ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 27 Մարտին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Մերիըթ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցած Հայ-ամերիկեան թանգարանի զօրակցողներուն ի պատիւ կազմակերպուած իւրայատուկ ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ թանգարանին կառուցման ի նպաստ հանգանակուած գումարը արդէն իսկ անցած է 31 միլիոն տոլարի սահմանը։
Առաւել քան 1100 համակիրներ, համայնքային ղեկավարներ եւ պետական պաշտօնատարներ ներկայ էին ձեռնարկին՝ տօնելու ցարդ արձանագրուած իրագործումները եւ գործնականապէս զօրակցելու պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ծրագիրին։
Հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր եւ բացման խօսքը արտասանեց թանգարանի գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան։ Ան ուրախութիւն յայտնելով, որ ծրագիրը արդէն իսկ իրականութեան կը վերածուի, որմէ ետք քայլերգները կատարուեցան Allen G. նուագախումբին կողմէ։
Բացման աղօթքը միասնաբար կատարեցին թանգարանի հոգաբարձական կազմի համաատենապետներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան:
Այնուհետեւ, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Ալին Պարան Օրունճուքճել խօսեցաւ ծրագիրին կարեւորութեան մասին՝ շեշտելով, որ անիկա պիտի նպաստէ հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը պահպանելու ու անոնց բարգաւաճումը ապահովելու ջանքերուն, հանդիսանալով նուէր մը յաջորդող սերունդներուն։
Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորողներէն էին՝ Ռան եւ Քուրթնի Առաքելեանններ, Ճեք եւ Մարօ Գալայճեանններ, Գեղօն եւ Ալեքսիա Գեւոնեաններ, Տէյվիտ եւ Մարկրիթ Մկրուպլեանններ, The GASKA Alliance հիմնարկութիւնը, Bank of America-ն, Վարդան եւ Ժանէթ Պարսումեանններ, Ֆրեդ Բոնիադեան, Սագօ եւ Այտա Ղարախանիներ, Կլորիա եւ Արմէն Համբար ընտանիքի հիմնարկութիւնը, Պերճ եւ Մարի Կարապետեանններ, LIZ General Partnership-ը, «Նորա Դերձակ Համբար» բարեսիրական հիմնադրամը, SAMKO-ն եւ Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեաններ։
Ապա ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի միւս համաատենապետը՝ դոկտ․ Ալեքսիա Գեւոնեան, արտայայտուեցաւ շրջանի տարբեր համայնքները կամրջելու գործին մէջ թանգարանին ունենալիք կարեւոր դերակատարութեան մասին։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան, որ նաեւ յայտարարեց թանգարանին զօրակցելու համար Երիտասարդ արհեստավարժներու յանձնախումբին կազմութեան մասին, ներկայացնելով անոր անդամները եւ ատենապետը՝ Ալին Օհանեան։