…Մենք կայինք, այո՛, Նրանից առաջ:
Սակայն նա ծնուեց,
Որ գայ ու դառնայ ինչ-որ մի նոր Սկիզբ…
Այսպէս մեկնարկեց Մոսկուայի «Հայորդաց տան» մէջ յայտարարուած Մայրենի լեզուի միամսեակի փակումը: Փետրուարին հայոց լեզուի ուսուցչուհիները սաներուն յանձնարարած էին մայրենիին նուիրուած շարադրութիւններ, բանաստեղծութիւններ գրել: Բացի այդ, միամսեակի ծիրէն ներս կազմակերպուեցան դասարանական եւ արտադասարանական բաց դասեր, դաս-ձեռնարկներ, մրցոյթներ:
Այս ժամանակահատուածին սաներն ա´լ աւելի հարստացուցին հայոց լեզուի մասին իրենց գիտելիքները եւ հնարաւորութիւն ունեցան ներկայացնելու իրենց սորվածը:
Մայրենի լեզուի միամսեակի փակման ձեռնարկը պատասխանատու–կազմակերպիչ Սուետլանա Միքայէլեանը վերնագրած էր Պարոյր Սեւակի` ներկայացուող համանուն բանաստեղծութեամբ` «Եւ այր մի` Մաշտոց անուն»: Ձեռնարկին նպատակն էր արժանին մատուցել հայոց այբուբենը ստեղծողին, որ ապահովեց հայերէնի շարունակականութիւնն ու անաղարտութիւնը:
Միամսեակի փակման հանդիսաւոր երեկոյի ժամանակ միամսեակին առաւել աշխոյժ մասնակցած հայոց լեզուի ուսուցչուհիներ Սեդա Խաչատրեանը, Նելլի Մելքոնեանը, Ալվինա Յովհաննիսեանը, Արմինէ Իջեանը, ինչպէս նաեւ Մայրենի լեզուի միամսեակի պատասխանատու Սուետլանա Միքայէլեանը արժանացան գովեստի գիրերու:
Մայրենիին նուիրուած ձեռնարկէն անպակաս էր նաեւ հայրենի երգն ու պարը: Երաժշտական համարները` Լենա Բեգլարեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ, փայլուն կատարեց կրթօճախի երգչախումբը:
«Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տ. Առաքէլ քահանայ Ամիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայոց լեզուի ուսուցչուհիներուն, որոնց աշխատանքի շնորհիւ օտար հողի վրայ ապրող հայերը կրնան տիրապետել հայոց լեզուին եւ իրենց համարել Հայկ նահապետի յետնորդները:
«Աշխարհում ոչ ոք չգիտի, թէ մինչ Բաբելոնեան աշտարակաշինութիւնը ինչ լեզուով էին խօսում մարդիկ, սակայն մենք գիտենք. Նրանք խօսում էին հայերէն: Իսկ մենք մեր լեզուն չկորցրինք, քանի որ հրաժարուեցինք մասնակցել Աստծոյ զայրոյթը շարժող այդ գործին: … Մենք ունենք Աստուածատուր այբուբեն, իսկ հայերէնն աշխարհի ամենալաւ, ամենանուրբ, ամենագեղեցիկ լեզուն է: Ձեզ համար կեանքից թանկ պէտք է լինի այդ լեզուի պահպանումը, ձեր անունից լաւ պէտք է իմանաք մայրենի լեզուն»,- դիմելով ներկաներուն` ըսաւ Տ. Առաքէլ քահանայ Ամիրեան:
«Հայորդաց տան» մէջ աւարտեց Մայրենիի միամսեակը, սակայն այս կրթօճախին մէջ մայրենի լեզուի ուսուցումը անընդհատական բնոյթ կը կրէ, եւ նոր ձեռքբերումներ գրանցելով` սաներուն հայեցի կրթելու ազգանուէր գործը կը շարունակուի, որու վառ ապացոյցը «Հայորդաց տան» ուսանողներու` հայրենիքի մէջ կազմակերպուող մրցոյթներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ այնտեղէն պարգեւներով եւ մրցանակներով վերադառնալն է: Որով, հայրենիքէն հեռու այս անկիւնին մէջ ծուարած «Հայորդաց տան» սաները, «Եւ այր մի` Մաշտոց անուն» բանաստեղծութեան վերջին տողերուն պէս, կու գան ապացուցելու,
Որ այնտեղ է լոկ սխրանքն սկսւում,
Ուր վերջանում է ամէ՜ն մի հնար…
Արմինէ Կարէյեան, Մոսկուա