Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն միաբաններէն
Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆԻ
վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2015։
Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ, 23 Մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Ապա, Սրբազան Հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Կիլիկեան Ուխտի միաբանական դամբարանին մէջ, Մայրավանքի շրջափակէն ներս։