Փետրուար 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 14-րդ տօնավաճառի ծիրէն ներս Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի հեքիաթի սրահին մէջ կազմակերպուած հեքիաթապատումին:
Սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցաւ Երեւանի Մարտիրոս Սարեանի անուան թիւ 86 դպրոցի երրորդ եւ չորրորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, զրուցեց մայրենի լեզուի մասին, լսեց անոնց մտահոգութիւնները հայոց լեզուի մաքրութեան վերաբերեալ: Ան հիացաւ մայրենիի մասին երեխաներու բազմակողմանի գիտելիքներով: Երեխաները արտասանեցին հայոց լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններ:
«Հայ ժողովրդի գանձարանում ամենաթանկ գանձն է հայերէնը, եւ մեզանից իւաքանչիւրի պարտքն է պահել, պահպանել ու զարգացնել այն»,- ըսաւ նախարարը:
Այնուհետեւ Հրանոյշ Յակոբեան երեխաներու խնդրանքով ընթերցեց Յովհաննէս Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններէն:
Նախարարը յորդորեց դպրոցին մէջ լաւ սորվիլ բոլոր առարկաները, բայց առանձնակի սիրով ու հոգածութեամբ կիրառել մայրենին, լսել ծնողներու խորհուրդները եւ դառնալ լաւ մարդ, լաւ մասնագէտ, լաւ զաւակ ու լաւ հայ: