Համաշխարհային օփերայի արուեստի անկրկնելի գլուխգործոցներէն մէկը` Ճաքոմօ Պուչինիի «Թոսկա» օփերան համերգային կատարմամբ կը ներկայացուի հայ հանդիսատեսին: Երկու երեկոյի ընթացքին` փետրուար 11-ին եւ 13-ին ունկնդիրը կը վայելէ Թոսկայի կերպարի ամենայայտնի մարմնաւորողներէն մէկուն` Յասմիկ Պապեանի ելոյթը:
Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեանի գլխաւորութեամբ նուագախումբի հետ ելոյթ կ’ունենան նաեւ շարք մը այլ յայտնի հայ մենակատարներ:
«Հայաստանի մէջ «Թոսկա» օփերան շատ վաղուց չէ բեմադրուած, ոչ ալ համերգային կատարումով հնչած է: Արդէն 5 օր է, ինչ սկսած ենք փորձերը: Կ’աշխատինք շատ մանրամասնօրէն`անդրադառնալով ամէն նոտայի ու բառի: Մօտ օրերս կը սկսինք աշխատիլ նաեւ մեներգիչներու հետ: Գլխաւոր` Թոսկայի դերերգով հանդէս կու գայ Յասմիկ Պապեան, որ, կը կարծեմ, ներկայացուելու կարիք չունի. Ան Թոսկայի` աշխարհի ամենայայտնի կատարողներէն է: Միւս դերակատարներէն կը ցանկամ առանձնացնել Կաւարադոսիի դերին հանդէս եկող Յովհաննէս Այվազեանը, որ նոյն դերերգով փայլուն կերպով վերջերս ներկայացած է Մարիինեան թատրոնին մէջ եւ Մոսկուայի Մեծ թատրոնին: Իսկ Սկարպիայի դերը կ’երգէ Դաւիթ Բաբայանցը` երգիչ մը, որ վերջին շրջանին մեծ ճանաչում ձեռք բերած է Իտալիոյ մէջ եւ առաջ կ’երթայ մեծ քայլերով: Սպասելիքները մեծ են, իրականացման երաշխիքները` նոյնպէս»,- «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՊՖՆ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան:
Ձեռնարկին կը մասնակցին նաեւ «Հովեր» կամերային (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար` Սոնա Յովհաննիսեան) եւ «Սպեղանի» (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար` Սարինէ Աւթանդիլեան) երգչախումբերը:
Իտալացի յայտնի օփերայի երաժշտահան Ճաքոմօ Պուչինիի «Թոսկա» օփերան ամենայաճախ բեմադրուող գործերէն է: Երեք գործողութեամբ ստեղծագործութեան իտալերէն թատերակը գրուած է Վիկտորիէն Սարդուրի համանուն գործի հիման վրայ: Առաջին անգամ օփերան ներկայացուած է 1900 թուականի յունուար 14-ին եւ ունեցած է մեծ յաջողութիւն: Պուչինին Վերտիէն ետք կը համարուի ամենախոշոր օփերայի երաժշտահաններէն մէկը: