ՀԱՊԿ-ի հաւաքական խաղաղապահ ուժերը Ղազախստանի մէջ իրենց առաքելութիւնը պիտի աւարտեն այդ երկրին մէջ կացութեան լիակատար կայունացումէն ետք: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու:
«Հաւաքական խաղաղապահ ուժերու կողմէ առաջադրանքներու կատարումը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Ղազախստանի մէջ կացութիւնը ամբողջովին կարգաւորուի, բնականաբար, երկրին իշխանութիւններուն որոշումով», ըսած է Շոյկու` երէկ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին:
Նախարարին համաձայն, «ներկայ պահուն ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերը զինուորական, պետական եւ ընկերային կարեւորութիւն ունեցող կառոյցներու պաշտպանութեան ուղղուած առաջադրանքներ կը կատարեն»:
Նախքան այդ, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ երէկ յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահներու Ղազախստանէն հեռացումը պիտի սկսի երկու օրէն: