ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ եկեղեցին Յիսնակի երրորդ կիրակիի յաջորդող շաբաթ օրը` դեկտեմբեր 12-18-ի միջեւ, կը տօնէ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետի, Մարուգէ Ճգնաւորի եւ Մելիտոս եպիսկոպոսի յիշատակը: Տօնը կանխող շաբաթապահքը ծանօթ է Սուրբ Յակոբի պահք անունով:
Սուրբ Յակոբ Մծբնացի հայրապետ ծնած է Մծբին (այժմ` Նուսէյպին) քաղաքը եւ ծագումով ասորի էր: Վարքաբանական աղբիւրներու համաձայն, ան Պարթեւական տոհմէն էր եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի հօրաքրոջ` Խոսրովուհիի որդին:
Անակ Պարթեւի տոհմի բնաջնջումէն ետք դայեակները մանուկ Յակոբն ու Գրիգորը փախցուցին Կեսարիա, ուր անոնք քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացան:
Հետագային Յակոբ իր քրոջ` Սակդէնի հետ Պարսկաստան փոխադրուեցաւ եւ որոշ ժամանակ արքունիքին մէջ ապրեցաւ: Սակայն Յակոբ ձգեց ճոխ կեանքը եւ որոշեց իբրեւ ճգնաւոր ապրիլ:
Քարայրի մը մէջ աղօթքով ու ծոմապահութեամբ ապրելով, ան վայրի ծառերու պտուղներով ու բանջարեղէնով կը սնանէր: Այծի մորթ հագած եւ բոկոտն, կը շրջէր ժողովուրդին մէջ եւ հոգեշունչ քարոզներ կու տար:
Ժամանակ մը ետք Սուրբ Յակոբ ճամբայ ելաւ դէպի Մծբին, որուն մօտակայ վանքի մը մէջ Մարուգէ ճգնաւոր վանահայրը կը բնակէր: Մարուգէ Աստուծոյ կողմէ մարգարէական շնորհ ստացած էր: Երկու սուրբերը իրենց առաքելութեան սկսան, եւ անոնց անունը ամէնուրեք տարածուեցաւ: Շատ մը հեթանոսներ դարձի եկան եւ քրիստոնեայ մկրտուեցան:
Ասորիներ Սաթիթմայի գետին մօտ հանդիպեցան Սուրբ Յակոբի եւ ծաղրելով առաջարկեցին, որ ջուրին վրայէն քալէ: Սուրբ Յակոբ վերարկուն ջուրին վրայ փռեց եւ քալելով գետը անցաւ:
* * *
Սուրբ Յակոբ փափաքեցաւ բարձրանալ Արարատ լեռ, գտնելու համար Նոյեան տապանը եւ անկէ մաս մը բերելու Մարուգէ ճգնաւորին: Օր մըն ալ, լուսաբացին, ան գաւազանը ձեռք առաւ, խաչակնքեց ու ճամբայ ելաւ` Նոյ նահապետի հետքերով:
Սուրբ Յակոբ հասաւ Արարատ լեռ, բայց չկրցաւ բարձրանալ սուրբ լերան կատարը: Սաստիկ յոգնած ու հիւծած, պառկեցաւ խոտերու վրայ, գլուխը քարին դրաւ ու քնացաւ: Երբ արթնցաւ, յայտնաբերեց, որ ինք կանգնած է Արարատի ստորոտը: Սուրբ Յակոբ խաչակնքեց ու կրկին սկսաւ բարձրանալ Արարատի գագաթը: Երեք անգամ փորձեց բարձրանալ խորհրդաւոր գագաթը, որպէսզի յայտնաբերէ Նոյեան տապանը, բայց ամէն անգամ ալ ճամբան ուժասպառ եղաւ եւ, գագաթը չհասնելով, քնացաւ քարերու վրայ, իսկ երբ կրկին արթնցաւ, ինքզինք գտաւ լերան ստորոտը, ուրկէ սկսած էր արշաւը:
Սուրբ Յակոբի ապարդիւն ջանքերը տեսնելով` Աստուած անոր մօտ ուղարկեց հրեշտակ մը, որ յայտնեց, թէ լեռը բարձրանալ պէտք չէ: Իբրեւ հաւատքի ու համբերութեան հատուցում` Աստուած սուրբին ուղարկեց տապանէն կտոր մը: Երբ Սուրբ Յակոբ արթնցաւ, իր գլխուն տակ գտաւ քարացած փայտի այդ կտորը:
Հոն, ուր ննջած էր Սուրբ Յակոբ, բխեցաւ աղբիւր մը, որ կոչուեցաւ Սուրբ Յակոբայ աղբիւր:
Սուրբ Յակոբ Մասիսի վիհի եզրին գտնուող Ակոռի գիւղէն հիւսիս-արեւմուտք` հոն, ուր գտած էր փայտը, վանք հիմնեց եւ սրբութիւնը հոն պահեց: Ակոռի եւ Սուրբ Յակոբայ վանքը կործանեցան 1840-ի երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք: Սրբազան մասունքը պահուած է Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Սրբազան մասունքէն մաս մը առնելով, Սուրբ Յակոբ վերադարձաւ Մարուգէ ճգնաւորին մօտ:
***
Մծբինի եպիսկոպոսի վախճանումէն ետք Մարուգէ ճգնաւոր ունեցաւ տեսիլք մը, որուն համաձայն, վախճանեալ եպիսկոպոսին արժանի յաջորդը Սուրբ Յակոբն է: Սուրբ Յակոբ Մծբինի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Անտիոքի Մելիտոս եպիսկոպոսէն:
Սուրբ Յակոբ 325-ին մասնակցեցաւ Նիկիոյ տիեզերական առաջին ժողովին, ուր հայոց կողմէ ներկայ էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի որդին` Սուրբ Արիստակէս:
Սուրբ Յակոբի քարոզչութիւններուն շնորհիւ քրիստոնէութիւնը արագօրէն տարածուեցաւ Մծբինի մէջ:
Սուրբ Յակոբ բազմաթիւ հրաշքներ գործած եւ շատ անդամալոյծներ ու հիւանդներ բժշկած է:
Սուրբ Յակոբ 338-ին, պարսից Շապուհ Բ. թագաւորի արշաւանքներու ընթացքին կազմակերպեց Մծբինի եօթանասուն օրուան պաշտպանութիւնը` պարսկական զօրքին դէմ:
Սուրբ Յակոբի գրիչին կը պատկանին աստուածաբանական եւ բարոյախօսական ճառեր եւ գրութիւններ:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Յակոբի մասին գովաբանական ճառ գրած է, իսկ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետ անոր նուիրած է «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» շարականը:
Սուրբ Յակոբ հոգին Աստուծոյ յանձնած է շուրջ 350-ին:
***
Սուրբ Մելիտոս եպիսկոպոս Մելիտինէ քաղաքէն էր: Ան սկիզբը Սեբաստիոյ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ, իսկ հետագային Անտիոքի եպիսկոպոսը եղաւ:
Սուրբ Մելիտոս աննկուն պայքար մղեց արիոսականներուն դէմ: 381-ին գլխաւորեց Պոլսոյ տիեզերական երկրորդ ժողովը, սակայն ժողովի աւարտէն առաջ վախճանեցաւ: