Հայ-ազրպէյճանական սահմանին 18-19 յուլիսի լուսցող գիշերը, նաեւ 19-ի առաւօտեան պահպանուած է յարաբերական անդորր: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:
«Թշնամին սահմանի առանձին հատուածներու մէջ հրաձգային զինատեսակներէ արձակած է շուրջ 70 կրակոց: Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով աչալրջօրէն կը վերահսկեն թշնամիին», գրած է Ստեփանեան: