Անցեալները, մեր ազգային-եկեղեցական կարեւոր հաստատութիւններէն մէկը յայտարարութիւն մը տպած էր գրաւոր ու համացանցային մամուլին մէջ։ Առաջին արագ ընթերցումով իսկ՝ քերականական լուրջ սխալ մը նկատեցի հոն։ Ուս թօթուեցի։ «Կ՛երեւի թէ գրաշարական վրէպ մըն է», մտածեցի բարեմտաբար։
Բայց երկու շաբաթ ետք, միեւնոյն հաստատութիւնը ուրիշ յայտարարութեան մը մէջ դա՛րձեալ նոյն սխալը կրկներ էր…։
Հիմա այլեւս հաստատօրէն վստահ կրնայի ըլլալ, թէ գործածուած բառին սխալ կիրարկութիւնը արդիւնք էր քերականական շփոթի մը։
Ի՞նչ էր սխալը։
Յայտարարութիւններըը մօտաւորապէս կ՛ըսէին հետեւեալը.«Այսինչ տօնին առիթով՝ եկեղեցական ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ Այսինչ բարձրաստիճան հոգեւորականը»։
Սխա՜լ, սխա՜լ, սխա՜լ։
Ինչո՞ւ։
«Հանդիսապետել» բարդ բառը, որ կազմուած է «հանդէս» եւ «պետ» բառերէն, գեղեցիկ բառ մըն է ու առատօրէն կը գործածուի մեր եկեղեցական գրականութեան մէջ։ Հանդիսապետը ընդհանրապէս այն բարձրաստիճան եկեղեցականն է, որ իր պատկառելի ներկայութեամբ շուք եւ հանդիսաւորութիւն կու տայ եկեղեցական արարողութեան մը, կը գլխաւորէ այդ արարողութիւնը։ «Հանդիսապետ»-ին հոմանիշ է «հանդիսադիր» բառը։ Օրինակ, արքեպիսկոպոս մը իր բարձր ներկայութեամբ կը հանդիսապետէ Անդաստանի կամ ջրօրհնէքի եւ կամ Ս. Պսակի արարողութեան մը։
«Հանդիսապետել»-ը չէզոք բայ է եւ ուստի՝ կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր մը։ Ճի՛շդ «նախագահել» բային նման։ Ուրեմն, կ՛ըսենք ու կը գրենք՝ «Անթիլիասէն ժամանած հիւր եպիսկոպոսը հանդիսապետեց սրբանկարներու օծման ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ» (եւ ո՛չ թէ «հանդիսապետեց… արարողութիւնը»)։ Կամ՝ «Ան նախագահեց Դպրեվանքի ՀԱՆԴԷՍԻՆ» (եւ ո՛չ թէ «նախագահեց… հանդէսը»)։
Ուրեմն՝ գրեցէ՛ք «հանդիսապետեց ԲԱՆԻ ՄԸ», այլ ո՛չ թէ «հանդիսապետեց ԲԱՆ ՄԸ»։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)