ՍԵՒԱՆ ՉԻՐԻՇԵԱՆ
Սուրիական հայրենիքին դիմագրաւած տագնապալից օրերուն, մինչ բռնութիւնն ու անկայուն վիճակը կը շարունակուէին, ընտանիքներ օրէ օր կը դիմագրաւէին ծանր վիճակ՝ վախ, անորոշութիւն, հիւանդութիւն եւ ապագայի հանդէպ մտահոգութիւն: Այս վիճակը երբեմն պատճառ կը դառնար ընտանիքներու քայքայումին: Հետեւաբար, մարդիկ կարիքը ունէին հոգեւոր, նիւթական օգնութեան, բարոյական քաջալերանքի, յորդորի ու մխիթարութեան: Այս միտքէն թելադրուած, Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցին մտայղացումը ունեցաւ իր ծառայողական դաշտը ընդարձակելու եւ հիմնելու Բժշկական կեդրոն մը (2013), ուր հիւանդներու այցելութեան ու անոնց բուժման միջոցներ պիտի հայթայթուէին:
Աւելի քան վեց բժշկական ծառայութիւն մատուցող «Բեթէլ Բուժ Կեդրոն»ը կը գործէր շաբաթը վեց օրուան դրութեամբ, Հալէպի բնակչութեան բժշկական ծառայութիւն եւ անվճար դեղորայք մատուցելով: Բուժարանին մաս կը կազմէին ներքին հիւանդութեանց, ոսկրաբուժութեան, մորթային, քիթ-ականջ-կոկորդի, միզային, կանացի հիւանդութիւններու, մանկաբուժութեան, վիրաբուժութեան եւ վերջերս նաեւ ատամնաբուժարանի բաժինները:
Ատամնաբուժարանի բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 25 Փետրուարի յետմիջօրէին, հովանաւորութեամբ վեր. համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի, նախաձեռնութեամբ Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին, ներկայութեամբ «Պաաս» կուսակցութեան քարտուղարին, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին, Հալէպի Առողջապահութեան տնօրէնութեան, բժիշկներու, Հայ աւետ. համայնքային Գործադիր մարմինին, ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինին, Հալէպի Հայ աւետարանական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու Միացեալ ժողովներուն եւ հոծ բազմութեան:
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան պաշտօնապէս բաց յայտարարեց «Բեթէլ» ատամնաբուժարանը, մատնանշելով, թէ բուժկեդրոնը իր մասնագիտական բաժիններով՝ հայ ժողովուրդին դժուարութիւնները ամոքելու վայր պիտի հանդիսանայ, ինչպէս նաեւ ծառայութեան մէջ պիտի մնայ առանց յարանուանական խտրութեան, բարեսիրական եւ մարդասիրական ծառայութիւններ հայթայթելով:
Իր խօսքի աւարտին ան խնդրեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու պաշտպանութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին համար:
Վերապատուելիի խօսքէն ետք, ներկաները ատամնաբուժարան այցելեցին ու իրենց շնորհաւորութիւնները եւ գնահատանքները փոխանցեցին եկեղեցւոյ հովիւին եւ Միացեալ ժողովին՝ այս ծրագիրի իրագործման համար: