ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» քոլեճի եւ Մարիա Ժաքոպսոնի բարեկամներու համախմբումին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առթիւ, Կիրակի, 5 Մայիսին, Քալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարա գաւառի Սոլվենկ քաղաքի Լուտերական Փեթանիա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող մեծանուն մարդասէր, հայ ժողովուրդի յաւերժական երախտագիտութեան արժանի դանիացի միսիոնարուհի, Եղեռնէն ճողոպրած հազարաւոր հայ որբերու կողմէ արժանի եւ իրաւ կերպով «Մամա» կոչումին արժանացած Մարիա Ժաքոպսոնի յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչում:
Նախքան հանդիսութիւնը, նոյն եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Քրիս Պրաուն, Ս. պատարագի աւարտին իմաստալից քարոզով մը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ Մարիա Ժաքոպսոնի յիշատակը: Ընդհանրապէս հայկական եւ դանիական ծագումով հարիւրաւոր հաւատացեալներ, ըլլա՛յ եկեղեցւոյ մէջ եւ ըլլայ «Մամա»ի յուշարձանին շուրջ պատշաճ յարգանքով հետեւեցան արարողութեան եւ ձեռնարկի յայտագիրին:
Յիշատակի այս հանդիսութեան բացումը անգլերէնով կատարելով՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան յարգանքով նշեց 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը, ջատագովեց այդ առթիւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին գործակցութիւնը, ու նշելէ ետք, թէ հանդիսութեան ներկայ են Սանթա Պարպարա եւ Սան Լուի Օպիսփօ գաւառներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ան շարունակեց՝ ըսելով. «Կանգնած եմ ձեր առաջ, որպէս թոռն ու ծոռը Աստուծոյ ծառայ մեծ հօրս եւ մեծ-մեծ հօրս, Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Խարբերդի, ուր ծառայեց նաեւ մեր նուիրեալ միսիոնարուհին՝ Մարիա Ժաքոպսոնը: Մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Աստուծոյ այս նուիրեալ ծառային, որ հազարաւոր հայ որբերու կեանքը փրկեց: Անոնցմէ ոմանք եւ անոնց շառաւիղները ներկայ են այսօր, այստեղ»։ Ապա, նշելէ ետք հայոց պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւնները՝ ան ըսաւ. «1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ վայրագօրէն ջարդուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր, որոնց կարգին իմ մեծ-մեծ հայրս եւ մեր անմիջական ընտանիքին 42 անդամները, ինչպէս նաեւ ձեզմէ շատերուն հարազատները։ Մոխիրներէն յառնած հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը, ազատագրուած Արցախը եւ Սփիւռքը միասնաբար պիտի շարունակեն իրենց պահանջատիրական արդար պայքարը մինչեւ վերջնական յաղթանակ»:
Մովսէս քհնյ. Շաննաքեան փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գրաւոր պատգամը: Սրբազանը իր պատգամին մէջ, ջերմօրէն նշելէ ետք Մարիա Ժաքոպսոնի անհուն նուիրումը հայ որբերուն՝ կը յիշէ, որ անոնց կարգին էր նաեւ թեմի նախկին առաջնորդը՝ Սմբատ արք. Լափաճեան, որ միշտ երախտագիտական ջերմ զգացումներով կը յիշէր «Մամա»ն: Ապա, սրբազանը համակիչ բառերով պանծացնելէ ետք անոր յիշատակը՝ կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդը միասնական ոգիով պիտի շարունակէ պայքարիլ ցեղասպան Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարներու խուսափողականութեան եւ ուրացման դէմ, մինչեւ որ Թուրքիա ընդունի իր յանցանքը եւ հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդին:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Հանրածանօթ երգչուհի Մարալ Բարսեղեան հանդէս եկաւ անգլերէն եւ հայերէն փունջ մը հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգերով, որոնց միացան նաեւ ներկաները: Ապա, տաղանդաշատ ջութակահարուհի Անժելա Ամիրեան հրամցուց կոմիտասեան գեղեցիկ երաժշտութիւն: Երկու արուեստագիտուհիները արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն:
Սրտի խօսքեր արտասանեցին «Մամա»ի որբերէն, անոր որդեգրեալ դուստրը՝ Մարիա Գառնիկեան եւ գաղութիս նուիրեալ սպասարկու տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան: Իր կարգին, շատ կարճ ելոյթ մը ունենալով՝ Ռան Քեսըլ ըսաւ, թէ ինքզինք ուրախ եւ խիստ պատուըւած կը զգայ նման ձեռնարկի մը ներկայ գտնուելուն համար:
Ապա, դոկտ. Տէր Եղիայեան բեմ հրաւիրեց տոքթ. Վարդան Թաշճեանը:
Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք տրուած առիթին համար, տոքթ. Թաշճեան ըսաւ. «Առաջին Համաշխարհային պատերազմի օրերուն, դանիացի այս միսիոնարուհի բուժքոյրը Խարբերդի մէջ կը ծառայէր ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ, երբ օսմանեան վարչակարգը կը ծրագրէր արեւմտահայութեան բնաջնջումը: Հազարաւոր հայ որբեր դարձած էին անտունի, անպաշտպան եւ ենթակայ իրենց ծնողներու ճակատագիրին՝ ոչնչացման: Ս. գիրքի Դաւիթի եւ Գողիաթի պայքարին նման ճակատում մը դիմակալելու հարկին տակ էր Մարիան, այն տարբերութեամբ որ մէկ Գողիաթի փոխարէն՝ բազմաթիւ թուրք զինուորներու ամէնօրեայ սպառնալիքները պէտք էր դիմակալեր ան: Պայքար մը, զոր հերոսականօրէն տարաւ ան, փրկելով հարիւրաւոր որբեր եւ զանոնք հասցնելով Լիբանանի ծովեզերեայ Պիպլոս քաղաքը, ուր հիմնեց որբանոց մը՝ «Թռչնող Բոյն» անունով», ապա աւելցուց. «1960-ին ան կնքեց իր մահկանացուն եւ համաձայն իր փափաքին՝ թաղուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ, որ յետագային մտաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, ծառայելով որբերուն եւ պատերազմի զոհերուն ու անջատուած ընտանիքներուն»:
«1970-ին, երջանկայիշատակ Խորէն կաթողիկոսի խնդրանքին ընդառաջելով, կնոջս հետ այցելեցի «Թռչնոց Բոյն», որբերուն տարեկան ֆիզիքական քննութիւնները կատարելու, որ կը պահանջուէր լիբանանեան առողջապահական նախարարութեան կողմէ: Այդ առթիւ, ֆութպոլ խաղցայ որբերուն հետ եւ, գիտէ՞ք ինչ… պարտուեցայ»:
Ըսելէ ետք, թէ Ժաքոպսոնի կեանքը փոքր տարիքէն զինք խորապէս ներշնչած է եւ յետագային, բժիշկ դառնալէ ետք, զինք մղած է մարդասիրական, բարեսիրական ծառայութիւններու, ան եզրափակեց՝ ըսելով. «Իբրեւ բուժքոյր, երբ իր կեանքը ի սպաս դրաւ մարդկայնական առաքելութեան, Մարիա Ժաքոպսոն չէր կրնար անտարբեր մնալ ի տես աղէտալի կացութեան, ինչպիսին Ցեղասպանութիւնն էր: «Մամա»ին կեանքը լաւապէս վաւերագրուած է՝ «Դանիացի Միսիոնարուհիի Մը Օրագրութիւնները» խորագիրով իր հատորին մէջ եւ իր պատգամը լայն ու խոր կերպով կը փոխանցուի այն մանուկներուն միջոցաւ, որոնց ծառայեց: Մարիա Ժաքոպսոն այսօր կը շարունակէ ըլլալ հզօր ժառանգութիւն մը նուիրումի, եւ կրնայ օգտակար ըլլալ ապագայ աղէտներու կանխարգիլման»:
Յայտագիրի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ներկաները վայելեցին «Մաշտոց» քոլեճի Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած համով ճաշը, զոր կը հովանաւորէր բարերար տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան: Յարգելի տոքթորը խօսք առնելով՝ իր կարգին պանծացուց դանիացի ազնուական ժողովուրդի զաւակ Ժաքոպսոնի անմնացորդ նուիրումը հայ որբերուն, որուն անունը յաւերժօրէն պիտի մնայ հայ ժողովուրդի տարեգրութեանց մէջ: Խօսք առին նաեւ ներկաներէն ոմանք:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի կողմէ քոլեճի Տիկնանց միութեան, տոքթ. Սարգիս Թօփալեանի «Երեւան» տպարանին, տոքթ. Այնթապլեանի եւ ներկաներուն ուղղուած շնորհակալական խօսքերով վերջ գտաւ յոյժ յիշատակելի ոգեկոչումը: