատակներու արեամբ:
Երկիր մը, վարչական ինչպիսի դրուածք ալ ունենայ՝ դեմոկրատական, միապետական, բռնատիրական, մենատիրական, միեւնոյնն է, հայրենանուէր բանակին միջոցաւ պիտի պահպանէ իր վարչակարգը եւ սահմաններուն անվտանգութիւնը: Բանակը կը մնայ պետութիւններու յարատեւութեան գրաւականը: Բանակին արժանապատուութիւնը միաժամանակ ժողովուրդին արժանապատուութիւնն է:
Բանակի տօնին առիթով հանդիսութիւնները պիտի աւարտին երեկոյեան ժամերուն: Խոստումներն ու մաղթանքները թուղթի վրայ կրնան մնալ, եթէ ոմանք հակընթաց քայլերով, գիտակցաբար կամ՝ ոչ, շարունակեն բանակը մխրճել ներքին հակամարտութիւններու խորխորատը: Բանակը չի պատկանիր որոշակի հաւաքականութեան, ոչ ալ՝ համայնքի մը կամակատարն է ան: Բանակը պաշտպանն ու վահանակիրն է հարենիքին: Ամօթանք է պարզապէս, յարաբերական հաշիւներու թելադրութեան տակ, մնայուն կշտամբանքի ենթարկել բանակը եւ յանկարծ հերոսացնել զայն: Զինուորական կառոյցին հանդէպ հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ ամբողջական: Մասնակի մօտեցումները կը մնան խոտելի:
Բանակի օրը, ազգային ուխտը եւ հայրենիքի ծառայութեան հաւատքը վերանորոգելու խորհուրդ մը կը պատգամէ բոլոր անոնց , որոնք կը մեղանչեն ազգային ու հաւաքական շահերու դէմ եւ կը վիճարկեն բանակին նուիրականութիւնը: Շրջաանյին զարգացումներուն մէջ մեր քաջարի բաանկին վերապահուած է մեծ ու ծանր դերակատարութիւն: Լիբանանի պարագային բանակը ոչ միայն խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան երաշխիքն է, այլեւ՝ համայնքային համակեցութեան:
Բանակին ազգանուէր ծառայութիւնները բոլորին կը թելադրէ չսակարկել անոր ընտրանքներուն առջեւ, թշնամանք չցուցաբերել եւ թելադրութիւններ չկատարել անոր հրամանատարութեան, ընդհակառակը՝ բարձր պահել անոր վարկն ու հեղինակութիւն:
Չի բաւեր, հանրապետութեան նախագահը արժեւորէ բանակին սխրագործութիւնները: Չի բաւեր, որ երկրին «զոյգ» վարչապետները իրենց վստահութիւնը յայտնեն բանակին: Չի բաւեր, խորհրդարանի նախագահը կարմիր գիծ յայտարարէ բանակը՝ քաղաքական խմբաւորումներներէն եւ հոգեւորականներէն կը պահանջուի զուսպ ըլլալ բանակին հանդէպ, նպատակավրէպ ու հակոտնեայ կեցուածքներուն թիրախը չդարձնել զայն: Համազգային ծառայութեան վրայ ինկած բանակի նահատակները մեծարանքի ու պղպջակային դրուատանքներու անհրաժեշտութիւնը չունին: Բանակի դրօշին երդնած իւրաքանչիւր ծառայող, ուխտած է իր գերագոյն զոհուղութեամբ պաշտպանել հայրենիքի հողը, գերիշխանութիւնը, անոր անվտանգութիւնը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը:
Բանակի օրը ուխտի վերնորոգման օր ըլլայ համայն լիբանանցիներուն: Բոլորս կ’ապրինք այնպիսի հանգրուանի մը մէջ, ուր այսպէս կոչուած արաբական գարունները թեւակոխած են իրենց մայրամուտը: Հիւսիսային Ափրիկէյէն մինչեւ հիւսիսային Սուրիա ի զուր կը թափի արաբ բազմաչարչար ժողովուրդին արիւնը…:
Լիբանանեան բանակի տօնին առիթով կ’ուզենք վերահաստատել բանակի դերակատարութեան եւ առաքելութեան վերաբերեալ մեր հաւատոյ հանգանակը: Լիբանանեան բանակը կը մնայ երկրի անկախութեան, գերիշխանութեան, անվտանգութեան, անոր սահմանագիծերուն պաշտպանութեան վահանակիրը: Անտեղի եւ ապօրէն կը նկատենք զինուորական հաստատութեան հակակշիռէն դուրս գտնուող զէնքը: Ազգային միասնականութեան ներհակ կը գտնենք Սուրիա ուղուող վարձկաններու համար, Լիբանանը անցումային գօտիի վերածելու փորձերը, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ հակամարտութեան որեւէ կերպ միջամտելու ոմանց յաւակնութիւնները: Այսօրուան հրամայականը պիտի ըլլայ՝ երկիրը ամէն գնով հեռացնել շրջանային զարգացումներէն: Այս պատասխանատու հանգրուանին վիթխարի դերակատարութիւն վերապահուած է լիբանանեան բանակին: Գործնապէս ցոյց տանք բանակին հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը: Զօրակցինք ու ապաւինինք անոր քայլերուն:
Բանակի տօնը համազգային հպարտանքի եւ հայրենիքի անկախութեան համար ինկած նահատակներու յիշատակի օրն է միաժամանակ: Յարգանք լիբանանեան բանակի բիւրաւոր նահատակներուն, յարգանք Լիբանանի անկախութեան ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակին: Յարգանք հայրենիքի սահմանագիծերը պաշտպանող քաջարի լիբանանցի զինուորին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ