Մարտ 6–ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ–ի նախաձեռնութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմուքնի նախասրահին մէջ կայացաւ Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս–տօնավաճառի բացումը:
Արդէն աւանդոյթ դարձած է, որ ցուցահանդէս-տօնավաճառներու բացումը կը կատարէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որուն հետ եւ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
-Տիկի՛ն Յակոբեան, ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այս ցուցահանդէս-տօնավաճառները:
-ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հինգ տարի շարունակ ազգային, եկեղեցական, պետական տօներուն նուիրուած եւ այլ առիթներով տարուան ընթացքին քանի մը անգամ կը կազմակերպէ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներու, ոսկերչական իրերու, քաղցրաւենիքի եւ այլ ուտեստներիու ցուցահանդէս-տօնավաճառ :
Այս միջոցով առաջին հերթին կը ցանկանք, որ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը ճանաչելի դառնան, ընդելուզուին հասարակութեան մէջ, իսկ իրենց ձեռքով պատրաստած աշխատանքը ներկայացնեն մարդոց լայն զանգուածներուն, միաժամանակ կարենան ապրելու հետ կապուած հոգը ինչ-որ կերպ թեթեւցնել:
Մեծ սիրով կը կազմակերպենք տաղանդաւոր, տարբեր հմտութիւններով օժտուած, ստեղծագործ ու կազմակերպուած սուրիահայերու աշխատանքներուն նուիրուած ձեռնարկները:
– Տարիէ տարի մասնակիցներու թիւի աճ կը նկատուի՞:
-Ո՛չ միայն մասնակիցներու թիւը երթալով կ´աճի, այլեւ` ակներեւ է սուրիահայերու ցուցահանդէս-վաճառքին մասնակցելու աշխուժութիւնը: Տաղաւարներով շրջելով` նկատելի է ատիկա: Այսօր արդէն 60-է աւելի մարդ կը մասնակցի ցուցահանդէսին:
Ասիկա կը նշանակէ, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն ներգրաւուած ըլլալը սուրիահայերուն համար շահաւէտ է: Անոնցմէ շատերն արդէն աշխատանքի խնդիրը լուծած են, որեւէ գործ հիմնած են Հայաստանի մէջ` թէ՛ տան պայմաններուն, թէ՛ փոքր գործարարութեան բնագաւառին մէջ: Ասիկա շատ էական եւ ոգեւորիչ հանգամանք է:
Կը ցանկամ, որ աշխատանքի նկատմամբ սուրիահայերու նուիրուածութիւնն ու հոգատարութիւնը միշտ կը պահպանուի: Անոնց աշխատանքներուն մէջ սէր ու ջերմութիւն կը զգացուի:
-Նկատեցի, որ տաղաւարներով շրջելով` որոշ ուտեստներ գնեցիք: Կ´ըսէք խնդրեմ` սուրիահայերու խոհանոցէն ո՞ր ուտեստները կը նախընտրէք:
– Խմորեղէնները, միսի տարբեր տեսականիէն, յատկապէս` հաւի միսով պատրաստուած խորտիկները շատ համեղ են: Նախընտրելի են նաեւ իւրայատուկ համեմունքներով սուրիահայերու պատրաստած պիցցաները:
– Տիկի՛ն Յակոբեան, Կանանց միջազգային տօնի նախաշեմին ո՞րն է Ձեր շնորհաւորական խօսքը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր սիրասուն կանանց:
– Սիրով ու ջերմութեամբ կը շնորհաւորեմ հայ կանանց, մայրերուն ու քոյրերուն: Հայ կինն է օճախի պահապանն ու յենասիւնը, մեր լինելութեան գրաւականը: Հայ կինն է, որ կրնայ ընտանիքն աւելի ջերմ ու անխախտ պահել, իր երեխաները իբրեւ արժանապատիւ հայ մեծցնել, կրթել ու դաստիարակել:
Սփիւռքի հայ կանայք կրկնակի խոնարհման արժանի են, անոնց յատուկ ջերմութեամբ կը շնորհաւորեմ. չէ՞ որ անոնք են օտար ափերու վրայ «այբ», «բեն», «գիմ»-ը` մեր Մայրենին, իրենց երեխաներուն կը սորվեցնեն:
Անոնք հայապահպանութեան գործին մէջ անհնարինը հնարաւոր կը դարձնեն: Ի հարկէ, Հայ Առաքելական եկեղեցին, ազգային, մշակութային եւ միւս կառոյցները հսկայածաւալ աշխատանքներ կը կատարեն այս ուղղութեամբ, բայց եթէ սփիւռքահայ կինը երեխային ձեռքէն բռնած` հայկական դպրոց չտանի, ապա այդ երեխաներուն հայապահպանութեան խնդիրը յետագային հարցականի տակ կը դրուի:
Հայ մայրերուն ու քոյրերուն ամենակարեւորը խաղաղ երկինք ու համբերութիւն կը ցանկամ, իսկ Հայոց բանակին մէջ ծառայող որդիներ ունեցող մայրերուն` հոգիի տոկունութիւն եւ կամք: Թո՛ղ անոնք համոզուած ըլլան, որ իրենց արծիւներուն անպայման տուն վերադարձած պիտի տեսնեն` առաւել ուժեղացած, հասունցած ու կամային յատկանիշներով օժտուած, ինչպէս որ այս պահուն նոյն խիզախութեամբ մեր երկրի սահմանները կը պաշտպանեն:
Գէորգ Չիչեան