Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի սահմանազատման առնչուող հարցերուն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Սենաթինֆօ»-ն:
«Ճիշդ մէկ տարի անցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին համաձայնագիրի ստորագրութենէն: Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները խելամտութիւն դրսեւորած են ստորագրելով փաստաթուղթը` արիւնահեղութեան դադրեցման եւ խաղաղ երկխօսութեան անցնելու համար: Սակայն բանակցային հոլովոյթը դանդաղ կ՛ընթանայ, այդ պատճառով ալ շրջանին մէջ լարուածութիւնը կը պահպանուի», ըսած է Մաթվիենքօ:
Անոր համաձայն, այսօր գլխաւոր խնդիրը սահմանազատումն է այնպէս, որ ոչ ոքի մօտ ցանկութիւն յառաջանայ զինուորական գործողութիւնները վերսկսելու:
«Ռուսիան աջակցութիւն առաջարկած է` հաշուի առնելով, որ խորհրդային քարտէսները կը պահուին միայն մեր մօտ` պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ: Անոնք ստուգուած են, ճշգրիտ են եւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յստակ սահմանները կը բնորոշեն: Բանակցութիւններ վստահաբար կարելի է վարել այդ քարտէսներուն հիման վրայ, թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը կողմնակից են այդ մօտեցման… ըմբռնում եւ համաձայնութիւն կայ, սակայն հոլովոյթը դանդաղ յառաջ կ՛ընթանայ: Ատոր պատճառով որոշակի լարուածութիւնը կը շարունակուի», աւելցուցած է Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի նախագահը:
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան շահագրգռուած է «Անդրկովկասի մէջ խաղաղ, կայուն կեանքի հաստատման» հարցով եւ ատոր համար ամէն անհրաժեշտ բան պիտի ընէ»: