Գալիֆոռնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանի ժամանակակից հայոց պատմութեան ամպիոնին մէջ Նոյեմբեր 10-11-ին տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով` «Նաւահանգստային քաղաքները եւ տպագրիչները. համաշխարհային հայ տպագրութեան հինգ դարերը» խորագիրով: Այս մասին կը յայտնէ Armenian Weekly-ն` նշելով, որ խորհրդաժողովը նուիրուած է այդ ամպիոնի երկարամեայ նախկին վարիչ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանին:
Հայ տպագրութեան վաղ շրջանը (1500-1800) սերտ կապակցուած եղած է նաւահանգստային քաղաքներուն հետ` նախ Եւրոպայի, այնուհետեւ Ասիոյ մէջ: Խորհրդաժողովի կազմակերպիչներուն կարծիքով` հակառակ այս փաստին, ատիկա մինչ այժմ քիչ արժանացած է գիտնականներու ուշադրութեան:
Կը նշուի նաեւ, որ գիտական նախաձեռնութեան պիտի մասնակցին գիտնականներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Խորհրդաժողովին մուտքը ազատ է: