ԵՐԵՒԱՆ, «Էրնեմիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններու քննադատութեամբ յայտնի հայ իրաւապաշտպան Արլեթ Նաթալի Աւազեան կը տեղեկացնէ, թէ ոստիկանները զինք ձերբակալելով՝ դարձեալ ոստիկանատուն տարին: «Մայրս Ատանայէն է, հայրս՝ Մալաթիայէն: Որովհետեւ ես բարձրաձայնած եմ ասոր մասին՝ դէմս հետաքննութիւն սկսան», կը գրէ Աւազեան:
Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ որ Աւազեան ոստիկանատուն կը տարուի: Հոկտեմբեր 2019-ին, Աւազեան ձերբակալուած էր իր տան մէջ կատարուած խուզարկութենէ մը ետք: Ան կանչուած էր հարցաքննութեան, որպէսզի ցուցմունք տայ «ահաբեկիչներ»ու հետ իր ենթադրեալ կապին վերաբերեալ: