Օրերս Կազանի մէջ իրականացուած «Աստղային տոմս» միջազգային մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է հայ բանաստեղծ Յարութիւն Յովակիմեանը: Մրցանակաբաշխութիւնը իրականացուած է «Աքսեօնով ֆէստ» փառատօնի ծիրէն ներս: Յարութիւն Յովակիմեան յաղթող ճանչցուած է «Պոեզիա» անուանակարգին մէջ:
Յարութիւն Յովակիմեան ՀԳՄ անդամ է: 2010 թուականին գրականութեան ոլորտին մէջ արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակին: NEWS.am STYLE-ի հետ զրոյցին Յարութիւնը կը պատմէ, թէ իր ստեղծագործութիւնը ինչպէս յայտնուած է մրցոյթին մէջ, ինչ ապրումներ ունեցած է մրցանակը ստանալուն եւ այլ մանրամասներ:
«Ինծի համար շատ անսպասելի էր այս մրցանակը: Մէկ տարի առաջ «Նժարներու պարը» վերնագիրով իմ բանաստեղծութիւններու շարքը տպագրուեցաւ «Օկտեաբր» ամսագիրին մէջ: Իսկապէս երջանիկ էի, բայց երբեք չէի պատկերացներ, որ այն կը գնահատուի ոչ միայն ընթերցողի կողմէ, այլեւ Վասիլի Ակսեօնովի փառատօնի ծիրէն ներս կ’արժանանայ «Աստղային տոմս» միջազգային մրցանակին: Ատիկա իսկապէս հրաշք էր, սակայն մրցանակը մեծ հրաշքի դրսեւորումներէն մէկն է»-, կը նշէ երիտասարդ բանաստեղծը:
Յովակիմեանի խօսքով` ինք մրցոյթին մասին տեղեակ չէ եղած. առաջադրուած է ռուսական մամուլի կողմէ:
«ինչ-որ չափով ծանօթ էի Վ. Ակսեօնովի ստեղծագործութիւններուն, անոր անուան փառատօնին, բայց չէի պատկերացներ, որ կը ստանամ այն մրցանակը, որուն արժանացած են իմ սիրելի ժամանակակից գրող, արձակագիր Տենիս Օսոկինը եւ տաղանդաւոր բանաստեղծուհի Աննա Ռուսը»,-ըսաւ ան:
Խօսելով մրցանակը ստանալուն իր ապրումներուն մասին, Յարութիւնը նշեց, որ շատ յուզուած էր:
«Մրցանակը ինծի յանձնեցին Կազանի Րատուշայի մէջ, Կազանի յարգարժան քաղաքապետի` Իլսուր Ռաիսովիչ Մետշինի գլխաւորութեամբ: «Աստղային տոմսը» ստանալուս բաւականին յուզուած էի: Ցանկութիւնս էր շնորհակալական խօսքս աւարտելուս պէս բանաստեղծութիւնս ընթերցել հայերէնով, ապա նոր ռուսերէնով ` Անահիտ Թադեւոսեանի թարգմանութեամբ: Նաեւ ես հրաժարեցայ ընթերցել երաժշտութեան ներքոյ, քանզի մեր աղօթքի լեզուն ինքնին երաժշտութիւն է… Ցանկութիւնս ողջունեցին նաեւ փառատօնի կազմակերպիչներն ու ներկաները, եւ խօսքս աւարտելուս պէս շնորհաւորողները յիշեցին Կոմիտասին, Փարաջանովին, Նարեկացիին… »:
Անդրադառնալով իր յետագայ ծրագիրներուն, Յովակիմեան նշեց, որ կը պատրաստուի տպագրել բանաստեղծութիւններու երկրորդ ժողովածուն եւ աւելի խորը զբաղիլ իր երկրորդ մասնագիտութեամբ` հագուստի ձեւաւորմամբ, «եւ պարզապէս ապրիլ… »: