ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 12 Օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 5:20-էն սկսեալ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հայ սահմանապահներու պատասխան գործողութիւններուն միջոցաւ թշնամիին կրակը դադրած է: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:
Ըստ աղբիւրին՝ ժամը 7-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է:
Իսկ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ 12 Օգոստոսի գիշերը, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Արցախի Հանրապետութեան արեւմտեան հատուածին մէջ փորձեցին հատել Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծը:
Պաշտպանութեան բանակի հակազդող գործողութիւններուն միջոցաւ փորձը կանխուեցաւ եւ թշնամին վերադարձուեցաւ իր ելման դիրքերը։ Հայկական կողմէն կորուստներ չկան։
Ատրպէյճանական կողմի սադրանքին մասին անյապաղ տեղեակ պահուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութիւնը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործած են: Այս մասին հաղորդուեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին վրայ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ իր առաջադրանքը կատարել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Նախորդ օրերուն արձանագրուեցաւ կրակի դադրեցման դրութեան մէկ խախտում: 2021 թուականի Օգոստոս 11-ին, ժամը 7:29-ին եւ 7:58-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հարուածային տեսակի անօդաչու սարքերու կիրարկումով երկու հարուած հասցուցին Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու դիրքերու ուղղութեամբ: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը միջոցներու ձեռնարկեց իրավիճակի հետագայ սրման թոյլ չտալու համար: Կը կատարուի հետաքննութիւն», կը նշուի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։