ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս հարցազրոյց տուած է Figaro պարբերականին: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը ամբողջութեամբ:
–Ի՞նչպէս կը բնութագրէք հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները:
-Հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը բնութագրելու համար ես կ’օգտագործեմ «եզակի» բառը: Ֆրանսան իր դռներն ու սիրտը բացած է Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերու համար: Այսօր Ֆրանսայի հայ համայնքը, որ 1915-ի Ցեղասպանութեան ուղղակի հետեւանքն է, երկու երկիրներու միասնութեան կարեւոր կողմերէն է: 2012 թուականը խորհրդանշական է: Մենք կը նշենք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20 ամեակը: Մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու 20 տարիները նշանաւորուած են շարք մը իրադարձութիւններով: Մեր մշակութային եւ առեւտրային կապերը աշխոյժ ձեւով կը զարգանան: Ֆրանսան Հայաստանի երկրորդ ներդրողն է. ունինք ֆրանսական դրամագլուխով գործող 155 ձեռնարկութիւններ: Անոնց շարքին են մեզի համար այնպիսի առաջնային նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ «Օրանժ»-ը, «Քրետիթ ակրիքոլ»-ը, «Պերնօ Ռիկար»-ը, «Ալքաթել»-ը, «Քարֆուր»-ը…
–Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ճանչցուած է հակասահմանադրական…
-Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը մեր կողմէ չէ պարտադրուած: Ֆրանսան հրապարակայնօրէն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ցեսղասպանութեան ժխտումը յանցագործութեան շարունակութիւնն է: Մենք անկեղծօրէն կը կարծենք, որ անոնք, որոնք կը վերանային ժողովուրդի մը ցեղասպանութեան պատմութիւնը, յստակօրէն կը կիսեն իրագործուած յանցագործութիւններու պատասխանատուութիւնը: Ինծի համար դժուար է կանխատեսել, թէ ի՛նչ որոշումներ կը կայացուին այս օրինագիծին հետ կապուած: Ես կ’ողջունեմ նախագահ Օլանտի յստակ դիրքորոշումը այս հարցին առնչութեամբ, որ կ’արտայայտէ ինչպէս նախընտրական քարոզարշաւին, այնպէս ալ երկրի ղեկավարութիւնը ստանձնելէն ետք:
–Կասկածներ կան, որ Հայաստանը կը սատարէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին: Արդեօք ասիկա ճի՞շդ է:
-Սուրրիոյ ժողովուրդի ներկայիս զրկանքները մեզ չեն կրնար անտարբեր ձգել: Սուիրիոյ հայ համայնքը, որ կարեւորագոյն «սկզբնական հայկական օճախներէն մէկն է» եւ հիմնադրուած է Ցեղասպանութեան վերապրածներու կողմէ, այսօր կը տեղափոխուի այլ երկիրներ: Քաղաքացիական պատերազմը դժուար զրկանք է որեւէ ժողովուրդի համար: Պատրաստի լուծումներ չկան: Դժուար է ըսել, թէ որ պահուն արտաքին միջամտութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ կամ հակառակը: Այն քայլերը, որոնք կրնան գործել այլ իրավիճակներու մէջ, Սուրիոյ մէջ կրնան ողբերգական հետեւանքներ ունենալ` անդառնալի փոփոխութիւններ մտցնելով տարածաշրջանի ժողովրդագրական պատկերին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’ընէ հնարաւորը ամէն բան այդ երկրին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ հայ համայնքի կայուն ու կենսական ներկայութիւնը ապահովելու համար:
–Փարիզի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը բաւարարե՞ց ձեր սպասումները` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին հետ:
-Այս հանդիպումը վերսկսած եւ շարունակուած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները` առկայ բանակցային ձեւաչափով: Այնուամենայնիւ, այս հանդիպումը դեռ հեռու է նոր յոյսեր առաջացնելէ: Պաքուն կը մերժէ իբրեւ հիմք ընդունիլ միջազգային միջնորդներու առաջարկութիւնները եւ կը գտնէ, որ մէկ անգամէն հնարաւոր է սկսիլ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները` առանց համաձայնեցնելու Հիմնարար սկզբունքները: Սակայն խաղաղութեան պայմանագիրը չի կրնար կենսունակ ըլլալ, եթէ հիմնուած չըլլայ յստակ եւ բոլորին համար ընդունելի սկզբունքներու վրայ: Հակառակ Պաքուի պահուածքին, որ կը փառաբանէ գարշելի յանցագործութիւն կատարած ատրպէյճանցի սպան, որ քնած ժամանակ կացինահարած է հայ սպան, Հայաստանը կը շարունակէ ամէն ինչ ընել` խաղաղ կարգաւորման գործընթացը պահպանելու համար:
–Ձեզ կ’անհանգստացնէ՞ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ մերձեցումը:
-Ի հարկէ, ո’չ: Մեր քաղաքականութիւնը հիմնուած չէ Թուրքիոյ վնաս հասցնելու վրայ: Ան հիմնուած է յստակ սկզբունքներու վրայ: Մենք կը ցանկանանք, որ Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ եւրոպական երկիրներու միջեւ կապերը բազմապատկուին, որպէսզի Թուրքիան կարենայ այդ յարաբերութիւններու միջոցով ընդունիլ եւրոպական արժէքները: Ֆրանսայի նախագահները իրենց մէջ ուժ գտած են առերեսուելու պատմութեան հետ: Ես կրնամ միայն ողջունել այդ համարձակութիւնը: Ես կը պատրաստուիմ խնդրել նախագահ Օլանտէն, որպէսզի ան պատմէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, թէ ինքը անձամբ ինչպէս դատապարած է հրէաներու տեղահանութիւնը եւ համակենտրոնացման ճամբարներու մէջ պահելը: Ասիկա կրնայ դաս ըլլալ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար: