ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 12 եւ 13 Մայիսին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրականացուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 21 Մայիսի կէսօրուան դրութեամբ, էական փոփոխութիւններ չէ կրած։
Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ նաեւ անդրադարձաւ 20 Մայիսի երեկոյեան, հայկական եւ ատրպէյճանական ընկերային ցանցերուն վրայ եւ լրատուամիջոցներով տարածուող տեսանիւթերուն պատճառով հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորականներուն միջեւ Սեւ լիճի մերձակայքը ծայր առած է վիճաբանութեան եւ ծեծկռտուքին, որ, ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, «հարթուած է վերադաս հրամանատարութեան ջանքերով»: Նշուեցաւ, որ միջադէպին իբրեւ առդիւնք՝ հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներ մարմնական թեթեւ վնասուածքներ ստացած են:
«Ընդհանուր առմամբ` իրավիճակը կայուն է: Հայկական Զու ստորաբաժանումները լիարժէք վերահսկում են իրադրութիւնը` շարունակելով արգելափակուած պահել ադրբեջանցի զինուորականներին», նշեց նախարարութիւնը:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Հայաստանի դատախազութիւնը՝ նշելով, որ զինուորական դատախազութեան, Գորիսի կայազօրի զինուորական դատախազի յանձնարարութեամբ եւ լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն հիման վրայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Սիսիանի Գորիսի բաժանմունքին նախապատրաստուած նիւթերով պարզուած է, որ 20 Մայիսին ատրպէյճանցի զինուած ուժերու խումբ մը ծառայողներ առանց թոյլտուութեան հատած են Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Խոզնավար գիւղի հատուածի պետական սահմանը: Անոնք շուրջ 1.5 քիլոմեթր յառաջացած են Հայաստանի տարածքին մէջ, դիրքաւորուած եւ իրենց մօտեցած Հայաստանի զինուորներուն հասցէին բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքներ ուղղած են եւ յայտնած, որ այդ տարածքը կը պատկանի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, իսկ յառաջանալու պարագային սպառնացած են կրակ բանալ: Անկէ ետք հայ զինուորները կրցած են զանոնք ետ ուղարկել ելման դիրքերը:
Նոյն օրը, աւելի ուշ, ատրպէյճանցի շարք մը զինուորներ խումբով, դարձեալ առանց պատշաճ թոյլտուութեան, հատած են նոյն հատուածի պետական սահմանը, վէճի բռնուած անոնց ընդառաջ գացած, իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարող հայ զինուորականներուն հետ: Փոխադարձ ծեծկռտուք եղած է, 11 հայ զինուորներ վիրաւորուած են, իսկ Հայաստանի զինուած ուժերը կրցած են ատրպէյճանցիները ուղարկել ելման դիրքերը: Դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ։
21 Մայիսին Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսէթ Պօղոսեան՝ Սիւնիքի հարցերով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ստեղծուած միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի ղեկավար Ռոբերտ Ղուկասեանի ու խումբի անդամներու հետ այցելեց Տեղ համայնքի Խոզնավար գիւղը, ուր նախօրէին դէպք մը պատահած էր հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու միջեւ: Անոնք հանդիպում ունեցաւ բնակիչներու հետ, լսեց անոնց մտահոգութիւնները՝ ապահովութեան միջավայրի եւ ենթակառուցուածքներու վերաբերող:
20 Մայիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած օտար դեսպանութիւններու ռազմական կցորդները եւս այցելեցին Սիւնիքի մարզը` Հայաստանի տարածքը Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներթափանցման պատճառով ստեղծուած իրավիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով:
Հրամանատարութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ռազմական կցորդները այցելեցին Սեւ լիճի մերձակայքը, արձանագրեցին Հայաստանի տարածքին ատրպէյճանցի զինուորականներու ներկայութիւնը, դիտարկեցին շրջանին մէջ հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերու տեղակայումը: