ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարչապետի ուղերձին մէջ նշուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով։
Հայրենական մեծ պատերազմին մեր նախնիներուն տարած յաղթանակը իսկապէս պատմական էր։ Այդ յաղթանակն ու անոր հետ կապուած խաղաղութիւնը նոր դռներ բացին մեր ժողովուրդին համար եւ նոր հորիզոններ բացին անոր ստեղծագործ աշխատանքին, երկրի շէնացման ու զարգացման համար:
Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները այդ յաղթանակին տուին այն ամէնը, ինչ կրնային եւ փառքով պսակեցին իրենց անունը երկրորդ աշխարհամարտի բոլոր ճակատներուն մէջ, ինչպէս նաեւ թիկունքին, պարտիզանական կռիւներուն եւ դիմադրական շարժումներուն ժամանակ։
Խորին ակնածանքով՝ այսօր մենք մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր վեթերաններուն։
Այսօր մեզի համար կրկնակի տօն է։ Մենք կը տօնենք Շուշիի ազատագրման հերթական տարեդարձը։ Այդ փառաւոր յաղթանակը սոսկ ռազմական յաջողութիւն չէր։ Ատով արցախահայութիւնը փրկուեցաւ բնաջնջման վտանգէն եւ ձեռք բերաւ խաղաղ ապրելու հեռանկար։
Այսօր մենք գլուխ կը խոնարհենք մեր բոլոր նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ կը հաւաստիացնենք, որ անհատի եւ ազգի ազատութեան ոտնահարումը պիտի չի հանդուրժուի։ Պիտի չի հանդուրժուի, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ունի մարդասիրական իտէալներ, ազատասէր ոգի, ինչպէս նաեւ միասնական կամք՝ պաշտպանելու այդ իտէալները։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, ժողովրդական, թաւշեայ յեղափոխութիւնը, անոր համաժողովրդական ընդգրկումը եւս անբեկանելի ապացոյց մըն է, որ մենք ունինք յստակ պատկերացում, թէ ինչ են ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ խաղաղասիրութիւնը։ Այսօր հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կրկին վստահ է իր ուժերուն, Շուշիի ազատագրման ոգին արթուն է մեր սրտերում եւ աչքերուն մէջ։
Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպա՛րտ քաղաքացիներ,
Չեմ կասկածիր, որ վերջին իրադարձութիւններով աւելի ամրապնդուած հայ ժողովուրդի յաղթական ոգին Հայաստանին ու Արցախին պիտի բերէ նոր յաջողութիւններ։ Հայ ժողովուրդը վստահ կը քալէ իր երազանքներու իրականացման ճանապարհով։
Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս՝ այս փառապանծ տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղ երկինք, արդար ու արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի փառս մեր երկրի եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի»։