Թուրքիոյ Ամասիա նահանգի Մերզիֆոն շրջանին մէջ բացուեցաւ Տիլտիլեան եղբայրներու լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Թրքական «Պուկիւն» լրատուական կայքը կը յայտնէ, թէ Մարիցա Մետաքսեանը, որ լուսանկարիչներ Զոլակ եւ Արամ Տիլտիլեան եղբայրներուն զարմուհին է, ընտանիքի յաջորդ սերունդներուն պատմած է եղբայրներուն եւ անոնց մօր՝ Հայկանոյշի յուշերը:
Արմէն Ցոլակ Մեսրոպեանը, որ Տիլտիլեան ընտանիքի երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն է, ի մի բերելով եղբայրներուն՝ 1872-1923 թուականի ընթացքին վերցուցած լուսանկարները, առաջին ցուցահանդէսը կազմակերպած է այս տարուան Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Իսթանպուլի մէջ:
Ցուցահանդէսը վերջերս տեղափոխուած է լուսանկարիչ եղբայրներու հայրենիք՝ Մերզիֆոն: Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Մերզիֆոնի քաղաքապետը, իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակութեան ներկայացուցիչ Իսքենտէր Տողրուն: Ցուցահանդէսին ներկայացուած է ընտանեկան հաւաքածոյէն շուրջ 600 լուսանկար, որոնք կը ներկայացնեն Սըվազը, Մերզիֆոնը, Սամսոնը, Քոնիան եւ Ամասիան:
Արմէն Ցոլակ Մեսրոպեան բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց, թէ ուրախ էր իր ընտանիքին պատկանող լուսանկարները հայրենի հողին վրայ ցուցադրելու համար: