ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ շրջաններու իրավիճակի զարգացման, յայտնեց ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթտանիսլաւ Զաս:
Ան նշեց, որ հարցը մանրամասն կերպով քննարկման առարկայ դարձած է ՀԱՊԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 19 Մայիսի նիստին, ողջունելով բանակցութիւնները, որոնք սկսած են կողմերուն միջեւ` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, ինչպէս նաեւ ստորաբաժանումներու մէկ մասը դուրս բերելու վերաբերեալ համաձայնութիւնը:
Զաս նշեց, որ Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայումը էապէս բարելաւաշ է իրավիճակը:
«Մենք կը տեսնենք երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու հեռանկար: Հոն այլեւս չեն կրակեր, բայց իրավիճակը դեռ լարուած է», եզրակացուց Զաս: