Յարութիւն Իսկահատեան- BAIKAR 104
Վասպուրականի վերջին նահանջէն ետք ժողովուրդը գաղթական դարձած էր Պարսկահայքի մէջ: Կոստի Համբարձումեան յանձն առած էր աքսորեալներու առաջնորդութիւնը: Վերապատուելի Արսէն Ա. Կէօրկիզեան 1918-ի Յունուարին Թաւրիզ մեկնած էր իբրեւ այնտեղի Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ: Թուրքերը դէպի Պարսկաստան կը յառաջանային ու կը մօտենային Թաւրիզի: Բոլոր վանեցի գաղթականները որոնց շարքին Վեր. Կէօրկիզեան կը մտածեն հեռանալ հոնկէ: Վերջինս կը տեսակցի Թաւրիզի Առաջնորդ [Ներսէս] Մելիք-Թանգեանի հետ խորհրդակցելու համար: Առաջնորդը համամիտ չէր որ հայերը քաղաքէն հեռանային սակայն արգելք մը չունէր որ վանեցի հայերը լքէին քաղաքը: Առաջնորդը եւ քաղաքին հայ պատասխանատուները միամտաբար կը խորհէին, թէ թուրքերը թշնամացած են պարսիկներու հետ միայն եւ իրենք իբրեւ հայ զերծ պիտի մնային որեւէ թրքական չարիքէ: Վերապատուելի Կէօրկիզեան եւ քանի մը ուրիշ վանեցիներ կարգադրութիւն կը տեսնեն ամերիկեան միսիոնարութեան օգնութեամբ իրենց ընտանիքներով դուրս գալու Թաւրիզէն: Ձիերու կառքերով կարաւանը ճամբայ կ’ելլէ եւ տաժանակիր ճամբորդութենէ մը ետք, որ ութ օր կը տեւէ, կը հասնի Ղազուին կամ Կազուին քաղաքը: Հոնկէ Վեր. Կէօրկիզեան եւ ամերիկացի բողոքական Մըսթըր Կիֆըրտ կը բաժնուին կարաւանէն ու կը մեկնին Համատան (նախկին Եկփատան, ըստ Ս. Գիրքի, Պարսկաստանի երբեմնի մայրաքաղաքը, Թեհրանէն 180 մղոն հեռաւորութեան վրայ- ըստ Վեր. Արսէն Ա. Կէօրկիզեանի յուշագիրքին՝ «Մեր Ազգային Գոյապայքարը – 1915-1922, Զուլումի Տարիներ» (հրատարակուած իբրեւ «Զարթօնք»ի թերթօն թիւ 63, Պէյրութ, 1967, միջակ չափի 505 էջ) էջ 131-ի մէջ յիշուած տեղեկութեան: Համատան 30 հազար բնակչութիւն ունէր 1918-ին: Վեր. Կէօրկիզեան ընտանեօք կը տեղաւորուի Համատանի հայկական թաղին մէջ եւ իսկոյն ձեռք կ’առնէ Հայ աւետարանական եկեղեցիին հովուութիւնը: Այն օրերուն Համատանի հայերը յուսահատ վիճակ մը ունէին եւ կը վախնային որ թուրքերը կամաց-կամաց յառաջանալով քաղաքը գրաւեն: Պարսկահայքի մէջ Անդրանիկ յաջողութիւն չգտնելով քաշուած էր Նախիջեւան եւ ապա Ղափան: Հայութեան հոգեկան վիճակին մասին Վեր. Կէօրկիզեան կը մէջբերէ «Վասպուրականի Նահանջ Բիւրոց»ի հեղինակ՝ Եղիշէ Վարդանեանի խօսքը. «Ժողովուրդը անորոշութեան ու երկդիմութեան մէջ է. բոլորին ուշքն ու միտքը շարժելու մասին է, բայց շարժուելու հրամանը կ’ուշանայ…»:
Յանկարծ անգլիական օդանաւ մը կը յայտնուի Ուրմիա քաղաքի երկինքը 25 Յունիս 1918-ին: Ժողովուրդը կը հրճուի: Թուրքերը քաղաքին կը մօտենային: Օդանաւը վար կ’իջնէ եւ անգլիացի սպաներ կը հաղորդեն հայ պատասխանաուներուն թէ անգլիական ոյժերը չեն կրնար հասնիլ ներկայիս հոն ուր հալածուած քրիստոնեաները կը գտնուին: Հարկ է որ անոնք պատրաստուին եւ գաղթեն դէպի այն վայրերը, որոնք անգլիական պաշտպանութեան տակ կը գտնուին եւ ի պահանջեալ հարկին զինուին կռուելու համար յարձակող թուրքերուն դէմ: Վասպուրականի Զինուորական Մարմինը անմիջապէս անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կը տեսնէ, կռուողներու շարքերը կը կազմակերպէ եւ կը պատրաստուի տեղափոխուելու անգլիական գօտիին մէջ գտնուող վայրեր: Միւս կողմէ ասորիները իրենց տեղերը կը մնան եւ չեն ուզել կռուիլ թուրքին դէմ: Թուրքերը կը սոսկային Վասպուրականի քաջարի կռուողներու դիմադրութենէն: Կուտչի քաղաքի գիծով յառաջացող թրքական բանակի հրամանատար Ալի Իհսան փաշան զէնքի ոյժով յոյս չունէր դէմ դնելու վասպուրականցիներուն, ուստի ան նամակ մը կը յղէ հայոց ըսելով. «Կովկասահայութեան անկախութիւն տրուած է արդէն, դուք ալ յիսունական հոգիէ բաղկացեալ խումբերով եկէ՛ք, ձեր զէնքերը յանձնեցէ՛ք, ձեզի ճամբայ կու տանք, անցէք Կովկաս ձեր ցեղակիցներուն մօտ» (Եղիշէ Վարդանեան, «Վասպուրականի Նահանջ Բիւրոց», Պոսթըն, էջ 191-192): Հայերը բացարձակապէս հաւատք չեն ընծայեր թուրքին խօսքերուն:
Վասպուարականցի հայոց պատասխանատուները կը խորհրդակցին ասորիներուն հետ եւ վերջ ի վերջոյ կը համաձայնին միացեալ ոյժերով կտրել Հայտարապատի գիծը եւ անցնիլ անգլիական ոյժերու գերակշիռին տակ գտնուող շրջանը: Հայերն ու ասորիները տենդագին կը լծուին զինուելու աշխատանքին, անբաղձալի անակնկալի առջեւ չգտնուելու համար: Շուտով Ալի Իհսան փաշա երկրորդ նամակով կը սպառնայ հայոց եւ տասնըհինգ օր ժամանակ կու տայ մտածելու եւ յանձնուելու, հակառակ պարագային պիտի բնաջնջուին: Սակայն այս միջոցին հայոց դէմ դաւադրութիւն մը երեւան կը հանուի պատահաբար: Արդարեւ կը պարզուի թէ ասորիներու ղեկավար Աղա Պետրոս թուրքերուն հետ գաղտնի բանակցութեան մէջ մտած էր զէնքերը վար դնելու եւ յանձնուելու համար: Վասպուրականի Զինուորական Մարմինը իսկոյն հրաման կու տայ իր ազատամարտիկներուն սկսիլ յարձակումը Հայտարապատի գիծին վրայ, անցնելու համար անգլիացիներու շրջանը: Հայ զինուորները այս «յարձակման հրամանին ակնդէտ կը սպասէին արդէն եւ մեծ ոգեւորութեան մէջ կ’իյնան», ըստ Վեր. Կէօրկիզեանի վերոնշեալ յուշագիրքին էջ 137-ի մէջ տրուած տեղեկութեան: Ամէն մէկ հայ զինուոր իր անձնական միջոցներով իր հագուստը, կօշիկը եւ այլազան պէտքերը հոգալով կը պատրաստուի պատերազմի դաշտ իջնել: Այս պատրաստութեան մէջ օգտակար կը դառնան ռուս սպաներ, որոնք կը ծրագրեն յարձակումն ու առաջնորդութեան գործերը: Աղա Պետրոս իր դաւաճանութիւնը յայտնի ըլլալէ յետոյ, չի կրնար անմասն մնալ կռուին մասնակցութենէ եւ իր զինեալ մարդիկը կը միացնէ հայկական ոյժերուն: Հայտարապատի գիծը ճեղքելու համար յարձակումը կը սկսի 10 Յուլիս 1918-ին: Կը լսուին թնդանօթաձգութեան ուժեղ ձայներ եւ քաջարի վասպուրականցիները կը յառաջանան ռազմաճակատի գիծին վրայ: Թուրք թշնամին կը նահանջէ: Հայերը կ’որոշեն վերջնականապէս գիծը ապահովել եւ երկրորդ յարձակման կը ձեռնարկեն նահանջող թուրքերուն վրայ: Երեկոյեան կը պարզուի թէ հայերը պաշարած են թուրք թշնամին եւ անոնցմէ 13 զինուոր գերի բռնած են: Վասպուրականի քաջերը Հայտարապատը կը գրաւեն եւ թուրքերը աւելի հեռուները կը նահանջեն: Հայկական բանակին յաջող յառաջխաղացքը տեսնելով ժողովուրդը կ’ոգեւորուի մօտալուտ յաղթանակով: Գաղթականները կը հետեւին յառաջացող բանակին: Յաջորդ օրը Ուրմիոյ ասորիները կը հետեւին հայոց եւ զանգուածային գաղթ տեղի կ’ունենայ դէպի Պարսկաստանի անգլիական գօտին: Ճակատամարտը վերջ գտած էր 17 Յուլիս 1918-ին: Թրքական թնդանօթները լռած էին եւ Սալմաստ գաւառի հայերն ու Ուրմիոյ ասորիները ընդհանուր թիւով 75 հազար հոգի «պատկառելի թափոր մը կազմած ճամբայ կ’ելլեն դէպի անգլիական բանակը իրենց ետեւ ձգելով հայրենիք մը, որուն սիրոյն համար այնքան տառապեցան…», կ’ըսէ Վեր. Կէօրկիզեան:
Ուրմիոյ մէջ տակաւին մնացած էին հայեր ու ասորիներ, որոնք միամտութիւնը ունեցած էին հաւատալու թրքական խոստումներուն: Ուրմիոյ պարսիկները օրը օրին տեղեկացուցած էին թուրքերը հայկական ոյժերուն հեռանալուն մասին: Ուստի թրքական բանակը կը յարձակի Ուրմիոյ հայոց եւ ասորիներուն վրայ եւ կը կոտորէ զանոնք:
Միւս կողմէ յիսնեակ մը անգլիացի զինուորականներ կ’այցելեն ազատուած հայոց ու ասորիներուն կարաւանը եւ խորհուրդ կու տան անոնց աւելի յառաջանալ մինչեւ Համատան, թուրքերէն հեռու մնալու համար: Անգլիացիները կը խոստանան գաղթական ժողովուրդին սնունդ բաժնել երբ կարաւանը հասնի Թիքէն Թէփէ գիւղը:
Թուրքերը կը յարձակին գաղթականներու կարաւանին ճամբուն վրայ գտնուող Մահմուտճուղ գիւղաքաղաքին վրայ եւ կը սկսին բարբարոսութիւններ գործել: Կոստի Համբարձումեան իր հետ կ’առնէ Վերապտուելի Կէօրկիզեանն ու քանի մը ձիաւորներ եւ կը փութայ Մահմուտճուղ: Ճամբան թուրքերը կռիւի կը բռնուին հայոց հետ եւ ծանրօրէն կը վիրաւորեն Համբարձումեանը: Վերապատուելի Կէօրկիզեան յարձակող թուրքերէն մէկը կը սպաննէ եւ փախուստի կը դիմէ իր կարգին թեթեւօրէն վիրաւորուելէ ետք: Քիչ ետք թուրքերը հայոց դիմադրութենէն անակնկալի եկած փախուստի կը դիմեն իրենց հետ քանի մը հայ զինուոր գերի վերցնելով:
Իր ազգային պարտականութեան լռիւ գիտակից իբրեւ վասպուրականցի գաղթակններու ընդհանուր ղեկավար՝ Կոստի Համբարձումեան կը նահատակուի: Վերապտուելի Կէօրկիզեան անոր մասին կ’ըսէ. «Կոստին չկար այլեւս: Ան ինկած էր իր պարտականութեան ճամբուն վրայ, ազատութեան դրան սեմին առջեւ…»: Անոր մասին «Վասպուրականի Նահանջ Բիւրոց»ի հեղինակ՝ Եղիշէ Վարդանեան իր յուշագիրքին էջ 203-217-ի մէջ ի միջի այլոց կը գրէ. «Կոստի Համբարձումեանի մահուան լուրը խոր սուգով կը համակէ ամէնքը: Ժողովուրդը այժմ բոլորովին անգլուխ կը մնայ: Անգլիական բանակը հասնելէն յետոյ մանաւանդ Կոստին անհրաժեշտութիւն մըն էր»:
Կարաւանը կը հասնի Թիքէն Թէփէ գիւղը, ուր կայք բռնած էին տասը անգլիացի սպաներ, որոնք ժողովուրդին կը հրամայեն քիչ մը հանգստանալէ յետոյ մեկնիլ մօտակայ Պիճար փոքր քաղաքը, ուր բազմաթիւ անգլիացի զինուորներ կը գտնուէին: Անգլիական իշխանութիւնը ժողովուրդին հաց եւ ուտելիք կը բաշխէ: Անգլիացիները սկսիզբը կ’ըսեն թէ ժողովուրդը Համատան պիտի տանին բայց ետքը անոնք իրենց ծրագիրը կը փոխեն ու զայն Պաղտատի կողմը կը տանին: Արդարեւ, անգլիացիները մտադրած էին գաղթական հայերն ու ասորիները Պարսկաստանի քաղաքներն ու գիւղերը ցրուել: Պօղոս Նուպար փաշա մեծ ջանք կը թափէ, որպէսզի անգլիացիները հայ գաղթականները ի մի տեղ հաւաքեն ապահով վայրի մը մէջ: Ուստի որոշում կը տրուի զանոնք Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մօտ Պաաքուպա աւանը տանիլ (էջ 145): Դէպի Պաղտատ ճամբուն վրայ գաղթակնները կ’իջեւանին Թեզեքենտ գիւղը, ուր անգլիական իշխանութիւնը թէեւ ժողովուրդին սնունդ կը բաշխէ սակայն հայերը զինաթափ կ’ընէ: Այսուհետեւ կը սկսի վասպուրականցի հայուն համար յետ-Եղեռնեան ժամանակաշրջանը գաղթակայաններու մէջ:
Իր հողին վրայ հերոսամարտ կերտող վասպուրականցին կեանքի դժնդակ պայմաններու տակ աստանդական դարձաւ, սակայն պայքարի ոգին ու կորովը անոր մէջ վառ մնաց: Արդարեւ իր հայրենիքէն վտարանդի, ան Պարսկահայքի թէ Հայաստանի արեւելեան հատուածի այլ վայրերու մէջ զէնքով պայքարեցաւ նո՛յն ջարդարար թուրքութաթարին դէմ եւ յաղթական դուրս գալով գոյատեւեց Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: