ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան եւ «Մանկական գրքի շաբաթ» նախաձեռնութիւններու սկսելէն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենան գրականութեան՝ յատկապէս բանաստեղծութեան վերաբերող բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ: 19 Մարտին Հայաստանի Գրողներու միութեան կլոր դահլիճին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնած է միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, որ կոչ ուղղած է՝ բաանստեղծութիւնը «դուրս բերել փողոց»:
«Պարտադիր չէ դահլիճում նստել եւ լսել պօէզիա, մետրոյում ցանկացած մէկը կարող է վեր կենալ ու կարդալ, պօէզիան դահլիճային չէ միայն, պօէզան ամէնուրեք կարող են կարդալ, այն պէտք է պատկերացնել ամէնուրեք եւ լրատուամիջոցները, լուսաբանելով ապագայում սպասուելիք այս իրադարձութեան մասին, իրենց բարի դերակատարումը կարող են ունենալ», ըսած է ան։ Միշտ չէ, որ այս օրը կարեւոր նկատուած է, սակայն այս տարի նպատակ կայ լաւագոյնս ներկայացնելու հայկական բանաստեղծութիւնը:
Բանաստեղծները տարբեր վայրերու մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան ընթերցողներուն հետ՝ Խնկօ Ապոր, Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարաններուն մէջ, Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ, Բանաստեղծութեան թատրոնին մէջ, Լոռիի, Տաւուշի եւ հանրապետութեան տարբեր մարզերուն մէջ պիտի կայանան բանաստեղծութեան ու մանկական գրականութեան վերաբերող տարբեր նախաձեռնութիւններ:
Խօսելով մանկական գիրքի շաբաթուան նախաձեռնութիւններուն մասին՝ Միլիտոնեան նշած է, որ բացումը տեղի պիտի ունենայ 27 Մարտին: