Այսօր, Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2013-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան այցելեցին ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական Մարմինին հրաւէրով Լիբանան ժամանած պրն. Էդիկ Մինասեան (Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմութեան գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր) եւ պրն. Մհեր Յովհաննիսեան (Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմութեան գիտութիւններու թեկնածու): Պատուիրակութեան կ’ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչ պրն. Վարդան Ադամեան:
Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին եւ հայագիտական դասանիւթերու համակարգող պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանին հետ: Հաւաքին քննութեան առարկայ դարձան Երեւանի Պետկաան Համալսարան-Մեսրոպեան վարժարան գործակցութեան կարելիութիւններն ու ընտրանքները, ինչպէս նաեւ հայագիտական դասանիւթերու եւ դասագիրքերու հետ կապուած շարք մը խնդիրներ::
Ապա Պատուիրակութիւնը տնօրէնութեան ներկայութեամբ հանդիպեցաւ հայագիտական դասանիւթերու ուսուցչուհիներուն եւ խումբ մը աշակերտներու հետ: Բ. հանդիպումին պրն. Մհեր Յովհաննիսեան ներկայացուց Երեւանի Պետական Համալսարանի ցանցերը եւ բաժանմունքները: Հիւրերը մեծապէս գնահատեցին Մեսրոպեան վարժարանի գործունէութիւնը, եւ մաղթեցին, որ յառաջիկային երկկողմանի գործակցութիւնը ունենայ առարկայական եւ գործնական բնոյթ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ