Երէկ պտոյտ մը կատարեր էինք «հանդէս» բառին շուրջ։
Հիմա ոմանք կրնան հարց տալ իրենք իրենց, թէ այս «հանդէս» բառը ո՞ր արմատէն կու գայ։ Արդեօ՞ք «հանդ»-ն է այդ արմատը։ Արդեօ՞ք «հանդերձ» (հագուստ) կամ «հանդարտ» բառերը մօտաւոր կամ հեռաւոր առնչութիւն մը ունին «հանդէս»-ին հետ։
Ո՛չ։ Առնչութիւն չկայ։ Նոյնիսկ «հանդ» բառը ազգական չէ «հանդէս»-ին հետ։
Եթէ բառարան մը բանաք, պիտի սորվիք որ «հանդ» կը նշանակէ արտ, մշակելի հող։ «Գիւղացիները ամբողջ ընտանեօք կ՛աշխատին հանդերուն մէջ», կը կարդանք Համաստեղի կամ Մնձուրիի գիւղագրութիւններուն մէջ։ Ու եթէ քիչ մը աւելի՛ հետազօտենք մեր քաղցրիկ լեզուն, պիտի իմանանք որ «հանդ»-ի նախնական բո՛ւն արմատն ալ «անդ»-ն է։ Այո՛, ԱՆԴ, որ նմանապէս կը նշանակէ արտ, դաշտ, մշակելի հող։ Հոսկէ ալ՝ մեր պապերը շինած են շատ գեղեցիկ բառ մը,- ԱՆԴԱՍՏԱՆ։
Չկարծէ՜ք, որ «Անդաստան»-ը հայերէնի մեր դասագրքին անունն է միայն (հեղ.՝ Յակոբ Չոլաքեան, միջնակարգի ու երկրորդականի յատուկ 6 հատորանի շարք մը), այլեւ՝ անիկա կը նշանակէ ընդարձակ դաշտ, դաշտագետին։ Իսկ եկեղեցական գրականութեան մէջ՝ անդաստանը դաշտի ու հողի հանդիսաւոր օրհնութիւնն է, զոր հայկական մեր եկեղեցիները կը կատարեն տարին քանի մը անգամ։ Մեր նահատակ բանաստեղծը՝ Դանիէլ Վարուժան, ունի «Անդաստան» վերնագրով գոհարանման բանաստեղծութիւն մը, ուր ի՛նք եւս կ՛օրհնէ աշխարհի չորս ծագերը՝ խաղաղութեան ու բերրիութեան սքանչելի մաղթանքներով…։
Կը վերադառնամ «հանդէս»-ին։
Քանի որ այս բառը «հանդ» կամ «անդ» արմատներուն հետ կապ չունի, ուստի կարելի է մտածել, թէ անիկա ինքնին արմա՛տ բառ մըն է։ Այո՛, այդպէս է։ «Հանդէս»-ը առանձին արմատ բառ է, ինչպէս որ կը հաստատէ Հրաչեայ Աճառեանն ալ՝ իր «Արմատական բառարան»-ին մէջ։ Աճառեան կը նշէ նաեւ, որ մենք այս բառը առեր ենք հին պարսկերէն լեզուէն՝ պահլաւերէնէն։
Ուշադի՜ր…։ Բառը առեր ենք թէեւ պահլաւերէնէն, սակայն զայն հայացուցեր ենք՝ անով կերտելով ինչ-ինչ հայերէն բարդ կամ ածանցաւոր սիրուն նոր բառեր։ Օրինակ՝ հանդիսութիւն, հանդիսատես կամ հանդիսական, հանդիսաւոր (այս բառը կը գործածենք պաշտօնական արարողութիւններու մասին)։ Դեռ ունինք «մեծահանդէս» բառը։ Զորօրինակ, միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը ի՛սկապէս «մեծահանդէս» արարողակարգ մըն է, որովհետեւ աննկարագրելիօրէն ակնախտիղ ու պերճաշուք պատկեր մը կը պարզուի մեր առջեւ՝ երբ հայոց կաթողիկոսը, 12 զգեստաւորեալ եպիսկոպոսներով շրջապատեալ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը կը թաթխէ միւռոնի կաթսային մէջ…։ Վեհապա՛նծ տեսարան։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)