Կրթական նոր տարեշրջանին հայ աշակերտներուն տրամադրութեան տակ պիտի դրուի «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը», որուն մէջ շեշտը կը դրուի գծագրութեան ընդմէջէն Աստուածաշունչին հետ 5-8 տարեկան պատանիները հաղորդակից դարձնելու վրայ: Այս գիրքի հրատարակութեան առիթով եւ տարուած աշխատանքին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Մերօրեայ պայմաններէն մեկնելով եւ արհեստագիտութեան նորարարութիւններու բերումով նոր սերունդը հաւանաբար սկսած է որոշ չափով հեռանալ Աստուածաշունչէն, եւ թերեւս իրեն համար հետաքրքրական չեն դաստիարակչական նիւթերու փոխանցման դասական ձեւերը: Դուք ասկէ առաջ նախաձեռնութիւն մը ունեցաք` Աստուածաշունչը տարբեր ձեւով մանուկներուն եւ պատանիներուն մատուցելու, իսկ այսօր հանրութեան կը ներկայանաք փոքրիկներուն համար աւելի հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ: Ինչպէ՞ս ծնաւ նման գաղափար մը: Ի՞նչ անհրաժեշտութենէ մեկնելով:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ.- «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» լոյս տեսաւ մերօրեայ պայմաններէն մեկնելով: Նկատի ունենալով արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու արժեչափերը, յատկապէս ապակրօն դաստիարակութիւնը, որ դժբախտաբար սկսած է նաեւ թափանցել մեր շրջանները, կրնանք ըսել, թէ կրօնը եւ յատկապէս մեր պարագային` քրիստոնէական դաստիարակութեան իմաստով «եկեղեցի» հասկացողութիւնը սկսած է նուազ առաջնահերթ նկատուիլ: Տեղեկատուական աշխարհը, որ այսօր շատ արագ կը զարգանայ, նոր ձեւի մշակոյթ մըն է, որ կը մտնէ մեր առօրեային մէջ: Այս բոլորէն մեկնելով` պէտք է աշխատինք, որ մեր հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ներկայ օրերու այս պայմաններուն յարմարին, եւ այդ ձեւով դաստիարակենք մեր սերունդները: Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մեր հայեցի դաստիարակութեան կարեւոր եւ անբաժան մէկ մասնիկն է: Պէտք է մտածենք, որ մերօրեայ մարտահրաւէրներուն դիմաց ինչպէ՛ս պէտք է կարենանք Աստուածաշունչի եւ քրիստոնէական մեր դաստիարակութիւնը նոր սերունդին աւելի մատչելի եւ իր հասկցած ձեւով փոխանցել: Այս տուեալներէն մեկնելով` մենք ասկէ առաջ նախաձեռնեցինք պատանիներուն համար «Մանկա Մեսիա»-ի (գծանկարային եւ զրոյցի ճամբով ներկայացում) հրատարակութեան. այս անգամ նկատի առինք 5-8 տարեկան փոքրիկները: Գիրքը կը կոչուի «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը», եւ ասիկա ըրինք, որպէսզի 5-8 տարեկան մանուկները, ինչպէս խորագիրը կ՛ըսէ, իրենց անձնական Աստուածաշունչը ունենան: Գաղափարը ծագեցաւ, երբ Գերմանիոյ մեր գրասենեակէն ինծի դիմեցին` ըսելով, թէ մանկավարժական սկզբունքներով եւ ուսումնասիրութիւններով, նաեւ նորօրեայ մտահոգութիւններէ մեկնած` Աստուածաշունչ մը պատրաստած են եւ կը փափաքին զայն նաեւ թարգմանել արաբերէնի:
Երբ նայեցայ գիրքին, իսկոյն ըսի` որ չեմ փափաքիր արաբերէնով լոյս ընծայել գիրքը: Զարմացած հարցուցին, թէ այլապէս ի՞նչ լեզուով կարելի է, անմիջապէս ըսի` հայերէ՛ն: Անշուշտ իրենց համար քիչ մը նորութիւն էր, քիչ մըն ալ հետաքրքրական: Ուզեցին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալ հայութեան մասին, ներկայացուցի մեր ազգի պատմութիւնը, Հայոց ցեղասպանութիւնը, սփիւռքահայ իրականութիւնը, մեր մանուկներուն ապրած կացութիւնը, դպրոցներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, մեր կիրակնօրեայ դպրոցները, եկեղեցիները եւ այլն: Շատ քաջալերուեցան պատմածովս, քաջալերուեցան նաեւ այն առումով, որ տեսան, թէ կարելիութիւն կայ ամբողջ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ այս Աստուածաշունչը ցրուելու եւ այս իմաստով խանդավառուեցան: Ուրեմն այս ծրագիրի իրագործումը ինծի վստահուեցաւ բաւական երկար բանակցութիւններէն ետք, որովհետեւ կային բազմաթիւ տուեալներ, որոնց շուրջ պէտք էր համաձայնէինք: Ծրագիրին իրականացումը ստանձնեցի եւ նկատի ունենալով, որ իմ աշխատանքային տարածաշրջանը Արաբական ծոցի երկիրներն են, նման Աստուածաշունչի մը հրատարակութեան ծրագիրը ներկայացուցի Շահէ եպս. Փանոսեանին, որ այդ օրերուն կաթողիկոսական փոխանորդ էր Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն, սրբազանն ալ շատ խանդավառուեցաւ եւ աշխատանքի սկսանք:
«Ա.».- Ե՞րբ սկսաք աշխատանքի:
Հ. Ճ.- Երեք տարի առաջ սկսանք այս նախաձեռնութեան. անշուշտ երկար աշխատանք պէտք էր, որպէսզի ոչ միայն թարգմանենք, այլեւ պատշաճեցնենք հայերէնի, ճիշդ չէ բառացի թարգմանել, այլ պէտք է հայացնել, իսկ հայացնելու մէջ կայ բառերու ընտրութիւն, պատշաճեցում` մշակութային իմաստով, կենցաղային իմաստով, հատուածներու ընտրութիւն եւ այլն: Երկու տարուան երկարաշունչ աշխատանքներէն ետք կրցանք այս գիրքը հրատարակել:
«Ա.».- Հիմա խօսինք աշխատանքի ընթացքին մասին: Ինչպէ՞ս ընթացաւ աշխատանքը:
Հ. Ճ.- Առաջին հերթին պէտք էր թարգմանէինք գիրքը եւ պատշաճեցնենք հայերէնի: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը թարգմանութիւնը ըրաւ, իսկ սրբագրելու աշխատանքները Նորա Բարսեղեանը կատարեց, ապա Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատունը ստանձնեց հրատարակելու աշխատանքը, մասնագիտական եւ գեղեցիկ ձեւով կարելի եղաւ գիրքը հրատարակել 5000 տպաքանակով:
Այս Աստուածաշունչին հիմնական նպատակը Արաբական ծոցի երկիրներու հայ համայնքներուն հասնիլն էր, բայց երբ Գերմանիոյ մեր գրասենեակին հետ կը խորհրդակցէինք, համաձայնեցանք, որ այս գիրքը ոչ միայն Արաբական ծոցի երկիրներու հայաշատ գաղութներուն, այլ Միջին Արեւելքի մօտիկ գաղութներուն եւս յատկացուի, ինչպէս` Յունաստանի եւ Կիպրոսի: Միաժամանակ քաջալերեցի մեր գրասենեակը, որ պէտք եղած նիւթական օժանդակութիւնն ալ տրամադրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս գիրքը անվճար բաժնել մեր հայ վարժարաններուն, կիրակնօրեայ վարժարաններուն, եկեղեցիներուն: Իրապէս անոնք նիւթական պարտաւորութեան մեծ մասը ստանձնեցին: Ահա այսպէս կարելի եղաւ այս գործը յառաջ տանիլ: Քուէյթի եւ Քաթարի մեր հայրենակիցները տեսնելով գիրքին անհրաժեշտութիւնը` որոշ չափով իրենք ալ իրենց նիւթական մասնակցութիւն բերին: Հոս կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Քուէյթէն Հմայեակ Քասունիին, Կիրակոս Գույումճեանին, Քաթարէն Վիգէն Տեմիրճեանին, որոնք իրենց բաժինը բերին գիրքի հրատարակման` Գերմանիոյ մեր գրասենեակին հետ գործակցաբար: Տպեցինք 5000 օրինակ, որոնք անվճար պիտի բաժնուին բոլոր հայկական վարժարաններուն, կիրակնօրեայ դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն: Լիբանանի մէջ ցրուելու գլխաւոր աշխատանքը տարինք մեր հոգեւոր պետերուն հետ: Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, շնորհահանդէս կատարուեցաւ Պէյրութի մէջ: Ան ստանձնեց կիրակնօրեայ դպրոցներուն եւ մեր ազգային վարժարաններուն ցրւումի աշխատանքը: Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ հանդիպում ունեցանք ու ներկայացուցինք գիրքը, ան եւս խանդավառուեցաւ, եւ իր հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ վարժարաններուն բաժնուեցան աստուածաշունչերը: Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի` Մերձաւոր Արեւեքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետին հովանաւորութեամբ ու նախաձեռնութեամբ հայ աւետարանական կրթական խորհուրդի միջոցով դպրոցներուն եւ կիրակնօրեայ դպրոցներուն բաժնուեցաւ: Իսկ ոչ ազգային վարժարաններն ալ ստացան իրենց բաժինը: 5000 տպաքանակին մեծ մասը տրամադրեցինք Լիբանանի գաղութին: Շնորհահանդէսին օրը Պէյրութ կը գտնուէր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանը, որ օրուան պատգամը փոխանցեց եւ ստանձնեց հալէպահայ գաղութին մէջ աւելի քան 600 օրինակ ցրուելու պարտականութիւնը` հայ կաթողիկէ, աւետարանական եւ առաքելական համայնքներուն: Մօտաւորապէս 260 օրինակ պիտի ղրկենք Քուէյթ, որպէսզի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջոցով բաժնուի աշակերտութեան, որովհետեւ Քուէյթի մէջ մեր գաղութը կը հաշուէ 3000 հայ, եւ ունի շուրջ 400 աշակերտ հաշուող աշխուժ վարժարան մը, որուն առաջին երեք-չորս դասարաններու աշակերտութեան (250 հոգի) պիտի բաժնուի գիրքը: Աստուածաշունչը պիտի տրամադրուի նաեւ Տուպայ, Շարժա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական գաղութներուն, մօտաւորապէս 200 օրինակ, 40 օրինակ ալ նկատի առած ենք Քաթարի համար: Կապուեցայ նաեւ Յունաստանի մեր հայկական գաղութի պատասխանատուներուն հետ, եւ մօտաւորապէս 50 օրինակ պիտի ղրկենք, մօտ 70 օրինակ ալ` Կիպրոս, 40-50 օրինակ` Յորդանան, որոշ թիւ մըն ալ Եգիպտոս հասցնել պիտի փորձենք: Ինչպէս տեսաք, Միջին Արեւելքի մօտիկ երկիրներու հայաշատ գաղութներուն համար 5000 օրինակը այս ձեւով սպառեցինք:
«Ա.».- Յառաջիկային այս գիրքը այլ ցամաքամասեր հասցնելու ծրագիրներ ունի՞ք:
Հ. Ճ.- Ուրեմն մայիսին, երբ Լոս Անճելըս էի, հանդիպում ունեցայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին եւ էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին հետ, որոնց նուիրեցի մէկական օրինակ: Տեսնենք, թէ ամերիկահայ գաղութին մէջ որքա՛ն հետաքրքրութիւն պիտի յառաջանայ, մանաւանդ որ հայերէնով է, արդեօք գործածութեան դիւրութիւն պիտի ըլլա՞յ: Եթէ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի հայ գաղութներու աշակերտներուն համար պահանջ ըլլայ գիրքէն, պիտի բանակցինք մեր կեդրոնական գրասենեակին հետ` Գերմանիա, որ կարենանք վերահրատարակութեան աշխատանքները տանիլ: Տեսնենք` յառաջիկային ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ:
«Ա.».- Գիրքի ձեւին մասին խօսինք. մանուկը ինքզինք ինչպէ՞ս պիտի տեսնէ այս գիրքին մէջ, ի՞նչ ձեւով հաղորդակից պիտի դառնայ Աստուածաշունչին:
Հ. Ճ.- Գիրքին բովանդակութեան մէջ նկատի առնուած են Հին կտակարանէն մինչեւ Նոր կտակարանի բոլոր պատմութիւնները: Աստուածաշունչի պատմութիւններէն դուրս պատմութիւն չկայ: Ինչպէս ըսինք, 5-8 տարեկան մանուկներուն համար է. իւրաքանչիւր լայն էջի մէջ 3-4 տողով պատմութիւնը գրուած է ամփոփ ու յստակ ձեւով, իսկ վերը կայ պարապ բաժին մը, ուր մանուկը պիտի գծէ այն, ինչ որ կարդաց, լսեց ու պատկերացուց իր հասկցած ու ընկալած ձեւով: Գիրքի վերջաւորութեան պատրաստուած է ուղեցոյց մը, որպէսզի կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչը կամ դպրոցի ուսուցիչը կարենայ գիրքը դիւրութեամբ գործածել: Մանուկներուն համար այս գիրքը պատրաստուած է այնպիսի ձեւով մը, որ կարելի է տարբեր ձեւերով գործածել, կարելի է կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ գործածել որպէս դասագիրք, կարելի է գործածուիլ մեծ մայրերու, հայրերու, ծնողներու կողմէ, որոնք կ՛ուզեն իրենց զաւակներուն ժամանակ յատկացնել:
Սկիզբի բաժինին մէջ, որ ներածականի մասն է, կայ իւրաքանչիւր պատմութիւն եւ անոր էջը, որուն քով դրուած է Աստուածաշունչի պատմութեան համարը, այնպէս որ, ուսուցիչը, երբ որ հասնի այդ պատմութեան, որ դրուած է Աստուածաշունչին մէջ, կրնայ այդ պատմութիւնը բանալ, կարդալ, յաւելեալ եւ ընդարձակ գաղափար ունենալ, որ իր կարգին կարենայ ներկայացնել մանուկին: Պատմութեան մասը կը ձգենք ուսուցիչի հայեցողութեան, որպէսզի ինչպէս որ ուզէ, առնէ պատմութիւնը ու ներկայացնէ մանուկին: Այստեղ մեծ դեր կը խաղան ուսուցիչն ու ծնողքը, թէ ի՛նչ ձեւով ստեղծագործական միտք պիտի գործածեն, որպէսզի հետաքրքրական ձեւով ներկայացնեն մանուկին: Կրնան թատրոնի ձեւով ներկայացնել, պատմութեան ձեւով, կրնան նկարներով եւ տարբեր ձեւերով, որպէսզի մանուկը կապուի, հասկնայ եւ լաւապէս ըմբռնէ պատմութիւնը, որմէ ետք պիտի քաջալերենք մանուկը, որպէսզի գծէ: Քաջալերող եւ ուղղող շատ փոքր նշաններ դրած ենք մանուկին համար, որպէսզի գծելու հիմք կամ սկիզբ ունենայ, օրինակ` եթէ պատմութեան մէջ ծառեր կան, ծառեր գծած ենք, որպէսզի մանուկը կարենայ սկիզբ մը գտնէ գծելու, ապա` գծածը ներկելու: Այս հիման վրայ պատրաստուած է ամբողջ գիրքը. ինչպէս ըսի, մանկավարժական հիմքերով, մասնագիտական ձեւով տարուած է աշխատանքը:
«Ա.».- Հասակ կ՛առնեն սերունդներ, որոնք քրիստոնեայ են, բայց Աստուածաշունչի հետ հաղորդակից չեն: Ձեր խօսքը ըսէք նաեւ ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն: Դո՛ւք, որ այս առաքելութեան մէջ երկար ճամբայ կտրած էք, որքա՞ն կարեւոր կը գտնէք քրիստոնեայ մանուկի մը, պատանիի մը քրիստոնէական դաստիարակութիւն տալը, ինչ որ յաճախ մենք կ’անտեսենք` ըսելով, որ Յիսուս Քրիստոսը գիտէ, ուրեմն վե՛րջ. որքա՞ն կարեւոր է, որ մանուկն ու պատանին իրազեկ ըլլան, տեղեակ ըլլան Աստուածաշունչի Հին ու Նոր կտակարաններէն, հոնկէ պատգամներ քաղելու իմաստով. որքանո՞վ կարեւոր է այս գիրքը, որուն համար այս բոլոր նախաձեռնութիւնները կ՛ըլլան:
Հ. Ճ.- Որպէս հայ ժողովուրդ` միշտ ալ հպարտանքով կ՛ըսենք, որ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք 301 թուականէն: Քրիստոնէութիւնը մեր ազգային մշակոյթին մէկ կարեւոր խորհրդանիշը դարձաւ եւ ատոր համար է, որ տառերը ստեղծեցինք, որպէսզի Աստուածաշունչը թարգմանենք, ուրեմն տեսէք, թէ որքա՛ն կարեւոր են մեզի համար Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը` սերունդներու ազգային նկարագիրի կազմաւորման առումով: Ասիկա իմ անձնական համոզումս է: Կ՛ուզեմ ըսել, որ մեր ազգային մշակոյթին մէջ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, մշակոյթը անբաժան են: Չեմ կրնար պատկերացնել հայը առանց քրիստոնէական իր նկարագրի գիծերուն: Հիմա տարբեր տեսակէտներ յառաջ կրնան գալ, բայց հայը չենք կրնար պատկերացնել առանց իր քրիստոնէական մշակոյթին: Երբ կը խօսինք քրիստոնէական մշակոյթի մասին, քրիստոնէական դաստիարակութեան մասին, անպայման որ Աստուածաշունչը կը հանդիսանայ գլխաւոր հիմքը: Մենք չենք խօսիր այստեղ տարբեր համայնքներու տարբերութիւններու մասին` հայ առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանական, այլ կը խօսինք քրիստոնէական ընդհանրական հասկացողութեան մասին եւ ատոր մէջ Աստուածաշունչը` որպէս հիմք քրիստոնէական դաստիարակութեան:
Ահա հոս է, որ անհրաժեշտ է յատկապէս մանուկներու կազմաւորման սկզբնական հանգրուանին ջատագովը ըլլալ Աստուածաշունչի ճամբով դաստիարակութեան: Միշտ ըսած եմ, որ Աստուածաշունչը հաւաքականութեան հիմքն է: Երբ Աստուածաշունչը կը սկսիս սերտել, կարդալ, կը տեսնես, թէ որքա՛ն պատասխաններ ունի քեզի տալիք անհատական, հաւաքական, քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, մշակութային տարբեր հիմնահարցերու մէջ: Այնքան համապարփակ եւ հարուստ գիրք մըն է, որ ընդհանրական նկարագիր մը կը ստեղծէ: Եթէ մենք քրիստոնեայ դարձանք, Աստուածաշունչը թարգմանեցինք, աշխարհաբարի վերածեցինք 19-րդ դարուն, որովհետեւ հաւատացինք, որ մեր ազգային մշակոյթը Աստուածաշունչով կը հարստանայ եւ ատիկա շատ կարեւոր է մեր դաստիարակութեան մէջ, այս գիրքը կարեւոր դեր կը խաղայ մեր կրթական ու մշակութային կեանքը ճոխացնելու առումով: Երբ նկատի կ՛առնենք այս հրատարակութիւնը, կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ մենք մանուկէն սկսանք, որ փոքր տարիքէն սկսի սիրել Աստուածաշունչը եւ անով մեծնայ:
«Ա.».- Ապագայի ծրագիրներ ունի՞ք:
Հ. Ճ.- Հայկական հոգեւոր գրականութիւնը ճոխացնել, որովհետեւ ասոր կարիքը կայ իսկապէս: Տեսնենք, թէ ի՛նչ հրատարակութիւններ պիտի ընենք, որպէսզի հայկական, հոգեւոր հրատարակութիւններով հայ գրականութիւնը հարստանայ: Կարելի եղածին չափ պիտի աշխատիմ այս իմաստով, բայց նման աշխատանքի մէջ մեծագոյն կարիքը նիւթականը կը մնայ: