Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին հրաւէրով Լիբանան ժամանած հայրենի համբաւաւոր արուեստագէտ, երգահան, յօրինող Տիգրան Մանսուրեան, Լիբանանահայ մշակութային միութիւններու հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 15 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան այցելեց ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոն, ուր ի պատիւ հայրենի հիւրին ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութիւնը կազմակերպած էր գողտրիկ երեկոյ մը:
Ի ներկայութիւն, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, ՀԵԸ-ի մշակութային միաւորներու վարչութիւնները ներկայացնող ընտրանիի մը, ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան բարի գալուստ մաղթեց հայրենի հիւրին եւ ներկաներուն, պատիւ համարելով միութեան յարկին տակ ընդունիլ մեծանուն յօրինող, երաժշտագէտը: Ան դիտել տուաւ, թէ անկարելի պիտի ըլլայ քանի մը վայրկեանի մէջ ներկայացնել Տիգրան Մանսուրեանի կենսագրականը: Ապա Շահէ Պապահեքեան անդրադարձաւ Տիգրան Մանսուրեանի կեանքի հանգրուաններուն, մանկութիւնը, հայրենադարձութիւնը, երաժշտական ասպարէզ մուտքը, ճանաչումը հայրենի եւ միջազգային բեմահարթակներու վրայ:
Տեսաերիզի վրայ ցուցադրուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի կեանքի հանգրուանները յատկանշող ժապաւէն մը: Մայէսթրոյի 80-ամեակին առիթով, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնէութեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անակնկալ այցելութիւնը անոր բնակարանը:
Սրտի խօսք փոխանցեց ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեանը: Թանկագին Մայէսթրոյին արժեւորումը կատարելէ ետք, ան, յանուն ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի ղեկավարութեան եւ համայն միութենականներուն շնորհաւորեց յոբելեարը՝ 80-ամեակին առիթով, մաղթելով առողջութիւն, ստեղծագործական նորանոր նուաճումներ, ի փառս հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման: Ահարոն Շխրտըմեան իր խօսքը եզրափակեց վկայակոչելով Տիգրան Մանսուրեանի մասին հայրենի արուեստագէտ Երուանդ Ղազանչեանի տպաւորութիւնները.« Եզրակացնելով՝ պիտի մէջբերեմ Հայաստանի ժողովրդային արուեստագէտ Երուանդ Ղազանչեանի տպաւորութիւնները: Ի դէպ յայտնեմ, թէ Երուանդ Ղազանչեան երկար տարիներ եղած է ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին բեմադրիչը».ըսաւ ան, խօսքը տալով Երուանդ Ղազանչեանին.«Մանսուրեանի մասին կարելի է խօսիլ առաւօտէն մինչեւ գիշեր, գիշերէն՝ լուսաբաց: Հայոց լեզուի մէջ բառեր կան, որոնք քիչ կ’օգտագործուին, օրինակ՝ “պարկեշտ” եւ “ազնուագոյն” բառերը: Տիգրանը պարկեշտ եւ ազնուագոյն մարդ է: Ան, իր աշխատանքով կ’արդարացնէ ազգանունին վերջին «եան»ը»:
Հայրենի սիրուած յօրինող երաժշտագէտ, արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան յայտնեց, թէ բաւական դժուար եղած է անոր կեանքի ճանապարհը: Սակայն ինք մնացած է լաւատես եւ համբերատարութեամբ պայքարած է զանազան դժուարութիւններու դէմ: Մանսուրեան ըսաւ, թէ հաւատարիմ մնացած է իր սկզբունքներուն, բազում զոհողութիւններով պահպանած է իր ինքնուրոյնութիւնը եւ վերջաւորութեան արժանացած է երկար ժամանակ իրմէ զլացուած համբաւին: Այսօր, անոր ութսունամեակը մեծ տարողութեամբ կը նշուի սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ:
Մանսուրեան ըսաւ, թէ մանկութենէն սիրած է գիւղը, անոր հանդարտ բնութիւնը, անմեղ բնակիչները, գիւղի առօրեան: Պատահական չէ, որ իր գործերուն մէջ տեղ գտած են այդ ապրումները: Աշխատելով հանդերձ արտերկրի համբաւաւոր նուագախումբերու, յօրինողներու, երաժշտագէտներու հետ, անոր կարծիքով, Հայաստանը այն հողն է, որ պարարտ ենթահող ծառայած է իր ստեղծագործութիւններուն:
Պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն, Տիգրան Մանսուրեան վերյիշեց իր մանկութեան օրերը, ծննդավայրը՝ Պէյրութը, Այն Մըրէսիի թաղամասը, մանկութեան տարիներուն լսած եւ սորված արաբերէն երգերը, նաեւ խօսեցաւ մօտիկ ապագայի ծրագիրներու մասին:
Տիգրան Մանսուրեան իր հիացմունքը յայտնեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ծաւալած աշխատանքին: Ան ըսաւ, թէ բազմաթիւ առիթներով գործակցած է ՀԲԸՄ-ի հետ: Յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀԲԸՄ-ին:
Հանդիպումի աւարտին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան գնահատանքի յուշանուէրով մը պատուեցին Տիգրան Մանսուրեանը:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան Տիգրան Մանսուրեան Մարդուն եւ Արուեստագէտին:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ