ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ ցեղային ուսմանց նոր դասանիւթին մէջ ամերիկահայերու փորձառութիւնը եւս ներառուած է։
Նահանգին աւելի քան մէկ միլիոն հայերուն ձայնը նշեալ դասանիւթին մէջ լսելի դարձնելու նպատակով, յատկանշական աշխատանք տարած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու ենթայանձնախումբը, վերջին երկու տարիներուն մօտէն գործակցելով նահանգային կրթական մարմիններուն հետ։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք կրթական հարցերու յանձնախումբին, իրնեց տարած կենսական աշխատանքին համար, որուն շնորհիւ դասանիւթը աւելի ամբողջական դարձած է», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ նոր դասանիւթին շնորհիւ, ուսուցիչները պիտի կարենան նահանգային ցեղային բազմազանութիւնը եւ անոր հետ եկող հարստութիւնը աւելի լաւ կերպով ներկայացնել աշակերտութեան։
Յիշեցնենք, որ նահանգը նաեւ կը պահանջէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դասանիւթը մաս կազմէ հանրային վարժարաններու 7-12 դասարաններու դասանիւթերու ցանկին։