Կազմակերպութեամբ ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնին եւ գործակցաբար Երեւանի Սիլվա Կապուտիկեանի անուան տուն թանգարանին, երէկ, ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ հայրենի հանրածանօթ բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 101-ամեակը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնի համահիմնադիր Ռիթա Պոյաճեան, որ խօսեցաւ մայրենի Լեզուի միջազգային օրուան նշումին կարեւորութեան մասին հաստատելով, որ հայերուս համար մայրենի լեզուի օրը առիթ է արժեւորելու մեր անգին հարստութիւնը։ ,Առիթ է՝ մեր սիրոյ ու հիացմունքի տուքը մատուծելու մեր մայրենի լեզուին ու չքնաղ այբուբենին։ Կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր հայու գոյութիւնն ու ինքնութիւնը կը սկսի լեզուէնե ըսաւ ան։ Ապա, Ռիթա Պոյաճեան արժեւորեց Սիլվա Կապուտիկեանի մայրենիի պահպանման առաջադրանքին մէջ ունեցած մեծ դերակատարութիւնը։
Ապա հանդիսավար Լիւսի Տէօքմէճեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը` յատկապէս այս առիթով Լիբանան հրաւիրուած նշեալ տուն թանգարանի տնօրէն Արմենուհի Տէմիրճեանը:
Հայրենի բանախօսը մօտ երեսուն վայրկեան խօսեցաւ մեծարեալ բանաստեղծուհիին եւ անոր կեանքի անկիւնադարձային փուլերուն մասին, ինչպէս` անոր Պէյրութ այցելութիւնը 1962-ին, Արցախեան հերոսամարտի օրերուն հայրենի մտաւորական Զօրի Բալայեանի հետ Մոսկուա մեկնումն ու օրուան խորհրդային ղեկավար Միխայիլ Կորպաչեւին ներկայացուցած բողոքը` Սումկայիթի ջարդերուն եւ հայկական յուշարձաններուն նկատմամբ թաթարներու գործադրած վանտալիզմին դէմ: Ան յայտնեց, թէ Սիլվա Կապուտիկեան իր բանաստեղծական թէ գրական ստեղծագործութիւններով լուսաշող կամուրջ մը հաստատեց հայրենիք-սփիւռք երկնակամարին վրայ:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, որ բարձր գնահատեց հայրենի բանաստեղծուհիի ծննդեան 101-ամեակի նշումը` դիտել տալով, թէ այս մեծարանքի ձեռնարկը կը զուգադիպի Սումկայիթի ջարդերու տարելիցին: Դեսպան Աթաբէկեան ցաւ յայտնեց, որ քրիստոնէութեան հաստատման օրերուն փճացած էին նախաքրիստոնէական շրջանի գրական ու մշակութային գլուխ գործոցներ, որոնցմէ միայն երկուքը փրկուած են: Դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ Սիլվա Կապուտիկեանի ճիգերուն, երբ Ղարաբաղի ազատագրութեան օրերուն, այցելելով Արցախի դիրքերը, իր գրութիւններով ազգային շունչ ու ոգի կը ներշնչէր արցախեան ճակատին մարտնչող հերոսներուն: «Նման իւրաքանչիւր ձեռնարկ պատասխան է Սումկայիթի ջարդարարներուն», ընդգծեց դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:
Այս առթիւ ներկայացուեցաւ յատուկ տեսահոլովակ մը ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնին մասին: Երկրորդ տեսահոլովակով մը ներկայացուեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանի կեանքի զանազան փուլերն ու յիշատակելի դէպքերը: Անոր հայրը, (ՀՅԴ-ի անդամ) դաշնակցական ծանօթ խմբագիր մտաւորական` Բարունակ Կապուտիկեան, Վանէն գաղթած էր Երեւան, ուր սակայն քոլերայի համաճարակէն մահացած էր բանաստեղծուհիին ծնունդէն երեք ամիս առաջ: Կային նաեւ բանաստեղծուհիի 1962-ին Պէյրութ կատարած այցելութեան եւ այլ յիշարժան դէպքերու մասին հազուագիւտ նկարներ ու նկարագրականներ: Տեսահոլովակին կ՛ընդգրկէր նաեւ Սիլվա Կապուտիկեանի մասին հայ թէ օտար ականաւոր մտաւորականներու վկայութիւններէն հատուածներ:
Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին երգիչներ Րաֆֆի Կէօվէօղլանեան եւ Կասիա Շատարեւեան յաջորդաբար իրենց ելոյթներով` Սեդօ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ծանօթ ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան հանդիսատեսները փոխադրեցին Կապուտիկեանի հոգեւոր աշխարհը` մեկնաբանելով անոր գլուխ գործոցներէն հատուածներ ու երգեր:
Աւարտին ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան իր ողջոյնի խօսքով գնահատեց մեծարեալ բանաստեղծուհիին արժանիքները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս ձեռնարկի իրագործման: Ան այս առիթով յուշանուէր յանձնեց օրուան բանախօս Արմենուհի Տէմիրճեանը: Իր կարգին Տէմիրճեան Սիլվա Կապուտիկեանի տուն թանգարանի «Պատուոյ գիր»-ով պարգեւատրեց Ռիթա Պոյաճեանն ու Լիւսի Տէօքմէճեանը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Առաջնորդ սրբազան հօր ներկայացուցիչ Տ․ Շնորհք քհն․ Տէր Արթինեանի «Պահպանիչ»-ով։