Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 50 վայրկեաննոց տեսանիւթով մը ներկայացուցած է 2018ի հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վերաբերող առաջնակարգ ծրագիրներն ու նպատակները: Անոնք կը վերաբերին Արցախի Հանրապետութեան ապահովութեան երաշխաւորման, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական կապերու ամրապնդման:
Տեսանիւթին մէջ ելոյթ կ՛ունենայ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ կոչ կ՛ընէ Հայաստանի բարեկամներուն գործի անցնելու ու Հայ Դատի ծրագիրներու իրականացման նպաստող նամակներով դիմելու ամերիկացի քոնկրեսականներուն՝ այցելելով anca.org/2018 կայքէջը։
Արցախի մասով Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ կը պատրաստուի դիմելու ամերիկեան վարչակազմին՝ պահանջելով աւելի աղդու ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի անիկա դադրի խոչընդոտելէ Արցախի մէջ սահմանային լարուածութեան մեղմացման ուղղուած Ռոյս-Էնկըլ առաջարկներու կեանքի կոչման ջանքերը:
Նշենք, որ տուեալ առաջարկին մէջ կոչ կ՛ըլլայ արձակազէնները հեռացնելու շփման գիծէն, ԵԱՀԿի կողմէ վերահսկուող արդիական համակարգեր եւ ձայնային սարքաւորումներ տեղակայելու՝ յարձակումներու աղբիւրը ճշդելու համար, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի դիտորդներ տեղակայելու՝ հրադադարի խախտումներու դէպքերն աւելի լաւ կերպով վերահսկելու նպատակով:
Հայ Դատը նաեւ կ՛առաջարկէ դադրեցնել Պաքուի տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնները, ամբողջացնել Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական առաքելութիւններու իրականացման համար առնուազն 8 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախի Հանրապետութեան:
Նաեւ, Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ Ապրիլ 24ին հանդէս գայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչցող եւ զայն ուրանալու Թուրքիոյ ջանքերը դատապարտող յայտարարութեամբ, միաժամանակ Քոնկրեսէն ակնկալելով, որ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող երկկուսակցական բանաձեւ մը վաւերացնէ:
Առաջնահերթութիւններուն շար-քին է նաեւ անցեալ տարուան Մայիս 16ին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ խաղաղ ցոյց կատարողներու վրայ յարձակումի դէպքին լուրջ հետաքննութեան շարունակումը եւ պատասխանատուներու արտայանձնումը:
Հայ Դատը դարձեալ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց՝ սերտօրէն համագործակցելու Հայաստանի հետ, երկկողմանի առեւտուրն ու ներդրումները զարգացնելու նպատակով հարկային նոր համաձայնագիր կնքելու, Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքներ հաստատելու, ինչպէս նաեւ 2019ի պետական ամավարկին մէջ առնուազն 40 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն յատկացնելու Հայաստանին՝ տնտեսական եւ ռազմական կապերը զարգացնելու համար, իսկ յաւելեալ 40 միլիոն տոլար՝ Միջին Արեւելքէն Հայաստան ժամանած գաղթականներուն կարիքները հոգալու համար:
Աւարտին, կոչ կ՛ըլլայ ամերիկեան կառավարութեան՝ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանին զէնքի եւ զինամթերքի վաճառքը սառեցնելու կամ դադրեցնելու: