Տեսակէտ
Այսօր դարձեալ կարիքը ունեցայ քաղաքական քրոնիկ կարդալու: Եղածները չեն բաւարարարեր զիս: Չէ, չեմ թերագնահատեր գրուածները: Պարզապէս ըսածս այն է որ երկրագունդին վրայ եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ այնքա՜ն խայտառակ, հակամարդկային իրադարձութիւններ կան ու օրաւուր կը ծնին, որ ինչքան ալ սփիւռքահայ մամուլը գրէ անոնց մասին՝ նիւթը պիտի չսպառի:
Պարտադրուած կը զգամ՝ կարգ մը դիտարկումներ բաժնեկցելու հայ ընթերցողին հետ եւ ըստ բանական բնազդիս՝ փնտռելու հայկական եւ լիբանանեան դասը ատոնց մէջ: Պիտի անդրադառնամ արաբական կացութեան, քիչ մը պիտի նայիմ ամերիկեան բեմին, նաեւ Լիբանանի հարթակին, ապա պիտի փորձեմ լիբանանեան եւ հայկական դաս մը գիտակցիլ:
Արաբական աշխարհը
Եթէ Սարուխանին երգիծանկարին պէս մեր աչքը հանենք ու պտտցնենք արաբական աշխարհին վրայ՝ ի՞նչ կը տեսնենք: Ալճերիա՝ տակնուվրայութիւն, Թունուզ՝ նոյնպէս, Լիպիա շարունակուող պատերազմ, Եգիպտոս՝ կաշկանդուած վիճակ ու տնտեսական սեղմիրան, Սուտան՝ պետական հարուածի շարունակուող քաշքշուք, Եմէն՝ պատերազմ, որուն ելեկտրականութիւնը սկսած է շանթել շրջանի տնտեսական շարժունակութիւնը, Սուրիա՞՝ ինձմէ լաւ գիտէք, Իրա՞ք՝ լուռ անցնիմ, քանզի այդ լռութիւնը աւելի բան կ’ըսէ թերեւս:
Մէկ խօսքով՝ արաբական աշխարհը կ’եռայ, բայց միայն ինքզինք կ’այրէ, ինքնայրում: Այդ ինքնայրումը ինքզինք կաշկանդած է, սանձած, ու ան ոչինչ կրնայ ընել իտես Պաղեստինի ողջակիզումին:
Պաղեստինի ողջակիզու՞մ: Պահրէյնի մէջ գէթ մասնակիօրէն միջազգային փորձ կատարուեցաւ մանուկ մը մկրտելու: Մկրտութիւնը կայացաւ …առանց մկրտուելիք մանուկին ներկայութեան…: Յիշեցի Հայրօն, որ ասկէ աւելի քան քառասուն տարի առաջ, կնքահօր հանգամանքով՝ նստեր էր նշանուող հարսնցուին կողքին… քանի որ նշանուող փեսացուն գործով կը գտնուէր Սուրիոյ հեռաւոր մէկ քաղաքը ու չէր կրցած ներկայ գտնուիլ ի՛ր նշանախօսութեան…: Պէտք է ըսեմ, որ յետոյ նշանուած ամոլը ամուսնացեր էր եւ ընտանեկան լաւ բոյն մը կազմեր: …Բայց վստահ չեմ թէ Պահրէյնի մէջ աներեխայ մկրտութենէն յետոյ ‘մկրտուած’ երեխան պիտի մեծնա՞յ, կամ պիտի ապրի՞…:
Ամերիկեան պատկեր
Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ Վենեզուելայի դէպքերը քիչ թէ շատ ծանօթ են շատերուս: Պայման ալ չէ որ հասկնանք կամ գիտնանք ամէն մանրամասնութիւն: Հոն՝ մէկը կամ մէկեր ուզեցին իրենց կամքը պարտադրել ուրիշ մէկի կամ մէկերու եւ արդիւնքը՝ ներքին տակնուվրայութիւն: Եկէք՝ քաղաքավար բառ գործածենք եւ ըսենք թէ երկու կողմերը անհանդուրժողութիւն կը ցուցաբերեն իրարու հանդէպ: Չեմ կրնար չյիշել նաեւ Մեքսիքոյի հիւսիսային եւ Մ. Նահանգներու հարաւային սահմանին վրայ բարձրացող բաժանարար պատը, որ քաղաքավար բառով մերժումի, ժխտումի եւ անհանդուրժողութեան դրսեւորում է: Այս բաժանարար պատերէն կային հին դարերուն ալ՝ չինական պարիսպն ալ բաժանարար էր, կը ‘մերժէր’ Կեդրոնական Ասիոյ ցեղերու ներխուժումը չինական հողեր..: Մեր օրերու ամէնէն տխրահռչակ պատը Իսրայէլի մէջ բարձրացած պատն է՝ հրեաներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ, որ աւելի ճիշտը՝ պաղեստինցիներուն պարտադրուած ‘հեռացումի՛’ պատն է իրենց պապենական հայրենիքէն: Յիշեցնե՞մ ուրիշ պատերու մասին՝ Եգիպտոս-Ղազզայի, Թուրքիա-Սուրիոյ, Իսրայէլ-Լիբանանի սահմաններուն կարգ մը մասերուն վրայ բարձրացող պատերը:
Հայկական Պատկերը
Հայ իրականութեան մէջ ալ հին եւ մնայուն վիճակ մըն է այլամերժութիւնը: Ժամանակին (ընդամէնը շուրջ 150 տարի առաջ) հայ առաքելականները կը մերժէին հայ աւետարանականներն ու կաթողիկէները, զանոնք կը հալածէին եւն.: Գիտենք որ այսօր տակաւին կայ այս այլամերժութիւնը: Ըսեմ, որ այլամերժութիւն կայ ոչ միայն հայ կուսակցութիւններուն միջեւ եւս, այլեւ՝ նոյնիսկ ներկուսակցական հողին վրայ ալ…: Դեռ աւելին՝ այլամերժութիւնը հասած է առաքելական Հայ Եկեղեցիին: Վերջերս ցաւով կարդացի երկու վեհափառներուն անջատաբար կատարած այցելութիւնններուն մասին, մին՝ Յունաստան, միւսը Դամասկոս: Շիտակը չկրցայ ընդունիլ եղածը: Ես քիչը ըսեմ: Այսօր ներհայկական այլամերժութեան այլ դրսեւորում մըն է իսլամաց(ու)ած հայերու պարագան…: Այս խնդրով ազգային պարտաւորութիւն է որ զգօն, իմաստուն եւ խոհեմ արժեւորենք այս թնճուկը:
Այլամերժութեան այլ պարագայ մըն է հայրենի ներկայ իշխանութիւններուն ընթացքը նախորդ իշխանութիւններուն հանդէպ: Ի դէպ, նախկին իշխանութիւններն ալ անհանդուրժող էին իրենց հակառակորդներուն հանդէպ…:
Լիբանան
Եւ քանի որ մեր չքնաղ Լիբանանը իր պատուին չի կրնար կերցնել որ աշխարհ տակնուվրայ ըլլայ այլամերժութեամբ, իսկ ինք բարի օրինակը տայ համակեցութեան, այսօր տուաւ բարի օրինակը այլամերժութեան, որուն զոհ գացին շատ բաներ, նաեւ՝ երկու երիտասարդներ…:
Եզրակացութիւն
Հեգնական է եզրակացնելու փորձ կատարել վերեւը բերած դիտարկումներուս հիմամբ: Կ’ընդունիմ՝ ցրուած դիտարկումներ էին: Այդ բոլորին մէջ, սակայն իմ տեսած կարմիր ժապաւէնս կը վերաբերի պետութեան եւ պետականութեան: Հայերուս համար պէտք է դաս ըլլայ պաղեստինցի ժողովուրդին ճիգերուն տարողութիւնը՝ պետութիւն-հայրենիքի գոյառումին համար: Մենք մեր ունեցածին արժէքը գիտնանք եւ իմաստուն վարուինք հետը:
Նո՛յն մտածումը ունիմ լիբանանցիին խնդրով. մենք եւ բոլոր լիբանանցիներս Լիբանան պետութեան գոյութիւնը գնահատենք ու անոր հետ ազնի՛ւ վարուինք:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ