Կիրակի, 5 փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի 100-ամեակի պաշտօնական բացման գոհաբանական պաշտամունքը: Պաշտամունքի նախանուագին, նաեւ բոլոր մեկնաբանուած երգերուն ընկերակցեցաւ Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի 1998-ի շրջանաւարտ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի: Անկէ ետք պաշտամունքը ընթացք առաւ Տէրունական աղօթքով, փոխասաց ընթերցումով, «Փառք ըլլայ Աստուծոյ» երգով, ապա` գոհաբանութեան աղօթքով:
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան փոխանցեց միութեան խօսքը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին, իր գոյութեան 177 տարիներուն ընթացքին միշտ պատշաճ լրջութեամբ, գործնական քայլերով, քրիստոնէական տեսիլքով ու գոհունակ կեցուածքով ջանացած է մեծարել իր կրթադպրոցական եւ ընդհանրապէս դաստիարակչական առաքելութիւնը` աւելցնելով, որ հայ աւետարանական վարժարանը ջանացած է ստեղծել ոչ միայն ուսումնական ծրագիր, այլ նաեւ քրիստոնէական, հայկական ու հաւասարակշռուած, գիտակից, անկախ եւ պարկեշտ մարդու նկարագիր մշակող մթնոլորտ: Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան բացատրեց, որ անցեալին եւ այսօր, հայ աւետարանական դաստիարակութեան հիմնական արժէքները, որոնք տեղ գտած են մեր վարժարաններու ինքնութեան մէջ, կարելի է պարզել հետեւեալներով.
ա.- Աստուածաշունչ Մատեանը` որպէս բարձրագոյն հեղինակութիւն, որ կը մնայ բոլոր գիրքերու գիրքը, որ շունչ կու տայ ամէն մարդկային դպրութեան ու գիտութեան.
բ) Մարդ արարածը` ստեղծուած Աստուծոյ պատկերով ու Քրիստոսի սիրով, արժանի է ամէն տեսակի հոգածութեան, սնունդի եւ աճման առիթներու.
գ) Փոքրերու առաջին իսկ քայլերէն սկսած, նկարագրի կերտումը քրիստոնէական հրամայական է: Այսպէս, ազնուութիւնը, յարգանքը, ինքնակարգապահութիւնը, պարկեշտութիւնը, անկեղծ խոնարհութիւնը, մեղքերու խոստովանութիւնը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, քննական մտածողութիւնը, Աստուծոյ եւ իր արարածներուն ծառայելու ոգին, եւ ասոնց նմանները կը սեպուին կարեւոր բաղադրիչներ եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխարհայեացքին: Նոյն մտքով, ազգակերտումը, ազգանուիրումը, քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը, եւ առաջնորդութեան պատրաստութիւնը եղած են հայ աւետարանական դաստիարակութեան անբաժանելի մէկ մասը.
դ) Ակադեմական գերազանցութեան ձգտիլը պատիւ կը բերէ Աստուծոյ, որ շնորհած է մարդուն բազմապիսի պարգեւներ, եւ ցոյց կու տայ աշխարհին, որ եկեղեցին լաւագոյնին նուիրուած մարմին է այս փորձութեան մատնող աշխարհին վրայ:
Եզրափակելով իր խօսքը` վեր. դոկտ. Հայտոսթեան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ Ան քոլեճի ամբողջ մէկ դարու գոյութեան ընթացքին կարելիութիւն տուած է բարձրագոյն արժէքները ի յայտ բերելու, զանոնք իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցելու, ծանր թէ սահուն պայմաններու մէջ հաւատարմութեամբ կարելի եղած է մեր ազգի զաւակները օժտել այն բոլորով, որոնք նպաստած են անոնց որակեալ դաստիարակութեան եւ կեանքի ընթացքին:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ` վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի այս առիթով յղած շնորհաւորագիրները ընթերցեց վեր. Նշան Պագալեան: Զ. Խանճեան մէջբերում մը կատարած էր Մատթէոս աւետարանէն, որ կ՛ըսէ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը: … Այնպէս թող լուսաւորէ ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը, ու փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է», աւելցնելով, որ լոյս ըլլալու համար նախապատրաստական անհրաժեշտութիւններ կան, զայն ընկալելու, ապա ցոլացնելու համար: Այդ հաւատքով, մեր հայրերը, հակառակ Եղեռնի արհաւիրքի ահռելի բեռին, գիտակից հսկայական զոհողութիւններով հիմնեցին լոյսի փարոսներ, որոնց հարիւրամեակները կը շարունակենք յիշատակել հետեւողականօրէն: Ան իր խօսքին մէջ փառք տուաւ Աստուծոյ անոնց տեսիլքին, Իր առաջնորդութեան, ինչպէս նաեւ Իր անշէջ լոյսի աղբիւրին եւ այդ լուսաւոր ճանապարհէն անցնող Իր բիւրաւոր զաւակներուն համար:
Իր կարգին վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը իր ինքնութիւնը պահպանեց եւ իր դիմագիծը անաղարտ պահեց իր մայրենի լեզուով, մշակոյթով, հոգեկան իմացական ապրումներով ու արժէքներով, իսկ այս նպատակին հասնելու առաջնահերթ ազդակներէն կարեւորագոյնն է հոգեւոր կրթութիւնն ու ազգային դաստիարակութիւնը: Ան շեշտեց, որ հայապահպանման առաքելութեան իրենց էական ներդրումը կը բերեն հայ դպրոցը, հայ գիրքը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը: Իր խօսքին մէջ վերապատուելի Սելիմեան հաստատեց, որ հայ դպրոցը այն աւիւնն է, ուր կը կազմաւորուին հայ աշակերտին միտքն ու նկարագիրը, հոն կը հետապնդուին, կը մշակուին եւ կ՛իւրացուին հայ հոգին եւ մշակոյթը: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայ աւետարանական քոլեճը իր 100-ամեայ երթով, որ արգասիքն է հայու վճռականութեան, դարձաւ ապրելու, արդիւնաբերելու եւ վերակազմակերպուելու կռուան: Վերապատուելին շնորհաւորեց քոլեճի 100-ամեայ երթը` մաղթելով բեղուն գործունէութիւն եւ նորանոր նուաճումներ:
«Բարի է իմ հոգւոյս» երգէն վերջ խօսք առաւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ պատ. Ժիրայր Ղազարեան: Ան նկատել տուաւ, որ արդի ընկերութեան մէջ ոմանք մարդոցմէ շնորհք գտնելը բոլորովին անկարեւոր կը համարեն` աւելցնելով, որ Աստուծոյ շնորհքին մէջ մնալու ձգտումին մէջ, որ ամէնօրեայ ճիգ կը պահանջէ, ընդհանրապէս ջանքերը պակսած են: Ան յայտնեց, որ մարդոցմէ շնորհք գտնելը մերժող, մարդկային վերաբերմունքը արհամարհող մարդը կը նախընտրէ կղզիանալ, մեկուսանալ եւ անհաղորդ պահել ինքզինք: Սակայն, հաւաքական կեանքը այդպէս չի զարգանար, մանաւանդ եթէ կրթական հաստատութիւն է: Ան ըսաւ, որ դպրոցը կղզի մը չէ, այլ` շրջագծուած է մարդոցմով, նաեւ հայ եկեղեցիով, որ իր զաւակները դպրոցէն կը ղրկէ աշխարհ մը, ուր գոյատեւելը կը պահանջէ հաւատք, յոյս ու սէր:
Անդրադառնալով Հայ աւետարանական քոլեճի առաքելութեան` պատուելին հաստատեց, որ իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն քոլեճը սորված է Յիսուսի նման զարգանալ «իմաստութեամբ ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով»` դիտել տալով, թէ Հայ աւետարանական քոլեճի մեծագոյն կեդրոնացումն է, նուաճումներու ու դժուարութիւններու երկար ճանապարհին վրայ` հայ ուսանողին կեանքին փոփոխութեամբ փոխել ընկերութիւնը, եւ այս իսկ պատճառով դպրոցը հաստատուած է հայ եկեղեցւոյ կից:
Շարունակելով իր խօսքը` պատ. Ղազարեան ըսաւ, որ Հայ աւետարանական քոլեճը յետեղեռնեան հայ սփիւռքի առաջին երկրորդական վարժարանն է, որուն զաւակները` զինուած հայ քրիստոնեայ դաստիարակութեամբ, աւելիով հաստատ մնացին իրենց կրթութեան մէջ ու յաւելեալ ուժերով լծուեցան իրենց առաքելութեան` «Աստուծմէ ու մարդոցմէ ալ շնորհք գտնելով»` դիտել տալով, որ քոլեճը, տարբեր մակարդակներու վրայ, ունեցաւ դժուար օրեր, սակայն բնաւ պարտութիւն չյայտարարեց: Ան հաստատեց, որ բոլոր ճնշումներու տակ, դպրոցը փակելու երկմտանքներուն դիմաց` եկեղեցին ունայնութիւն սեպեց նիւթականը եւ ամէն գնով իր առաւելագոյնը տուաւ, որպէսզի հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան դրօշը միշտ ծածանի եւ այս ջանքերուն դիմաց Հայ աւետարանական քոլեճը աճեցաւ «իմաստութեամբ ու հասակով, եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով»:
«Մեր հարց հաւատք» երգին յաջորդեց Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի ուղերձը: Ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ պատերազմի ու սարսափելի արհաւիրքներու մէջ պահեց ու պահպանեց այս հաստատութիւնը, զայն օժտեց անհրաժեշտ ամէն ինչով, որ շարունակէ իր առաքելութիւնը անցնող մէկ դարուն, իրականացուց անոր առաքելութիւնը, դպրոցին համար ծառայած ու ծառայող մարդոց հոգիներուն մէջ սերմանեց ջանասիրութեան ու հաւատարմութեան հունտը` զանոնք վերածելով իր գործիքներուն, որոնցմով ապրեցաւ, կը յարատեւէ եւ կը զարգանայ դպրոցը: Դոկտ. Իւրնէշլեան աղօթեց, որ Հայ աւետարանական քոլեճը շարունակէ իր առաքելութիւնը` յանուն Աստուծոյ փառքին ու հայութեան եւ Լիբանանի ծառայութեան համար: «Հայ աւետարանական քոլեճի ջահը վառ պահող իւղը բաղկացած է Աստուածային Բանէն, հիմնադիրներու տեսիլքէն, հայ ու լիբանանցի ժողովուրդներու տոկունութենէն եւ նուիրումէն այն մարդոց, որոնք աշխատած են ու կ՛աշխատին դպրոցին համար: Մենք` Հայ աւետարանական քոլեճի մէջ, հպարտ ենք մեր ձեռքբերումներով, բայց նաեւ կը գիտակցինք, որ 21-րդ դարը ունի իր յատուկ մարտահրաւէրները», շեշտեց տնօրէնը` աւելցնելով, որ հարիւրամեակը ո՛չ միայն տօնակատարութիւն է եւ անցեալը վերանայելու առիթ, այլ նաեւ` ապագան ծրագրելու հնարաւորութիւն` անցնող ժամանակներու հիմնարար արժէքներու եւ նոր օրերու պահանջներու հիմամբ:
Ան դիտել տուաւ, որ 1923-ին աշխարհի ու Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական իրավիճակը աւելի լաւ չէր, քան այսօր, սակայն մեր նախնիները չյանձնուեցան զիրենք պատած յուսահատեցնող տանջանքին, այլ որոշեցին ապրիլ ու բարգաւաճիլ: «Անոնց ամուր վճռականութիւնը, անկոտրում կամքը եւ պայծառ տեսլականը թող առաջնորդեն մեզ այսօր` շարունակելու հարիւր տարի առաջ սկսած երթը», եզրափակեց դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան:
Այնուհետեւ քոլեճի երկրորդական բաժինի աշակերտներէն կազմուած երգեցիկ խումբը մեկնաբանեց «Սուրբերուն աչքերը» երգը, որ նուիրուած է պատմութեան ընթացքին նահատակութեան պսակին արժանացած հայորդիներուն, որոնց զոհողութիւնը նոյնպէս մեր գոյութեան կարեւոր կռուանն է: Ապա ժողովուրդը երգեց «Եկեղեցւոյ հիմը» երգը, որմէ ետք Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեան կատարեց գոհաբանութեան յայտարարութիւնը:
Ան իր գոհաբանութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջին հերթին Աստուծոյ, որուն հովանին անսահման է ու ողորմութիւնը յաւիտենական, մեր կոչումին` որ երկնատուր պարգեւ է ու գիտակից յանձնառութիւն, մեր եկեղեցւոյ, որուն առաքելութեան հիմնասիւներէն է կրթութեան հովանաւորութիւնը, Լիբանանին, որ տագնապներու մէջ տոկալու եւ յուսալու յարատեւ յիշեցում է, Հայաստանին, որ մեր ինքնութեան ակունքն ու ազգային երազներու մեկնակէտն է, շրջանաւարտներուն, որոնց ձեռքբերումները հպարտութեան առիթ են, իսկ նուիրումը մայր կրթօճախին օրինակելի, հիմնադիրներուն, որոնց պայծառ տեսիլքը մինչեւ օրս ներշնչում է ու իրենց գնացքին` փարոս, նախկին եւ ներկայ հոգաբարձուներուն, որոնք հաստատակամօրէն առաջնորդեցին այս նաւը ալեկոծումներէ եւ տակաւին կը նաւարկեն դէպի նորանոր ափունքներ, նախկին եւ ներկայ տնօրէններուն, որոնց աչալուրջ հսկողութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճը դարձաւ եւ է՛ որակաւոր կրթութիւն ջամբող ապահով եւ յուսալի միջավայր, նախկին ու ներկայ ուսուցիչներուն, որոնց նուիրումը անուրանալի է ու հիմնատարր դպրոցի յառաջդիմութեան, աշակերտներուն, որոնք դպրոցի կենսատու շունչն են եւ յոյսը մեր ապագային, նախկին եւ ներկայ ծնողներուն, որոնց վստահութիւնը իրենց յենարանն է ու գոյատեւման երաշխիքը: Եզրափակելով իր խօսքը` Ն. Պաղտոյեան` Հայ աւետարանական քոլեճի մեծ ընտանիքին անունով յայտնեց իրենց վճռական յանձնառութիւնը` շարունակելու դպրոցին հարիւրամեայ երթը, հաւատարիմ` անոր առաքելութեան եւ աւանդներուն, նոր օրերու տեսիլքով ամրապնդուած:
«Փառաբանանք» երգի մեկնաբանութենէն ետք գոհաբանական պաշտամունքը փակուեցաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի առաքելական օրհնութեամբ:
Աւարտին Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբը մեկնաբանեց հոգեւոր երգերու փունջ մը:
Յայտնենք, որ 100-ամեակի խորհրդանշանի յղացումը եւ գծագրումը կատարած է Վազգէն Մուղալեան: