Սուրիոյ Ժողովրդական ասամպլէայի ազգային հաշտեցման, արաբական եւ արտաքին յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ հանրային ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովներու անդամները Երեքշաբթի օր հանդիպած են Հայ-սուրիական բարեկամութեան ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ ղեկավարած է պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեանը: Այս մասին՝ ըստ Panorama.am-ի՝ կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը:
Հայաստանէն եռօրեայ այցելութեամբ Սուրիա մեկնած պատուիրակութեան մէջ եղած են ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, որոնք միեւնոյն ժամանակ Հայ-սուրիական բարեկամութեան ընկերակցութեան անդամ են:
Հանդիպումի ընթացքին ազգային հաշտեցման յանձնաժողովի ղեկավար Օմար Օսին ըսած է, որ հայկական պատուիրակութեան այցելութիւնը պիտի օգնէ աւելի ամրապնդելու երկու եղբայրական երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները` վերահաստատելով, որ սուրիացիները կը հպարտանան սուրիահայերով, որոնք Սուրիոյ հասարակութեան կառուցուածքի անբաժանելի մասը կը կազմեն:
Հանրային ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար Պատի Սաքուրը յայտարարած է, որ անոնք, որոնք կը թափէին հայերու արիւնը առաջ, եւ անոնք, որոնք ներկայիս կը թափեն սուրիացիներուն արիւնը, նոյնն են: Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանը եւ Սուրիան այժմ միասին կանգնած են ազատութիւններու եւ մարդասիրութեան թշնամիներուն առջեւ:
Տաճատ Վարդապետեան իր հերթին ըսած է, որ Սուրիան ամէն հայու համար երկրորդ տուն է, եւ շնորհակալութիւն յայտնած է այն սուրիացիներուն, որոնք սիրով հիւրընկալած են հայերը եւ դատապարտած են հարիւր տարի առաջ հայերու նկատմամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած սպանութիւնները: Հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը նաեւ ըսած է, որ սուրիացիները առաջիններէն էին, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնեցին հայերուն:
Գործակալութեան փոխանցմամբ` հայկական պատուիրակութեան անդամները վստահեցուցած են, որ Հայաստանը պատրաստ է աշխոյժ դեր խաղալ միջազգային հանրութեան առջեւ իրական այն փաստերու հրապարակման գործին, որոնք տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ մէջ, եւ աջակցելու սուրիացի ժողովրդին միջազգային հարթակներու վրայ` ընդգծելով այն բացասական դերակատարութիւնը, որ Թուրքիան կ՛ունենայ սուրիական ճգնաժամին: