ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ եկեղեցին Յիսնակի (Սուրբ Ծնունդը կանխող յիսուն օրերու շրջան) առաջին կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը կը տօնէ Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչներ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն յիշատակը:
Յիսուսի տասներկու աշակերտները, իրենց Տիրոջ պատգամին համաձայն` «Գացէ՛ք ուրեմն աշակերտ դարձուցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգոյն սրբոյ», շրջեցան աշխարհով մէկ եւ ամէնուրեք տարածեցին Քրիստոսի լոյսը:
Առաքեալներէն երկուքը` Սուրբ Թադէոս (Ղեբէոս, Յուդա Յակովբոս) եւ Սուրբ Բաթողիմէոս (Նաթանայէլ), մարերուն, պարսիկներուն եւ ասորիներուն մօտ քարոզելով հասան Հայաստան:
* * *
Թադէոս առաքեալ Միջագետքի մէջ քարոզելէ ետք հասաւ Եդեսիա, ուր բազմաթիւ հրաշքներ գործեց եւ բուժեց Աբգար թագաւորը: Հիւանդութենէն հրաշքով փրկուած թագաւորը, իշխաններ ու բազում ժողովուրդ հաւատացին Յիսուսի եւ մկրտուեցան: Թադէոս առաքեալ Ադդէն Եդեսիոյ եպիսկոպոս ձեռնադրեց:
Սուրբ Թադէոս Եդեսիայէն անցաւ Հայաստան եւ Արտաշատի բլուրին վրայ հանդիպեցաւ Բարթողիմէոս առաքեալին: Երկու առաքեալները ամբողջ գիշերը միասին աղօթեցին, ապա իւրաքանչիւրը գնաց իր ճանապարհով: Առաքեալներու հանդիպման վայրը (Խոր Վիրապի վանքէն արեւմուտք) կոչուեցաւ Օթեաց Խաչ:
Թադէոս առաքեալ հասաւ Վասպուրականի Արտազ գաւառը: Սանատրուկ թագաւորի ամարանոց Շաւարշան (ներկայիս` Մակու) քաղաքին մէջ ան պատեհ առիթ ունեցաւ պալատ մտնելու: Գեղադէմ եւ վայելուչ արքայադուստր Սանդուխտ կոյս գիշերը գաղտագողի առաքեալին հետ տեսնուեցաւ, հաւատաց Քրիստոսի, ընդունեց նոր կրօնը եւ մկրտուեցաւ առաքեալին ձեռքով:
Առաքեալի քարոզչութեամբ, բազմաթիւ մարդիկ դարձի եկան եւ քրիստոնեայ մկրտուեցան:
Սանատրուկ արքան հրամայեց սուրի քաշել բոլոր նորադարձները, իսկ Սանդուխտը` բանտարկել:
Սանատրուկ ի զուր փորձեց համոզել Սանդուխտը, որ հրաժարի իր նոր հաւատքէն: Սանդուխտ հաստատ մնաց իր հաւատքին մէջ: Թադէոս առաքեալ գաղտնի բանտ այցելեց եւ սրտապնդեց Սանդուխտը: Առաքեալին աղօթքներուն շնորհիւ Սանդուխտի եւ միւս բանտարկեալներուն շղթաները քանդուեցան: Այս տեսնելով, երեսուներեք բանտապահներ դարձի եկան:
Սանատրուկ, տեսնելով դստեր անդրդուելի կորովն ու հաւատքը, հրամայեց սպաննել զայն: Դահիճը, որ պիտի գլխատէր Սանդուխտը, սուրով խոցեց արքայադստեր սիրտը: Երեք օր Սանդուխտի մարմինին վրայ երկինքէն իջած լոյս տարածուեցաւ: Զայն թաղեց Թադէոս առաքեալ:
Թադէոս առաքեալը նետեցին առիւծներու առջեւ` յօշոտուելու, սակայն գազանները անոր մօտենալով սկսան ոտքերը լիզել: Այնուհետեւ կրակի մէջ նետեցին, սակայն ան հրաշքով անվնաս մնաց: Ի վերջոյ վճռուեցաւ զայն սուրով սպաննել: Մահապատիժի վճիռը գործադրուեցաւ, եւ Թադէոս առաքեալ սրամահ եղաւ: Նահատակութեան պահուն յանկարծ լոյս ծագեցաւ եւ բացուեցաւ այն վէմը, որով Թադէոս ծածկած էր Սանդուխտի գերեզմանը, եւ առաքեալին մարմինը հոն ամփոփուեցաւ:
Հետագային, Ե. դարուն, Յովհան Մանդակունի կաթողիկոսին օրով, Կիրակոս ճգնաւոր տեսիլքով գտաւ Թադէոս առաքեալի եւ Սանդուխտ կոյսի նշխարները: Անոնց գերեզմանին վրայ կառուցուած է Սուրբ Թադէի վանքը` Մակուէն հարաւ-արեւելք, Աւարայրի դաշտին հիւսիս-արեւելեան կողմը, Ալական լերան փէշերուն:
Թադէոս առաքեալ Հայաստան բերած էր Սուրբ Գեղարդը, որով հռոմէացի Ղունկիանոս հարիւրապետը խաչի վրայ խոցած էր Յիսուսի կողը, ինչպէս նաեւ բաժին մը այն իւղէն, որ Յիսուս փոխանցած էր առաքեալներուն:
* * *
Բարթողիմէոս առաքեալ Հայաստան հասնելէն ետք քարոզչութեան սկսաւ Սիւնեաց նահանգէն, ուրկէ անցաւ Գողթն գաւառ:
Գողթնի մէջ ան իր պարսիկ հետեւորդներէն Կումսը եպիսկոպոս ձեռնադրեց եւ Որդուար (ներկայիս` Օրդուբադ) քաղաքին արեւմտեան կողմը Տեառն Ընդ Առաջ եկեղեցին կառուցեց:
Բարթողիմէոս առաքեալ այնուհետեւ տեղափոխուեցաւ Արտաշատ, ուր հանդիպեցաւ Թադէոս առաքեալին:
Արտաշատէն Բարթողիմէոս առաքեալ մեկնեցաւ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներ, այնուհետեւ` Անձեւացեաց գաւառ:
Բարթողիմէոս առաքեալ իրեն հետ Հայաստան բերած էր Աստուածամօր պատկերը: Ան Անձեւացեաց գաւառի Դարբնաց քար վայրին մէջ, Անահիտի մեհեանին տեղ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Հոգեաց վանքը կառուցեց, Աստուածամօր պատկերը հոն զետեղեց եւ կուսանոց հիմնեց:
Աստուածամօր այդ պատկերը Բարթողիմէոսի յանձնած էր Յովհաննէս Աւետարանիչ` իբրեւ սփոփանք եւ ապաքինում հիւանդներուն: Սուրբ Կոյսի ննջման եւ թաղման ժամանակ Բարթողիմէոս ներկայ չէր եղած եւ վերադառնալէն ետք շատ տրտմած էր, որ չէր կրցած հրաժեշտ տալ Աստուածածնին: Բարթողիմէոսի թախանձանքին տեղի տալով, միւս առաքեալները բացած էին Սուրբ Կոյսին գերեզմանը, բայց զայն թափուր գտած էին: Աստուածածինը վերափոխուած էր երկինք:
Բարթողիմէոս առաքեալ Անձեւացեաց գաւառէն անցաւ Աղբակ գաւառի Արեւբանոս (Ուրբանոս) քաղաքը: Առաքեալի Սուրբ Հոգիով լեցուն քարոզչութեամբ քրիստոնէութիւն ընդունեցին Սանատրուկ թագաւորի ազգականներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ արքային քոյրը` Ոգուհին:
Սանատրուկ թագաւոր, լսելով քրոջ յանդգնութեան մասին, անոր մօտ ուղարկեց Տերենտիոս հազարապետը, որպէսզի համոզէ նորադարձ իշխանուհին` կռապաշտութեան վերադառնալու: Բայց Տէրը բացաւ Տերենտիոսի միտքն ու հոգին, եւ ան եւս քրիստոնեայ դարձաւ ու մկրտուեցաւ:
Զայրացած թագաւորը հրամայեց սպաննել Բարթողիմէոս առաքեալը, Ոգուհին եւ Տերենտիոս հազարապետը:
Բրածեծ եւ մաշկազերծ եղած ժամանակ Սուրբ Բարթողիմէոս բազկատարած աղօթեց. «Հա՛յր, օգնէ՛ հոգ տանելու այս երկրին, որ ոտնակոխ չըլլայ թշնամիէն: Անոնց տուր հովիւ եւ առաջնորդ, որ Քեզ ճանչնան միակ ճշմարիտ Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքիչ: Զիս եւս ընդունէ, Տէ՛ր իմ, եւ Քեզ հաւատացողներս պահպանէ»:
Աղօթքէն ետք Բարթողիմէոս առաքեալ հոգին աւանդեց:
Երանելի Ոգուհի եւ Տերենտիոս հազարապետ սրախողխող ըլլալով նահատակուեցան:
Անոնց արիասիրտ նահատակութեան երկու հազար վկաներ քրիստոնեայ դարձան:
Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալի գերեզմանին վրայ, Աղբակի մէջ, Մեծ Զաբ գետի աջ ափի բլուրի գագաթին հետագային կառուցուեցաւ Սուրբ Բարթողիմէոսի վանքը: