ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 9 Դեկտեմբերին, Հայ-ատրպէյճանական սահմանին կատարուած փոխկրակոցին ընթացքին երկու հայ զինուորներ թեթեւօրէն վիրաւորուեցան. յետմիջօրէի ժամը 7ի դրութեամբ սահմանի Գեղարքունիքի ուղղութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրեցաւ:
Վերջին երկու օրերուն կրակոցներու մասին հաղորդագրութիւնները մէկը միւսին կը յաջորդեն: Կողմերը զիրար կը մեղադրեն զինադադարի խախտման համար: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նախորդ գիշերը, կրակոցները լսուեցան Վերին Շորժայի մէջ։ Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ համայնքի ղեկավար Արտեոմ Երանոսեան «Ազատութեան» հաղորդեց, որ կրակոցները լսուեցան գիշերուան ժամը 1էն մինչեւ առտուան ժամը 4:30-5:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի կանուխ յայտնեց, որ ատրպէյճանական կողմը երեք տարբեր ուղղութիւններով կրակ բացաւ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Երեւան գիշերուան կրակոցներէն ետք տուժածներու մասին չտեղեկացուց, իսկ Պաքու հաղորդեց, որ ատրպէյճանցի զինուոր մը մահացած է:
Երեւան Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կոչ ուղղեց՝ ձեռնպահ մնալու իրադրութիւնը սրելու միտուած սադրիչ գործողութիւններէ: Պաքու իր կարգին Հայաստանը մեղադրեց՝ իրադրութիւնը սրելուն մէջ՝ նշելով, որ սահմանային լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը հայկական կողմի ուսերուն է: