Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Մանուկներու Հիմնադրամի տարեկան 10-րդ ձեռնարկը: Արդարեւ, ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 2.9 միլիոնի հասնող նուիրատուութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել Հայաստանի գիւղերուն մէջ կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները:
Դոկտ. Կարօ Արմէնի գլխաւորած սոյն կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին ներկաները վայելեցին Հայաստանէն ժամանած երեխաներու՝ Սուսաննա Էլոյեանի, Փօլինա Շարաֆեանի ու Նարեկ Պալտրեանի կատարումները: Գեղարուեսական յայտագիրին մասնակցեցան նաեւ «So You Think You Can Dance» ծրագիրին միջոցաւ հռչակ շահած պարող Փօլ Կարմիրեանն ու Ալիս Դաւթեանը: Ելոյթներ ունեցան նաեւ վիպագիր Քրիս Պոհճալեան եւ կազմակերպութեան համար կամաւոր աշխատանք տանող Սամանթա Ֆէյնպըրկ, իսկ ներկաներու շարքին մէջ կը գտնուէին դերասանուհի Քերի Պաթլըր, դերասան Վիքթըր Կարպըր (կազմակերպութեան պատուոյ նախագահը) ու «Սաթըպիզ» աճուրդի հիմնարկի փոխնախագահ Այլին Յակոբեան, իսկ հանդիսավար, դերասանուհի Էնտրիա Մարթին:
Հայաստանի Մնուկներու Հիմնադրամը (նախապէս՝ «Սի.Օ. Էյ.Էֆ. մանուկներու բարեգործական հիմնադրամ») բարեգործական կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է կրճատել Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ աղքատութեան մակարդակը՝ համայնքային զարգացման շարք մը ծրագիրներու միջոցով: Հիմնադրամին կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներէն ցարդ օգտուած են Հայաստանի Արմաւիր եւ Արագածոտն մարզերու Բաղրամեան եւ Թալին շրջաններու 12 գիւղական համայնքներու աւելի քան 30,000 բնակիչներ: Կազմակերպութեան նպատակն է յառաջիկայ տասը տարիներուն օժանդակութիւն հասցնել 100 գիւղերու բնակիչներուն: