Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1331-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Հասաւ 30-ի, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 768-ի
«Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարը դարձած է լիբանանցի քաղաքացիին առօրեան: Ան միշտ դիմակ կը կրէ, ընկերային հեռաւորութիւնը կը պահպանէ, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերու դրութեամբ եւ յատուկ օրերով կ՛երթեւեկէ:
Այս պայքարի շրջագիծին մէջ, տիրող ընդհանուր զօրաշարժը պիտի շարունակուի մինչեւ 5 յուլիս 2020:
Միւս կողմէ, սակայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի պարագաները կը մնան հակակշիռի տակ:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1331-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 11 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 9-ն տեղացիներ են, իսկ 2-ը` արտերկրի լիբանանցիներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 30 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 768 ուրիշներ` ապաքինած:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան Պաալպեքի մէջ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի ճգնաժամին ընթացքին երկրին քաղաքական հեղինակութիւնները զուտ լիբանանեան օրինակելի վարուելակերպ ցուցաբերած են` շեշտելով, որ թէ՛ մարտահրաւէրներու պարագային, թէ՛ այսօր իրենք մշակած են Լիբանան վերադարձի ծրագիր մը: «Արտերկրի լիբանանցիները միշտ հարց կու տան Պէյրութի միջազգային օդակայանի վերաբացման թուականին մասին», ըսաւ ան:
Հասան շեշտեց, որ համաշխարհային առումով արձանագրուեցան երկիրներու երեք դասակարգեր: «Երկիրներ, ուր համաճարակի բարձր հաւանականութիւն եւ վտանգ կայ, երկիրներ, ուր այդ վտանգն ու համաճարակի տարածումը միջին է, իսկ երկիրներ, ուր այդ հաւանականութիւնը շատ ցած է: Իսկ Լիբանանը համաշխարհային առողջապահութեան մակարդակով ամէնէն քիչ վտանգ սպառնացող երկիրներէն է` «Քորոնա» համաճարակին տարածումին առումով», հաստատեց ան:
Համատ Հասան նկատել տուաւ, որ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձին ընթացքին երկրին քաղաքական ուժերուն հետ գործակցութիւնը լուսաւոր կէտ մը նկատուած է:
«Մենք երբեմն այս կամ այն կողմէն կը լսենք մեղադրական խօսքեր, որոնց հետ մարզական ոգիով կը վարուինք` մեր յոյսը դնելով դրական գործակցութեան վրայ: «Մէկը զիս եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը քննադատած էր, սակայն երբ հանդիպեցանք, ան փութաց ներում հայցելու` հաստատելով, որ ինք զիս քննադատելու միտում չունէր: Մենք ներում չենք որոներ, սակայն կը խնդրենք, որ որեւէ բացթողումի պարագային տեղեակ պահէք մեզի, որպէսզի մեր սխալը ուղղենք», ըսաւ ան:
Հասան շեշտեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ Լիբանան տակաւին զգուշաւոր է` աւելցնելով, որ կարգ մը գիւղաքաղաքներու պարագային առողջապահութեան նախարարութիւնը զգուշ է եւ չի կրնար իր արձանագրած նուաճումը ոչինչի համազօր նկատել` պարզապէս որովհետեւ մէկը յայտարարած է, թէ «Քորոնա» ժահրը քաղաքական է:
«Կը հաստատեմ, որ «Քորոնա» ժահրը քաղաքական չէ, որովհետեւ տակաւին քանի մը օր առաջ 50 վարակուածներ կային, իսկ անկէ ետք 8 եւ 7 վարակուածներ», աւելցուց ան:
Հասան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ժողովուրդին կացութիւնը բարելաւելու` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած դժուար պայմանները:
«Մեր արձանագրած իրագործումներէն է այն, որ կրցանք լքուած շրջաններուն մէջ կառավարական հիւանդանոցները վերանորոգել եւ անոնց օժանդակել: Հաւանաբար մեծամտութիւն էր, երբ սկիզբը յայտարարեցինք, թէ իրարանցումի պէտք չկայ: Բայց մենք գիտէինք, թէ ի՛նչ կ՛ընենք: Բժիշկ գործակիցներս գիտեն, թէ դիմադրողականութիւնը բարոյական է: Հետեւաբար հակառակ մեր համեստ եւ սահմանափակ կարողութիւններուն, մենք դիտմամբ հաստատեցինք, որ իրարանցումի պէտք չկայ, որովհետեւ մենք կը վստահինք մեր ընկերութեան, մենք մեզի եւ մեր բժշկական անձնակազմերուն ատակութեան: Այդ ատակութիւնը արժանացած է բազմաթիւ երկիրներու գնահատանքին: Ամէնէն կարեւորը այն է, թէ մենք չխաբեցինք, մեծամտութիւն չկատարեցինք եւ չյոխորտացինք, այլ` շարունակեցինք մեր հեզութեամբ, վտանգին գիտակցութեամբ եւ անիկա հեռու պահելով լիբանանեան ընկերութենէն», ըսաւ ան:
Նշենք, որ հակառակ այն իրողութեան, որ 11-19 յունիս «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի գործադրէ արտերկրի լիբանանցիներու Պէյրութ փոխադրութեան Դ. փուլը, անցեալ շաբաթ օր «Պելաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը Պիելոռուսիայէն Պէյրութ փոխադրեց 198 լիբանանցի ուսանողներ:
Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այսօր` երկուշաբթի, 8 յունիս 2020 մարզական ոգին լիբանանեան մարզադաշտերուն վերադարձնելու թուականն է, նոյնիսկ եթէ անիկա պիտի կատարուի պարտադրուելիք օրէնքներով: Կը մաղթեմ, որ բոլորը հետեւին օրէնքներուն եւ ենթարկուին կանոններուն ու պայմաններուն` հանրային առողջութիւնը պաշտպանելու իբրեւ յանձնառութիւն»:
ԵՐԷԿ երեկոյեան ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին մէջ հաստատուեցաւ, որ բոլոր մարզադաշտերը, մարզական ակումբներն ու մարզասրահները այսօրուընէ սկսեալ պիտի վերաբանան իրենց դռները: Անոնք կրնան գործել առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ կէս գիշերուան դրութեամբ, պայմանով որ հետեւին բոլոր այն օրէնքներուն եւ ցուցմունքներուն, որոնք պարտադրուած են երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ: