Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ հայ երգի տարածման եւ հրատարակման ինքնուրոյն դերը ստանձնած «Շիրակ» հրատարակչատան «Շիրակ երգարան»-ի հեղինակ եւ հրատարակիչ Կարապետ Հաննէսեան իր մահկանացուն կնքեց երկուշաբթի, 18 փետրուար 2019-ին:
Տասնեակ տարիներ «Շիրակ երգարան»-ը բոլոր սփիւռքահայերուն տուները մուտք գործած է, այդ ալ այն տարիներուն, երբ հայ երգի տարածման եւ պահպանման ի խնդիր ընդհանուր ճիգ մը ի գործ կը դրուէր: Պէտք է ընդգծել, որ ինչպէս Ատիս Հարմանտեանը, Լեւոն Գաթրճեանը, Մանուէլ Մէնէնկիչեանը հայ երգը տարածեցին, Կարապետ Հաննէսեանի «Շիրակ երգարան»-ն ալ այդ աշխատանքը ամբողջացնող մեծ գործ կատարեց եւ գալիք տարիներուն ալ այս երգարանները իրերայաջորդ սերունդներուն համար կարեւոր պիտի ըլլան:
«Շիրակ» հրատարակչատունը նաեւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ հայ գիրքի հրատարակութեան եւ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու առումով իր ներդրումը ունեցած է:
Կարապետ Հաննէսեանը իր հրապարակագրական յօդուածներով, գիրքերու հրատարակութեամբ եւ մասնաւորապէս «Շիրակ երգարան»-ի շարունակական տարիներու լոյս ընծայման առումով մեծ վաստակ ունի:
Սփիւռքի մէջ հայ գիրքին հանդէպ սէր եւ նուիրում ունեցող անհատները իրենց աշխատանքով, զոհողութիւններով եւ անանձնական պահուածքով շնորհակալ դեր ունեցած են, եւ Կարապետ Հաննէսեանը այդ անձերէն մէկն է: