ՀԱՊԿ-ն պատրաստ է Հայաստան դէտեր ուղարկելու, ատոր համար անհրաժեշտ է միայն ՀԱՊԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի որոշումը: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Սփութնիք Արմենիան», կը հաղորդէ, որ այս մասին Ասթանայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Այն բանէն ետք, երբ Հայաստանը խնդրեց ՀԱՊԿ-ի արտակարգ վեհաժողով հրաւիրել, ատիկա անմիջապէս տեղի ունեցաւ, որոշումներ տրուեցան Հայաստան ուղարկելու ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, միացեալ սպայակոյտի պետը: Անոնք այնտեղ գացած են, առաջարկներ բերած են, այդ առաջարկները արդէն աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր մեր մօտ են: Անոնք են` Հայաստանի տարածք Ազրպէյճանի հետ սահմանին ուղարկել ՀԱՊԿ-ի դիտորդական առաքելութիւն:
«Միակ բանը, որ կը պահանջուի, Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումն է. այդ խորհուրդի ժողովը պէտք է գումարուի ՀԱՊԿ-ի նախագահի նախաձեռնութեամբ, իսկ նախագահող երկիրը չէ՞ որ Հայաստանն է», ըսած է Լաւրով: