Լիբանանցիներու համար աւանդութիւն դարձած է օրացոյցային տարուան իւրաքանչիւր այսօրը նշելու հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան զօրքերու հեռացման յաղթանակը: Երկարատեւ եւ արիւնալի պայքարէ ետք, իր մասին առասպելներ հիւսած իսրայէլեան բանակը խոնարհեցաւ Դիմադրութեան անտեղիտալի հարուածներուն առջեւ եւ հեռացաւ հարաւէն:
Դիմադրութեան յաղթանակը ցնծութիւն է համայն լիբանանցիներուն համար: Ներխուժող զօրքերու հզօրութիւնը որքան ալ դաժան ու մեծաթիւ ըլլայ, սեփական հողին վրայ պայքարող ժողովուրդին է յաղթանակը: Հարցուցէք, ռուսերուն, վիէթնամցիներուն, օսմանեան բռնատիրութեան դէմ պայքարող պալքան ու արեւելքցի ժողովուրդներուն: Շատեր կը մոռնան այս իրողութիւնը: Դիմադրութիւնը այն հաւաքականութիւն է, որ օրհասական պահուն, կեանքի գնով եւ առանց սակարկութեան, բանակին կողքին զէնք կը բարձրացնէ բռնազաւթիչին դէմ:
Պատմութիւնը լեցուն է դիմադրութեան պանծալի էջերով: Ո՞վ կրնայ մոռնալ Ֆաշիզմի դէմ ֆրանսացի, սպանացի, չեխ, յոյն, պուլկար, ռուս եւ այլ ժողովուրդներու կերտած անմոռանալի էջերը, հայրենիքի ազատութեան համար իրենց ամենաթանկագինը նուիրաբերած բիւրաւոր անանուն հերոսներու սխրագործութիւնները: Ո՞վ կրնայ ուրանալ օսմանեան եւ իսրայէլեան բռնատիրութիւններուն դէմ արաբ եւ ի մասնաւորի լիբանանցի ժողովուրդին կերտած հերոսական դրուագները: Պատմութիւնը ուրացող ժողովուրդը չի կրնար կերտել ապագայ: Քաղաքակիրթ ժողովուրդներ այսօր պարծանքով կը խոնարհին դիմադրական շարժումներու ծանօթ ու անծանօթ հերոսներու յիշատակին առջեւ: Ժողովուրդի սրտէն բխող ինքնամատոյց դիմադրութիւնը նման է այն հռոմէացի հողագործին, որ անհրաժեշտութեան պարագային, ազգային ու հայրենական պարտականութիւնը կատարելէ ետք, կը վերադառնայ իր սեփական աշխատանքին:
Լիբանանի պատմութիւնը հարուստ է իր զաւակներուն հերոսական սխրագործութիւններով: Սակայն դժբախտաբար ժամանակակից պատմութեան մէջ, դիմադրութիւն եզրը դուրս եկած է իր խորհուրդէն, դառնալու՝ միջինարեւելեան քաղաքականութեան նժարին մէջ հաւասարակշռութեան գործօն: Անցեալին ոմանք պաղեստինեան զէնքը փորձեցին նոյնացնել դիմադրութեան հասկացողութեան հետ: Պաղեստինեան զէնքին անձեռնմխելիութիւնը ստեղծեց պետութեան մէջ պետութիւն եւ աւերիչ հետեւանքներ ունեցաւ համայն Լիբանանի վրայ: Սխալ չհասկցուինք, կը մնանք ու պիտի մնանք պաղեստինցի ժողովուրդին արդար դատին եւ իրաւունքներուն պաշտպան, սակայն ոչ՝ Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ անոր հողային ամբողջականութեան հաշւոյն:
Կ’ընդունինք, որ Գեմփ Տէյվիտի համաձայնագիրէն ետք նոր հաւասարակշռութիւն մը ստեղծուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ: Ութսունականներէն սկսեալ, լիբանանեան դիմադրութիւնը աստիճանաբար անցաւ համայնքի մը ազդեցութեան տակ, որ աւելի կազմակերպուած եւ լիարժէք հարուածներ սկսաւ հասցնել իսրայէլեան բռնագրաւիչ զօրքերուն: Այդ միջոցին ցաւալի կորուստներ կրեց Իսրայէլ: Դիւրին չկերտուեցան Դիմադրութեան կերտած յաղթանակները: Անոնք յաւերժացան մեծաթիւ լիբանանցի հերոսներու արեամբ:
Շրջանային քաղաքականութեան մէջ շատեր հաշտ աչքով չդիտեցին Դիմադրութեան նուաճումը: Անվստահութեան այս մթնոլորտը պատճառ դարձաւ, որ Դիմադրութիւնը իր յաղթանակը գործնապէս չնուիրէ Լիբանանի պետականութեան: Ան չհետեւեցաւ հռոմէացի քաղաքացիի օրինակին: Դիմադրութիւնը ոմանց կարծիքով դարձած է երկրին ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վրայ իր արեւելումը պարտադրող գործօն: Դիմադրութիւնը պարտի դասեր քաղել այլոց փորձութենէն: Արեւմտեան պետութիւններ, իրենց շրջանային լծակներուն ոժանադակութեամբ, ներլիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ կը փորձեն մխրճել Դիմադրութեան զէնքը, որպէսզի նսեմացնեն անոր իրագործումները: Դիմադրութիւնը պէտք է ըլլայ զգօն եւ հեռու մնայ նման սադրանքներէ: Անկեղծ մօտեցումով եւ արժանահաւատ երաշխիքներով միայն կարելի պիտի ըլլայ լուծել Դիմադրութեան զէնքին թղթածրարը: Միայն փոխադարձ վստահութիւնը կրնայ Լիբանանը դուրս բերել հիւանդագին այս կացութենէն եթէ ցանկութիւնները անկեղծ են իսկապէս: Ինչ խօսք, որ Դիմադրութիւնը պատուով կատարեց հայրենիքը իսրայէլեան զօրքերէն ազատագրելու իր առաքելութիւնը: Այսօր նոր էջ մը բացուած է Լիբանանի առջեւ: Երկիրը թեւակոխած է քաղաքակիրթ, ժամանակակից պետականութիւն կերտելու հանգրուանը: Ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը՝ պիտի խոնարհինք Դիմադրութեան առջեւ, երբ հայրենիքի հողին եւ Լիբանանեան հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան համար, քաջարի բանակին կողքին ստանձնէ որոշակի դերակատարութիւն: Բայց կը մերժենք նոյն Դիմադրութիւնը, երբ իսրայէլեան բանակին դէմ ցցած զէնքը ուղղէ իր հարազատ ժողովուրդին դէմ: Այստեղ Դիմադրութիւնը կը կորսնցնէ իր վարկն եւ հեղինակութիւնը ու կը վերածուի թաղային հեղինակութեան…:
Լիբանանցիները այսօր կը տօնեն հերոսներու արեամբ շաղախուած հողին ազատագրութեան տօնը: Սիոնական բանակը երեւութապէս հեռացած է մեր երկրէն,սակայն սիոնի սպասառկուները ներկայ են Լիբանանի քաղաքական առօրեային մէջ, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական հոսանքներուն եւ համայնքներուն մեծամասնութիւնը կը շարունակէ ծառայել օտարին: Այս կը նշանակէ, թէ ազատագրութեան եւ անկախութեան ընկալումը տակաւին չէ հասունցած լիբանանցիներուն մօտ: Այս կը նշանակէ, թէ միշտ վտանգուած է հայրենիքը: Այս կը նշանակէ, թէ Դիմադրութիւնը տակաւին առաքելութիւն ունի կատարելիք: Հայրենիքը կ’ազատագրուի այն պահուն, երբ անոր զաւակները միահամուռ պատրաստ կ’ըլլան սրբազան հողը պաշտպանելու օտարի լուծէն, հաւատալով անոր ամբողջականութեան եւ անփոխարինելիութեան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ