Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ի հարկէ, Արամ Ա. կաթողիկոս, երբ 2019-ը կը յայտարարէ «Մամուլի տարի», մտահոգութիւն ունի եւ մեր ուշադրութիւնը կ’ուզէ հրաւիրել: Ժամանակները փոխուած են, փոխուած ենք` որպէս անհատներ, որպէս համայնքներ, որպէս ինքնութիւն կրող ազգ: Հեռացումներ կան արմատներէն, զորս երբեմն չենք ուզեր տեսնել:
«Մամուլի տարի»-ն առիթ պէտք է ըլլայ իսկական հաշուեկշիռը ընելու հայ մամուլին` առանց սեթեւեթի խօսելով անոր ազգային, մշակութային, քաղաքական որակի, ընդհանրապէս որակի, տպաքանակի, ընթերցողներու համրանքի, անկախութեան, ազդեցութեան եւ ընդունուածութեան մասին: Կ’ըսենք` մամուլ, բայց այլեւս զայն պէտք է ըմբռնել իր լայն իմաստով, նաեւ` ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ ընկերային ցանցեր (internet եւ réseaux sociaux):
Սփիիւռք(ներ)-ի պարագային կայ անշրջանցելի եւ հիմնական խնդիր մը. միլիոններով գնահատուող հայ մարդոց ո՞ր տոկոսը «հայկական մամուլ»-էն կը ստանայ իր տեղեկութիւնները, կամ այդ մամուլը անոնց ո՞ր տոկոսին կը հասնի իրենց յարկին տակ: Արագ գնահատումով մը կրնանք բացասական ենթադրութիւն մը ընել եւ ըսել, որ «հայկական մամուլ»-ը փակ շրջանակի ակումբ է, հետզհետէ` աւելի սեղմուող, ինքնագոհութեամբ ապրող, փոքրամասնութիւնը եւ մասնակին ամբողջ համարող ինքնախաբէութեամբ:
«Հայկական մամուլ»-ի խնդիրը կարելի չէ առանձնացնել սփիւռք(ներ)-ի հոլովոյթէն, անոր ազգային որակէն եւ դիմագիծէն: Պէտք է պատասխանել կարգ մը պարզ հարցումներու: Օտարաբարբառ դարձած «հայկական մամուլ»-ը իր ստեղծման պատճառներուն իրապէս բաւարարութիւն տուա՞ծ է, թէ՞ ան փակ ակումբ»-ի պէս է: Պէտք է խօսիլ թիւերով. տպաքանակ, ընթերցող, լսող եւ դիտող (audimat): Այսինքն սադայէլի շրջանակէն դուրս պէտք է գալ եւ մեր փափաքները իրականութիւն չհամարել, ոչ ալ աւանդական եւ կողմնապաշտական ժամանակավրէպ վերաբերումներով գնահատումներ ընել:
Մեր պատմութեան եւ կացութեան բերումով, «հայկական մամուլ»-ը միայն լրատուամիջոց չէ: Այդպէս եղած է իր ստեղծման օրէն: Անցեալի պոլսական մամուլը Թիֆլիսի «Մշակ»-ը, սփիւռքի մամուլը գրական բեմեր էին, ուրկէ յայտնուեցան Դանիէլ Վարուժան, Գրիգոր Զոհրապ, Րաֆֆի, Զարդարեան եւ ուրիշներ: Այդ ունէր իր տրամաբանութիւնը. գրականութիւնը կը յայտնուէր որպէս ինքնութեան նուաճում եւ քաղաքական ազնիւ հեռանկար: Այսինքն «հայկական մամուլ»-ը զարտուղութիւն է, ան չէ եղած սոսկ լրատուամիջոց:
«Հայկական մամուլ»-ի մասին երբ պիտի խօսինք, անոր դերը պիտի գնահատենք եւ անոր դեր սահմանենք, ժողովներէ առաջ ուսումնասիրութիւններ պէտք է կատարել, պէտք է խօսիլ թիւերու լեզուով, քանի որ անոնք ենթակայական չեն, վիճելի չեն: Ժողովները լոյս չեն սփռեր այս կացութեան վրայ, անոնք կը ծառայեն բարի ցանկութիւններու հաստատումներ ընելու: Արժանթինի 100.000 հայերէն (իրենք կու տան այս թիւը) քանի հարիւրեակները «հայկական մամուլ» կը տեսնեն: Լիբանանի մէջ ԱԶԴԱԿ, ԶԱՐԹՕՆՔ եւ ԱՐԱՐԱՏ թերթերը համայնքի ընտանիքներու ո՞ր տոկոսին կը հասնին իրենց յարկին տակ: Ի՞նչ է անոնց ընթերցողներու տարիքային սանդղակը: Նոյն հարցումը կրնանք ուղղել Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Յունաստանի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Քանատայի, Պոլսոյ համար: Կարելի՞ է մշուշի մէջ գնահատումներ ընել, առաջադրանքներ ունենալ:
Եւրոպական կարգ մը թերթեր կը գրեն, թէ այդ օրուան համարի տպաքանակը որքա՛ն է: Եթէ փորձուէինք այս ընել, ճիշդ է, չընթերցողները չէին անհանգստանար, բայց առնուազն դեռ հետաքրքրուող եւ ընթերցող հաւատաւորները կը ստիպուէին մտածել եւ դուրս գալ յիշուած «փակ ակումբէն»:
Այս հարցերուն քննութիւնը եւ լուծումները ինքնագոհութեամբ չեն կրնար իրականանալ: Չենք կրնար routine-ով գոհանալ: Բայց ի՞նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի routine-ով չգոհանանք եւ ունենանք ազգին ծառայող ապագայակերտ վերաբերում` վերանայելով սովորութիւններու եւ ժառանգութիւններու համակարգը:
Ժողովներ օգտակար կ’ըլլան, եթէ անոնց օրակարգին գտնուին առարկայական եւ ոչ սիրողական կերպով կազմուած տուեալներ, թիւեր, հաշուեկշիռներ: Այլապէս մենք մեզ կը գտնենք հոն, ուր որ էինք երէկ, այդ ալ` լաւատեսութեամբ: «Մամուլի տարի»-ն կրնա՞յ ըլլալ էական հարցերու գիտակցման, քննարկման եւ անսեթեւեթ իրականանալի եզրակացութիւններու տարի:
«Հայկական մամուլ»-ը ազգին համար, ոչ միայն` համայնքին, տոկալու եւ տեւելու պատուանդան է: Բայց այդ պատուանդանը պէտք է համապատասխանէ օրուան ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային տուեալներուն եւ պահանջներուն, որոնք սեւով ճերմակի վրայ պէտք է գրուին եւ ներկայացուին:
Եւ այդպէս է, որ ժողովները առնչուելով տուեալներու` կրնան որոշումներ կայացնել:
17 յունուար 2019, Նուազի-լը Կրան