Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարութիւնը կը սպասէ Հայաստանի դիմումին, որպէսզի քննարկէ հայկական բնակավայրերու վրայ Ազրպէյճանի յարձակումները:
ՀԱՊԿ մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնէտտինով պատասխանելով «Արմենփրես»ի հարցումին, ըսաւ.« Որպէսզի այդ հարցը քննարկուի ՀԱՊԿ-ի մէջ, անհրաժեշտ է, որ Հայաստան նման խնդրանքով դիմում ներկայացնէ ՀԱՊԿ-ին: Նման խնդրանք ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը չէ ստացած տակաւին». յայտնեց Զայնէտտինով:
Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆապիօ Մասիմօ Գասթալտօ Եւրոպական Միութեան յորդորեց դատապարտել Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը: