ՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 500-ԱՄԵԱԿ
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական խմբակին, այսօր, ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սէրլի Պէսիլ, որ նշեց, թէ հայ տպագրութենէն 500 տարի ետք, հակառակ հաղորդակցութեան նոր միջոցներուն, համացանցին եւ այլ սարքերուն, գիրքերուն արժէքը կը մնայ անփոխարինելի:Պէսիլ ըսաւ, որ հայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայ աշակերտութիւնը պէտք է շարունակէ մտահոգուիլ հայ գիրքով, որովհետեւ դաստիարակութեան, լեզուի զարգացման, նկարագրի կազմաւորումին եւ պատմութեան պահպանման լաւագոյն միջոցն է:
Տեղեկատուական խմբակին կողմէ պատրաստուած հայ տպագրութեան նուիրուած վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»ը:
Օրուան պատգամախօսն էր Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայ տպագրութեան պատմական արժէքն ու հայութեան համար կարեւորութիւնը: Հայր Թոփալեան ըսաւ, որ հայ գիրքը մարդու հոգին կը հարստացնէ եւ միտքը կը զարգացնէ: Իր խօսքի աւարտին, Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան ըսաւ, որ հայ աշակերտը հայ գիրքին հետ երբեք առանձին չէ, եւ յոյս յայտնեց, որ հայ աշակերտը ամբողջական կերպով կ՛արժեւորէ հայ գիրքը` զայն միշտ կարդալով եւ անոր մտերմանալով:
Գեղարուեստական յայտագիրի բ. մասով, Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ հայ աշակերտը իր պատմութեան հետ պէտք է ունենայ ամուր կապ,պէտք է հպարտ զգայ, որ ինք հայ է, եւ պէտք է գիտակցի, որ մեծ ժառանգութիւն ունի: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը նշեց, որ տեղեկատուական խմբակի կազմակերպած իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը ոգեւորիչ էր եւ գնահատելի:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ