Իր նշանակումէն 48 ժամ ետք, նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ շաբաթ օր խորհրդարանին մէջ կատարեց կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանը կազմող քաղաքական բոլոր պլոքներուն եւ անհատ երեսփոխաններուն հետ:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կատարուած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Տիապ հանդիպեցաւ բոլորին հետ եւ իմացաւ անոնց տրամադրութիւնը` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Խորհրդակցութիւններէն ետք Տիապ շեշտեց, որ իր նպատակն է ամէնէն արագ միջոցին կազմել լիբանանցիներուն գոյներով սեղմ կառավարութիւն մը, շուրջ 20 նախարարներէ բաղկացած, որ անկախ կը գործէ:
Տիապ շեշտեց, որ իբրեւ վարչապետ ինք երաշխիք է` աւելցնելով, որ ինք իրեն տրուած պաշտօնէն պիտի չհրաժարի:
Ան շեշտեց, որ ինք լիբանանցի քաղաքացի մըն է, որ կը սիրէ իր հայրենիքը եւ ինքն իրեն համար բան չ՛ուզեր, այլ` կը փափաքի երկրին տագնապին լուծման մէջ դերակատարութիւն ունենալ:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Տիապ յայտնեց, որ ինք կառավարութիւնը կազմելէն ետք պիտի այցելէ Տար Ֆաթուա, որ բոլոր լիբանանցիներուն տունը կը նկատուի:
Վարչապետ Տիապ ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները սկսաւ հանդիպում ունենալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան ծրագիրը պէտք է ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարն ու տնտեսական եւ ելեւմտական բարգաւաճումը` աւելցնելով, որ պէտք է պնդել, որ խորհրդարանը ներկայացնող բոլոր պլոքները նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ ներկայացուին, սկսելով ժողովրդային շարժումէն, հասնելով Մուսթաքպալ պլոքին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին:
Տիապ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին, որ հանդիպումէն ետք հետեւեալ խօսքը ուղղեց ցուցարարներուն. «Ձեր զգացումները խաղաղ միջոցներով արտայայտեցէք, որովհետեւ բանակը մեր բանակն է, նոյնպէս ալ ապահովութեան ուժերը»:
Հարիրի մաղթեց, որ խորհրդակցութիւնները դրական աւարտ մը ունենան:
Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պըրրիի հետ:
Հասսան Տիապ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ յայտնեց, թէ վարչապետէն խնդրած է կազմել կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիները անարդարութենէ փրկէ:
Ան մաղթեց, որ իր ընդվզումը յայտարարել փափաքողը քաղաքացիական անվտանգութիւնը չհարուածէ:
Սալամ յայտնեց, որ ինք յանձնառու է երկրին ապահովութեան` աւելցնելով, որ նման ոեւէ անհատ կառավարութեան կազմութիւնը չի խոչընդոտեր:
Հասսան Տիապ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որ կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարելու: Ան նշեց, որ միջազգային ընտանիքին կամքը դրական պիտի ըլլայ եւ աւելի լաւ ապագայ մը ունեցող Լիբանանի կառավարութիւն մը կազմուի:
Ֆըրզլի պահանջեց կազմել բարեկարգումի կառավարութիւն:
Հասսան Տիապ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ վարչապետէն պահանջած են կազմել Լիբանանի փրկութեան շտապ կառավարութիւն մը:
Անկախ պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Տիապի հետ: Պլոքին անունով երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ ժողովուրդին վստահութեան արժանանալու համար պէտք է նուաճումներ իրագործել: «Պահանջեցինք կազմել սեղմ կառավարութիւն մը, որ բաղկանայ մասնագէտներէ եւ մշակէ բարեկարգումներ բովանդակող աշխատանքային ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ աշխատանքային ծրագիր մը, որ ըլլայ համախոհութեան մեկնակէտը:
Մուսթաքպալ պլոքը իր կարգին հանդիպելէ ետք վարչապետ Հասսան Տիապի հետ ընդգծեց, որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ:
Նշենք, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը նոյն օրը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած էր, թէ պլոքը մաս պիտի չկազմէ յաջորդ կառավարութեան:
Հասսան Տիապ ընդունեց նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը, որուն նախագահը` երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ նախընտրելի է, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ներկայացնէ մեծ թիւով քաղաքական ուժեր, որպէսզի կարելի ըլլայ իրագործումներ ապահովել եւ ժամանակ շահիլ:
Երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ ինք պոյքոթի ենթարկած է վարչապետին հետ կատարուելիք խորհրդակցութիւնները` կոչ ուղղելով Հասսան Տիապին վերջ տալու իր պաշտօնին եւ հրաժարելու կառավարութիւն կազմելու ուղիէն:
Հասսան Տիապ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքը, որուն անունով կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ երկրին տագնապին միակ լուծումը կարելի է ապահովել կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններով:
Ղովմի կուսակցութեան պլոքը, խորհրդակցելէ ետք վարչապետ Տիապի հետ, յայտնեց, որ պէտք է կազմել տնտեսական տագնապի շտապ լուծման կառավարութիւն մը:
Խորհրդակցական հանդիպում պլոքը, այցելեց վարչապետ Տիապի եւ խորհրդակցելէ ետք անոր հետ յայտնեց, որ կը պահանջէ կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը իրենց հետ հարց չունի, այլ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան:
Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքը, հանդիպելէ ետք Հասսան Տիապի հետ, հաստատեց, որ պլոքը իր բոլոր կարողութիւնները վարչապետին տրամադրութեան տակ կը դնէ` յաջողցնելու համար կառավարութեան կազմութեան իր պարտականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդառաջել լիբանանցիներուն պահանջներուն:
Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Տիապի հետ:
Ան նշեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն կառավարութիւնը, որ ոչ ոքի հետ հակադրուած պէտք է ըլլայ:
Ան նշեց, որ իրենք կը մերժեն քաղաքական որեւէ կողմ հեռու պահել այդ պլոքէն:
Պասիլ նշեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան իրենց մասնակցութիւնը անկարեւոր է` աւելցնելով, որ կարեւորը այս կառավարութեան յաջողութիւնն է:
Երեսփոխան Միշել Մուաուատ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ: Ան հաստատեց, որ Հասսան Տիապ պէտք է կազմէ փրկութեան կառավարութիւն մը` հանրապետութեան նախագահին հետ խորհրդակցաբար:
Մուաուատ անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը Լիբանանը հաշտեցնէ արաբական եւ միջազգային ընտանիքներուն հետ:
Ազգային համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ, հանդիպելէ ետք Հասսան Տիապի հետ յայտնեց, որ համաձայնած են դիւրացնել կառավարութեան աշխատանքը: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է գործակցին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու համար:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Տիապի հետ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենց համար կարեւորը այն է, որ կառավարութիւնը կազմուի անկախ մասնագէտներու կողմէ:
Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի, խորհրդակցելէ ետք վարչապետ Տիապի հետ, շեշտեց, որ լիբանանցիներուն կարելի չէ ծառայել առանց կառավարութեան կազմութեան: Ան շեշտեց, որ ինք վարչապետի թեկնածու չէ առաջադրած, որովհետեւ փրկութեան ծրագիր մը չէ ներկայացուած:
Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ նշեց, որ ինք յաջողութիւն մաղթած է նոր նշանակուած վարչապետին, ինչպէս նաեւ փափաք յայտնած, որ կառավարութեան կազմութեան առումով կարելի ըլլայ արագ լուծումներու յանգիլ:
Վարչապետ Տիապի հետ խորհրդակցելէ ետք, երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու մտադրութիւնը լիբանանցի ժողովուրդին եւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւն կը ներշնչէ:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ խորհրդակցեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ: Հանդիպումէն ետք Սէյիտ նշեց, որ ինք պահանջած է, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը անկախօրէն եւ ատակութեամբ գործէ` փրկելու համար երկիրն ու քաղաքացիները:
Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ Տիապի հետ խորհրդակցելէ ետք կոչ ուղղեց կազմելու փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը, որ կը ստանայ ժողովրդային շարժումին հաւանութիւնը, կը լուծէ երկրին ելեւմտական փլուզման հարցը, կը վերացնէ փտածութեան երեւոյթը, կ՛ապահովէ դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ երեսփոխանական ընտրութիւններու թափանցիկութիւնն ու պարկեշտութիւնը:
Պէյրութի Փողոցներուն Մէջ Քաղաքացիական Խուլիկանութիւնները Կը Շարունակուին
Հասսան Տիապի վարչապետ նշանակումը մերժող ցուցարարները անցեալ շաբաթավերջին շարունակեցին իրենց խուլիկանութիւնները եւ Պէյրութի Մարզական աւան, Քասքաս, Քորնիշ Մազրաա, Քոլա շրջանները, ինչպէս նաեւ Նահատակաց եւ Ռիատ Սոլհ հրապարակները վերածեցին կռիւի դաշտի:
Ցոյցերը կորսնցուցին իրենց խաղաղ բնոյթն ու վերածուեցան լիբանանեան բանակը քարկոծելու եւ զայն պայթուցիկներու ու քոքթէյլ մոլոթովներու թիրախ դարձնելու արարքներու:
Անոնք շարունակ փակեցին ու վերաբացին այս շրջաններուն փողոցները, որոնց կողքին փակուեցան նաեւ Նաամէի, Խալտէի, Ժիէի, Փալմայի, Աքքարի, Տահր Պայտարի, Զահլէի, Մարժի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Միւս կողմէ, երէկ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ բախումներ արձանագրուեցան նաեւ ցուցարարներուն միջեւ, երբ անոնցմէ ոմանք Սաատ Հարիրիի զօրակցութեան կոչեր կ՛արձակէին, մինչ նոյն վայրին մէջ կը գտնուէին ժողովրդային շարժումի այլ ցուցարարներ, որոնք կը մերժէին Հարիրիի իշխանութիւն վերադարձը:
Երեկոյեան ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր Նըժմէի հրապարակը ողողուեցաւ ցուցարարներով:
Պէտք է աւելցնել, որ լիբանանեան բանակը յայտնեց, թէ Մատֆունի անցարգելին վրայ կասեցուցած են Թրիփոլիէն Պէյրութ եկող ցուցարարներուն փոխադրակառքերը, որոնց մէջէն գրաւած են բիրեր եւ կազերու դէմ դիմակներ: